GALERİ BİRZAMANLAR-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՊԱՐԳԵՒԱԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ
Շաբաթավերջին Բանկալթիի մէջ, Galeri Birzamanlar-ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման եզակի հաւաքոյթ մը։ Արդարեւ, Օսման Քէօքէրի կողմէ ղեկավարուած Galeri Birzamanlar-ը վերջերս կազմակերպած էր միջհամալսարանական ուսանողական լուսանկարչական հետաքրքրական մրցոյթ մը։ Թուրքիոյ բազմաթիւ համալսարաններէն ներս ծանօթացուած ու լայն մասնակցութեան արժանացած այս մրցոյթը խորագրուած էր «Bin varmış bir yokmuş»։ Այս մրցոյթին մասնակիցները ընդհանրապէս նկարահանած էին այնպիսի դրուագներ, որոնք կը ցոլացնէին Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ կորստեալ մշակոյթներու հետքերը։ Սրբավայրերէ սկսեալ մինչեւ պատմական շէնքեր՝ երկրի մշակութային զանազանութեան հարուստ աւանդոյթներուն վկայութիւնները եղած ըլլային կարծես այդ դրուագները։
Շաբաթ երեկոյեան այդ լուսանկարներով պատրաստուած ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր եւ զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ մրցոյթին պարգեւաբաշխման հաւաքոյթը։ Կոկիկ թիւով գեղարուեստասէրներու ուշադրութեան արժանացաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին Օսման Քէօքէր հանդէս եկաւ ելոյթով մը եւ յանձնեց դափնեկիրներուն պարգեւները։ Առաջին հինգ շարքին վրայ տեղ գրաւած էին հետեւեալները. Էմրահ Ապի (Մարմարա համալսարան), Տողուքան Մըսըր (Իսթանպուլի Այտըն համալսարան), Տեւրիմ Չըրփան (Իսթանպուլի համալսարան), Օզան Եաման (Պողազիչի համալսարան) եւ Քիւպրա Սէօնմէզ (FED համալսարան)։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024