ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Սարըյէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչի տանտիրութեամբ երէկ երեկոյեան Թարապիոյ մէջ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը՝ մօտալուտ Ամանորին առթիւ։ «Կրանտ Թարապիա» պանդոկի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս աւանդական հաւաքոյթը, որ իրականացաւ եօթներորդ անգամ։ Սարըյէրէն եւ ամբողջ Իսթանպուլէն բարձրաստիճան դիւանակալներ, հոգեւոր առաջնորդներ, դիւանագէտներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, մամլոյ սպասաւորներ եւ այլ հիւրեր համախմբուեցան այս առթիւ։ Շիւքրիւ Կենչ ջերմ ելոյթով մը ողջունեց երեկոյթի բոլոր մասնակիցները, որոնց հետ բաժնեց իր խաղաղութեան պատգամը եւ մօտալուտ Ամանորի առթիւ յղեց բարեմաղթանքներ։
Այս ձեռնարկի հրաւիրեալներու շարքին էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երեկոյթին մասնակցեցաւ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որուն կ՚ընկերանար Հայր Աբրահամ Վրդ. Ֆըրատեան։ Թէ՛ Ընդհանուր Փոխանորդը եւ թէ Գերապայծառը այս առթիւ հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան եւ իր կողակիցը եւս մասնակցեցան երեկոյթին, որու հրաւիրեալներու շարքին էին համայնքային զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Սարըյէրի քաղաքապետութեան խորհրդականներէն Թալին Կազէր այս ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ ստանձնած էր պատասխանատուութիւն։