ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ մէկտեղուեցաւ Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ պաշտօնավարող երկրի դեսպաններուն կամ մշտական ներկայացուցիչներուն հետ։ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան առընթեր գործող «Հայաստան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս դիւանագիտական հաւաքը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցան եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներու հետ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման ուղղեալ ջանքերը։ Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացման, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդլայնման, տեղեկատուական դաշտէն ներս եւ դեսպանընկալ երկիրներու հասարակական կառոյցներուն հետ աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։ Խորհրդակցութեան մասնակցիները հանգամանօրէն քննարկեցին նաեւ արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան ուղղութեամբ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատանքները, գործընկեր երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուած քայլերը։
Նալպանտեան եւ դեսպանները անդրադարձան նաեւ շարք մը հրատապ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ Երեւանի մօտեցումներուն։