ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ՝ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ Հա­յաս­տան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ճամ­բոր­դեց Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով եւ Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ դի­մա­ւո­րուե­լէ վերջ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Մայ­րա­վանք, ուր կ՚ի­ջե­ւա­նի իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն։

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դե­ցին Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի այ­ցե­լու­թեան մա­սին։ Այս­պէս, իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ե­րե­ւա­նի մէջ կը տե­սակ­ցի Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ։ Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ նշուած է, թէ օ­րա­կար­գի վրայ կու գան Թուր­քիոյ մէջ ու­սում ստա­ցող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ Հինգ­շաբ­թի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015