ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ
Այս Կիրակի, համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Պաքըրգիւղի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ յարակից Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Տատեան վարժարանը այս տարի արդէն կը գործէ նորակառոյց համալիրին մէջ, որու պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ մօտաւոր անցեալին, պաքըրգիւղցիները թափով կը պատրաստուին սիրոյ սեղանին՝ տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու առաջադրութեամբ։ Մատաղօրհնութեան ընդառաջ խմբագրատունս այցելեցին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ անդամներէն Դանիէլ Խաչիկօղլու։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին թաղի ու մանաւանդ վարժարանի այժմու կացութեան շուրջ։ Այս ծիրին մէջ մասնաւորապէս շեշտեցին, թէ դպրոցէն ներս հաստատուած է երեք տարեկանէ սկսեալ յարաբերաբար աւելի փոքրիկներու յատուկ մանկապարտէզ մը։ Թաղականները մատնանշեցին, թէ վարժարանի մարզադահլիճի օգտագործման համար արդէն կը համագործակցին Շիշլի մարզակումբին հետ։ Շուտով կատարելագործուած սարքաւորումներով պիտի բացուի նաեւ խորհրդաժողովներու դահլիճը, որ եւս համայնքի տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ։