ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ
Երիտասարդ ղեկավարներու եւ գործարարներու միութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Չըրաղանի «Ֆոր սիզընս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը։ Ընտանեկան ստացուածքի կառավարման վերաբերեալ այս խորհրդաժողովը զուգադիպեցաւ կազմակերպիչ միութեան հիմնադրութեան 30-ամեայ յոբելեանի նախօրեակին։ Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան նախագահ Սերքան Սեւիմ։
Այս խորհրդաժողովին շրջագծով ելոյթ ունենալու հրաւիրուած էր յայտնի հնագէտ Րաֆֆի Փորթագալ։ Ան արտայայտուեցաւ «Այլընտրանքային ներդրում. գեղարուեստ» խորագրեալ նիստին ընթացքին, զոր վարեց յայտնի գործարար Լէյլա Ալաթոն։ Րաֆֆի Փորթագալի առընթեր նիստի միւս ատենախօսներն էին Սարուհան Տողան եւ Ճան Էլկիզ։
Հաւաքոյթի ընթացքին Րաֆֆի Փորթագալ մատնանշեց, թէ գեղարուեստը տակաւին նոր սկսած է որպէս ներդրման միջոց ընկալուիլ Թուրքիոյ մէջ։ Ըստ իրեն, մարդիկ իրենց ապրելակերպով ու կենցաղով պէտք է ունենան տարբերութիւն մը ու ձեւաւորեն իրենց ինքնուրոյն ճաշակը։ Երեք սերունդէ ի վեր աճուրդներ կազմակերպող ընտանիքի մը շառաւիղը ըլլալու փորձառութեամբ՝ Րաֆֆի Փորթագալ շեշտեց, թէ մարդիկ իրենց բնակարանները պէտք է վերածեն որակեալ կեանքի մը միջավայրի։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024