ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը։ «Մա­քա­ռե­լով կեան­քի եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան հա­մար. ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան մար­տե­րը Մեծ ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն» խո­րագ­րեալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման զու­գա­հեռ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ հա­մա­նուն գիր­քը, որ եւս նոր հրա­տա­րա­կուած է նոյն նիւ­թե­րով։ Սոյն աշ­խա­տա­սի­րու­թեան հե­ղի­նակն է թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նը՝ Հայկ Դե­մո­յեան, որ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ թէ՛ ներ­կա­յա­ցուած նիւ­թե­րուն եւ թէ հրա­տա­րա­կուած գոր­ծին կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015