ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՀԱՆՈՑԸ

Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը համ­տե­սե­ցին Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու խո­հա­նո­ցին բնո­րոշ ա­ղան­դեր­ներ եւ ճա­շեր։ Այս ընթ­րի­քը կազ­մա­կերպուած էր Թուր­քիոյ խո­հա­նո­ցի բա­րե­կամ­նե­րու միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րուն հրամ­ցուե­ցան հայ­կա­կան, յու­նա­կան եւ հրէա­կան խո­հա­նո­ցէն նմոյշ­ներ։

Հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցին ճա­շա­տե­սակ­նե­րը պատ­րաս­տուած էին Այ­տա եւ Սե­լին Թո­քատ­լըօղ­լու­նե­րուն կող­մէ։ Ծա­նօթ է, որ ա­նոնք «Հա­մով» ճա­շա­րա­նի հիմ­նա­դիր­ներն են։ Յու­նա­կան խո­հա­նո­ցի նմոյշ­նե­րը պատ­րաս­տած էր Մե­րի Չե­ւիք Սի­միո­նի­տիս, իսկ հրէա­կա­նի­նը՝ Ճե­նի Ֆրան­քօ։ Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բի ճա­շա­րա­նի խո­հա­րա­րա­պետ Ֆէյ­յազ Տո­ղա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ պատ­րաս­տուած էին ճա­շե­րը, ո­րոնք նոյն­պէս փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ե­րաժշ­տու­թեան ու­ղեկ­ցու­թեամբ մա­տու­ցուե­ցան հիւ­րե­րուն։ Հայ­կա­կան, յու­նա­կան եւ հրէա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րուն հա­մը ամ­բող­ջա­ցաւ նոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ե­րաժշ­տու­թեան հետ։ Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­նե­րը ներ­կա­յա­ցուե­ցան «Ո­մանք» խում­բին կող­մէ։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բի նա­խա­գահ Թէո­ման Թաշ­փը­նար եւ Թուր­քիոյ խո­հա­նո­ցի բա­րե­կամ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Զէյ­նէփ Քա­քընչ։ Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ նա­խա­ձեռ­նարկ միու­թեան վար­չա­յին­նե­րէն Օս­ման Սե­րի­մի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն Թա­գու­հի Թով­մա­սեան եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան։ Իւ­րա­քան­չիւր փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան խո­հա­նո­ցի նմոյշ­նե­րը պատ­րաս­տած խո­հա­րար­նե­րուն հա­մար յանձ­նուե­ցան շնոր­հա­կա­լագ­րեր։ Մինչ այդ ա­նոնք ալ ար­տա­սա­նե­ցին ի­րենց սրտի խօս­քը։

Ընթ­րի­քը շա­րու­նա­կուե­ցաւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ եւ ներ­կա­նե­րը հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ խո­հա­րար­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015