ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըն­դու­նեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Շան­լըն եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Մեր այս պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան ըն­դա­ռաջ թա­ղա­կան­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Գում­գա­բու՝ ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան։ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Յա­րու­թիւն Շան­լը եւ իր ըն­կեր­նե­րը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին Կէ­տիկ­փա­շա­յի ըն­տա­նի­քին կող­մէ ծա­ւա­լուած բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ, ծան­րա­նա­լով մա­նա­ւանդ կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն վրայ։

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րուե­լիք ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան ըն­դա­ռաջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը գնա­հա­տեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի թա­ղա­կան­նե­րուն կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը՝ փո­խան­ցե­լով ա­նոնց իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քը։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015