Գո­հար Գաս­պա­րեան. Հայ Եր­գի Ու Ե­րաժշ­տու­թեան Ան­մո­ռա­նա­լի «Սո­խա­կ»ը

Դեկ­տեմ­բեր 14-ին, սի­րոյ ու մե­ծա­րան­քի, հպար­տու­թեան եւ յու­զու­մի վա­րա­կիչ զե­ղու­մով ու հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ, ի Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի, հա­յու­թիւ­նը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը հա­յոց անն­ման ձայ­նա­ւո­րին, հայ եր­գի ու դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հմա­յիչ «Սո­խակ»ին՝ Գո­հար Գաս­պա­րեա­նի (Խա­չա­տու­րեան, 1924-2007)։

Իր կեն­դա­նու­թեան ար­դէն ա­ռաս­պե­լի վե­րա­ծուած էր ձայ­նա­յին ու կա­տա­րո­ղա­կան մեծ ա­րո­ւես­տի տէր աշ­խար­հահռ­չակ երգ­չու­հին, որ ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ զարդն ու իս­կա­կան գո­հա­րը դար­ձաւ հայ­րե­նա­կան թէ սփիւռ­քեան, խորհր­դա­յին թէ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր բե­մե­րուն։

Գո­հար Գաս­պա­րեա­նի շնչա­ւո­րած ու կեր­պա­ւո­րած անկրկ­նե­լի Ա­նոյշն ու Շու­շա­նը (Ա. Տիգ­րա­նեա­նի «Ա­նոյշ»ին եւ «­Դա­ւիթ Բէկ»ին մէջ), Կա­րի­նէն եւ Օ­լիմ­պիան (Տիգրան Չու­խա­ճեա­նի «­Լեպ­լե­պի­ճի»ին ու «Ար­շակ Ա.»ի մէջ), Ռո­սի­նիի «Ռո­զի­նա»ն­ եւ Տե­լի­պի «­Լակ­մէ»ն, Մար­գա­րիտն ու Լու­չիան (Կու­նո­յի «Ֆաուստ»ին եւ Տո­նի­ձեթ­թիի «­Լու­չիա տի Լա­մեր­մուբ»ի), ինչ­պէս նաեւ ա­ւե­լի քան 23 օ­փե­րա­յին իր դե­րերգ­նե­րուն միւս հե­րոս­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի կը մնան Գո­հար Գաս­պա­րեա­նի երկրպա­գու­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Գո­հար Խա­չա­տու­րեան-­Գաս­պա­րեան ծնած էր 14 Դեկ­տեմ­բեր 1924-ին, Գա­հի­րէ (Ե­գիպ­տոս), ուր եւ ստա­ցած էր ե­րաժշ­տա­կան իր ու­սու­մը՝ Է. Ֆելտ­մա­նի եւ Վ. Կար­րո­յի տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծա­նուն ե­րա­ժիշտ­նե­րու շուն­չին տակ։ Ար­դէն ե­րաժշ­տա­կան-բե­մա­կան իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տած երգ­չու­հի էր, երբ 1948-ին ներ­գաղ­թեց Հա­յաս­տան, ուր ան­մի­ջա­պէս ար­ժա­նա­ցաւ գուր­գու­րան­քի եւ գնա­հա­տան­քի։ 1949-էն սկսեալ ե­ղաւ Ալեքսանդր Ս­­պեն­դիա­րեա­նի ա­նո­ւան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի թատ­րո­նի մե­ներգ­չու­հի։ 1964-ին նաեւ դա­սա­խօս նշա­նա­կ-ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան ե­րաժշ­տա­նո­ցին, իսկ 1973-ին ար­ժա­նա­ցաւ փրո­ֆէսէօ­րի տիտ­ղո­սին։

Մաս­նա­գէտ­նե­րու միա­հա­մուռ ար­ժե­ւո­րու­մով՝ Գո­հար Գաս­պա­րեան օժ­տը-ւած էր «ձայ­նա­յին լայն տիա­պա­զոն»ով («փոքր օք­տա­ւի սոլ հնչիւ­նէն մին­չեւ եր­րորդ օք­տա­ւի լա-ն») եւ «ան­բա­սիր թե­քնի­կով»։ Քն­նա­դատ­նե­րը նոյն­պէս հա­մա­կար­ծիք են, որ Գո­հար Գաս­պա­րեա­նի ձայ­նը կը յատ­կան­շո­ւէր մեծ ճկու­նու­թեամբ, ե­րանգ­նե­րու ճո­խու­թեամբ եւ ան­ցում­նե­րու թե­թե­ւու­թեամբ, իսկ հան­ճա­րեղ երգ­չու­հիին կա­տա­րում­նե­րը կ­­՚ա­ռանձ­նա­նա­յին տուեալ դե­րերգ­նե­րու խոր­քա­յին եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ըն­կա­լու­մով ու դրսե­ւո­րու­մով։

Ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նա­մեակ Գո­հար Գաս­պա­րեան տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն մնաց հայ եր­գի եւ դա­սա­կան ե­րաժշտու­թեան բե­մա­հար­թակ­նե­րուն վրայ։ Ա­նոր եր­գա­ցան­կը մե­ծա­պէս ընդգր­կուն ե­ղաւ եւ ան­մո­ռա­նա­լի մեկ­նա­բա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցուց Պա­խի ու Հեն­տէլի, Մո­ցար­թի եւ Ռախ­մա­նի­նո­վի, Շթ­­րաու­սի եւ Չայ­քովս­կիի տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծա­գոյն վար­պետ­նե­րու գոր­ծե­րը։ Հան­դէս ե­կաւ թե­մա­թիք հա­մերգ­նե­րով՝ ի­տա­լա­ցի վար­պետ­նե­րու գոր­ծե­րէն մին­չեւ հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւն, Կո­մի­տաս ու Շէյքս­փի­րեան նիւ­թե­րով կազ­մո­ւած հա­մեր­գա­յին ծրա­գիր։

Իր բարձ­րո­րակ տա­ղան­դով ու հա­մեր­գա­յին ընդգր­կուն ծրա­գիր­նե­րով՝ «­Հա­յոց Սո­խակ»ի տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տի­րա­ցած երգ­չու­հին աշ­խար­հով մէկ շրջե­ցաւ եւ իր ե­զա­կի ձայ­նով ու ա­րուես­տով գրա­ւեց մե­ծա­գոյն բե­մեր՝ եւ­րո­պա­կան ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, ՄիացեալՆա­հանգ­ներ եւ Ճաբոն, մերձաւորա­րե­ւե­լեան հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րէն մին­չեւ խորհր­դա­յին հա­մա­միու­թե­նա­կան կեդ­րոն­ներ։

Գո­հար Գաս­պա­րեան ար­ժա­նա­ցաւ պե­տա­կան թէ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րա­գոյն տիտ­ղոս­նե­րու եւ շքան­շան­նե­րու։ Խորհրդային Միու­թեան «Ժո­ղովրդա­կան ար­տիստ»ի եւ «Աշ­խա­տան­քի հե­րոս»ի կո­չու­մին տի­րա­ցաւ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան «­Մես­րոպ Մաշ­տոց»ի բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցաւ։ Բայց ա­մէն բա­նէ վեր հայ ժո­ղո­վուր­դի սրտին մէջ գրա­ւեց «­Հա­յոց Սո­խակ»ի բարձ­րա­գոյն պա­տուան­դա­նը։

Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, Գո­հար Գաս­պա­րեան տա­րի­նե­րով պայ­քա­րե­ցաւ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան դէմ, ու­ղե­ղի կա­թո­ւած ու­նե­ցաւ եւ 16 Մա­յիս 2007-ին առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն՝ հա­յոց մե­ծա­մեծ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ իր ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւած ու սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ նո­ւա­ճած հայ եր­գի ու դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան անն­ման վար­պե­տի յա­ւեր­ժու­թեան ի­րա­ւունքն ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ա՛յդ է վկա­յու­թիւ­նը Հա­յոց Աշ­խար­հի մե­ծե­րուն։

- Հայ քնա­րեր­գու­թեան վար­պե­տին՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի ար­ժե­ւո­րու­մով, «թռչուն­նե­րը Գո­հար Գաս­պա­րեա­նին սո­վո­րեց­րել են եր­գել, իսկ նա թռչուն­նե­րին՝ ծլո­ւը­լալ»։

- Մե­ծա­տա­ղանդ երգ­չու­հի Զա­րու­հի Դո­լու­խա­նեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «նման տի­տան­ներ, ինչ­պի­սին Գո­հար Գաս­պա­րեանն է, ծնւում են հա­րիւր տա­րին մէկ։ Հա­մաշ­խար­հա­յին դա­սա­կան­նե­րի ա­մե­նա­բարդ գոր­ծե­րը, ո­րոնք, թւում է, թէ անհ­նար է կա­տա­րել, գաս­պա­րեա­նա­կան մեկ­նա­բա­նու­թեամբ նոր կեանք են ստա­նում։ Գո­հա­րը վո­կա­լա­յին աստղ է»։

- Մե­ծա­նուն խմբա­վար Ա­լեք­սանդր Մե­լիք-­Փա­շա­յեա­նի հա­մա­ձայն՝ «­Գո­հար Գաս­պա­րեա­նի եր­գը ա­րո­ւես­տի ժպիտն է, զար­դա­րում է կեան­քը: Մեծ երգ­չու­հու ա­նու­նը բո­լոր հա­յե­րի մէջ մշտա­պէս ա­ռա­ջաց­նում է մեծ հպար­տու­թեան եւ հիաց­մուն­քի զգա­ցո­ղու­թիւն»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015