«ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ»ՈՒՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց «Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ» խորհուրդի անդամները։ Հարկ է նշել, որ այս խորհուրդը Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան ուսանողական կազմակերպութիւնն է։ «Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ»ը Երեւան այցելեցին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան հրաւէրով։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի առընթեր հիւր երիտասարդները ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Բաց աստի, եւրոպացի երիտասարդները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր տեսակցեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Հարկ է նշել, որ «Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ»ը Երեւանի մէջ կը մասնակցին «Կառավարման նոր մոտելներու ներդրումը ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն մէջ» խորագրեալ հաւաքին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեանի մօտ հանդիպումը անցաւ անմիջական մթնոլորտով։ Ան ողջունեց Եւրոպայի ամենամեծ երիտասարդական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ։ «Շփուելով հայ երիտասարդներուն հետ՝ դուք կը համոզուիք, որ ձեր կազմակերպութեան ազատական հայեացքները, ժողովրդավարական արժէքներու տարածման առաքելութիւնը խորթ չեն հայերուն։ Ի վերջոյ, կը տեսնէք նաեւ, որ հայ հասարակութեան մեծամասնութիւնը ձեզի հետ կը բաժնէ նոյն արժէքները», ըսաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։