«ԶԱՊԷԼ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
«Պողազիչի» համալսարանի Իգական հետազօտութիւններու ակումբին նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան կազմակերպուեցաւ թատերական խանդավառ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համալսարանի «Կարանթի» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ ներկայացուեցաւ «Զապէլ» անուն խաղը, որ կը ցոլացնէր հայ գրականութեան երախտաշատ անուններէն Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Խաղի դերակատարներն էին՝ Պիւշրա Քարփուզ, Տույկու Տալեանօղլու, Էլիֆ Քարաման, Մարալ Չանքայա, Միրայ Պալ եւ Նիհալ Ալպայրաք։ Բեմագիրն էր Տույկու Տալեանօղլու, իսկ բեմադրութիւնը կատարուած էր խմբային աշխատանքով։ Ներկայացման ընթացքին միեւնոյն ժամանակ գործադրուեցաւ կենդանի երաժշտական յայտագիր մը։ Այս շրջագծով նուագներ իրականացուցին Պերիլ Սարըալթուն, Կիւլշահ Կիւլէպաքան եւ Իլքսէն Կիւրսոյ։
Այս խաղը կը պատմէ Զապէլ Եսայեանի կեանքի մանկութեան ու երիտասարդութեան շրջանները՝ մինչեւ 1915 թուականի իր հրաժեշտը Իսթանպուլէն։ Նոյնաժամանակ բեմին վրայ տողանցեցին այն կերպարները, որոնք այդ նոյն ժամանակաշրջանին ուղեցոյց եղած էին Զապէլ Եսայեանի, ազդեցութիւն գործած՝ անոր վրայ։
Ձեռնարկը արժանացաւ թատերասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Արդարեւ, ներկայացումը տեղի ունեցաւ ամբողջութեամբ լեցուն սրահի մը մէջ։