ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ՔԷՐՄԷՍԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ապ­րե­ցաւ քէր­մէ­սի հրճուանք։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս Ա­մա­նո­րին ըն­դա­ռաջ թա­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հի եր­դի­քին տակ յար­դա­րուած տա­ղա­ւար­նե­րը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան թէ՛ յա­րա­կից Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թեան եւ թէ տօ­նա­կան շրջա­նի ա­ւան­դու­թեան մը տե­ւա­կա­նաց­ման։ Մեր գրե­թէ բո­լոր թա­ղե­րուն մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան ա­մա­նո­րեան քէր­մէս­նե­րը, ո­րոնց մաս­նա­կից­նե­րը կը հա­մա­կուին տա­րե­մու­տի լա­ւա­տե­սու­թեամբ ու կը փո­խա­նա­կեն բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։ Այս ե­րե­ւոյ­թը ե­րէկ իր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը գտաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ, ուր քէր­մէ­սը բա­ցուե­ցաւ Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեա­նի բաց­ման ա­ղօթ­քով եւ օրհ­նու­թեամբ։ Ներ­կայ էր նաեւ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։ Քէր­մէ­սը կազ­մա­կեր­պուած էր Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թեան, թա­ղի քէր­մէ­սի յանձ­նա­խում­բին եւ սա­նուց միու­թեան ձե­ռա­գոր­ծի դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րու հա­մա­տեղ ջան­քե­րով։ Վե­րո­յի­շեալ ե­րեք օ­ղակ­նե­րուն գլխա­ւոր դէմ­քե­րը՝ Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան, Թա­նիա Պալ­ճը եւ Նա­տիա Տէր-Ղա­զա­րեան քէր­մէ­սի բաց­ման հանգ­րուա­նին Տէր Հօր կող­քին էին։

«Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հի եր­դի­քին տակ քէր­մէ­սի այ­ցե­լու­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուե­ցան ձե­ռա­յին զա­նա­զան աշ­խա­տանք­ներ եւ ա­մա­նո­րեան ու Ս. Ծննդեան շրջա­նին բնո­րոշ զար­դեր, ո­րոնք զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ սպա­ռուե­ցան օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան։

Այս տա­րի եւս ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը այս­պէ­սով յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կած ե­ղան ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սի ծրա­գի­րը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015