ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԼԵԶՈՒՆ - Բ -
Նախապէս խորհրդածեցինք Եկեղեցւոյ «պաշտօնական լեզու»ին մասին եւ ըսինք, որ Եկեղեցին, ինչպէս ամէն հաստատութիւն եւ կազմակերպութիւն, իր պաշտօնը կամ առաքելութիւնը կարենալ գործադրելու համար «լեզու»ի պէտք ունի եւ որպէսզի ամէն ինչ կարգին ընթանայ, հարկաւոր է որ «հասարակաց» կամ «պաշտօնական» լեզու մը գործածէ՝ ներդաշնակութիւնը ապահովելու որպէս միջոց։ Ըսինք նաեւ, որ ամէն հաստատութիւն, հարկադրաբար ունի «պաշտօնական լեզու» մը եւ կարելի չէ զիջիլ անկէ, տեղի տալ, քանի որ կարգաւորումը, կանոնաւորումը կրնայ վնասուիլ եւ քաոսային վիճակ մը ստեղծուիլ։ Մէկ խօսքով՝ լեզուի միութիւնը պայմա՛ն է ներդաշնակ եւ համակարգ արդիւնագործութեան մը համար։ Ուրեմն յիշենք մի քանի տողեր մեր նախորդ գրութենէն, ուր Ադամ Քահանայ Մակարեան կ՚ըսէր, երբ կը պարզէր իր տեսակէտը այս մասին։
«Զարմանալի է, որ կան նման իրողութիւններ, որոնց առընչութեամբ փոփոխման պահանջներ չեն լսուիր։ Զոր օրինակ՝ իտալական նուագախաղերը (=opéra) ամէնուր կը ներկայացուին իտալերէն լեզուով, եւ հանդիսատեսները զայն կ՚ունկնդրեն եւ կ՚ընդունին ա՛յդ լեզուով։ Եւ դարձեալ, ո՛չ ոք կը պահանջէ, որ հիւանդներուն տրուող դեղատոմսերուն մէջ բժիշկները դադրին բժշկութեան մէջ լատիներէն լեզուն գործածելէ եւ բոլոր դեղատոմսերը գրեն ժամանակակից լեզուով։ Բացի ասոնցմէ երիտասարդներ արտասահմանեան շա՜տ երգեր մտիկ կ՚ընեն, որոնց բառերը բոլորովին չեն հասկնար եւ անոնց դէմ չեն բողոքեր…»։
Կը տեսնուի, որ Եկեղեցւոյ լեզուն ալ փոխելու, ժամանակակից ընելու անհրաժեշտութիւն մը, հարկադրանք մը գոյութիւն չունի։ Եւ ընդհակառակը, փոփոխութիւն մը ընդհանուր կարգապահութեան վրայ աննպաստ ազդեցութիւն մը կրնայ գործել եւ վնասել միութիւնը։
Ուրեմն տեսնենք, թէ՝ ի՛նչ կ՚ըսէ Ադամ Քահանան։
«Մեր օրերուն շատ երիտասարդներու հարազատ են աշխարհիկ երաժշտութեան տարբեր տեսակներու հնչիւնները, եւ եթէ երթանք փոփոխութիւններու, ոմանք ալ պիտի ուզեն իրենց հասկնալի եւ հարազատ երաժշտութիւն Ս. Պատարագի, ժամերգութիւններու ժամանակ, եւ աւելի յառաջանալով՝ պիտի պահանջեն նաեւ Քրիստոսի զոհագործութեան խորհուրդը հանդիսացող Պատարագի թատերականացում՝ թատրոնի վերածել, առաւել տեսանելի դարձնելու՝ կատարուող զոհագործութիւնը։ Ոմանք ալ պիտի պահանջեն մանրանկարներու եւ սրբանկարներու փոփոխում՝ այսօրուայ նկարչութեան ոճին յատուկ արտայայտչամիջոցներով կատարուած նկարներով։ Սակայն բացի փոփոխութիւն պահանջող մարդոցմէ՝ կան նաեւ բազմաթիւ մարդիկ, որոնք դէմ են փոփոխութիւններու, եւ եկեղեցիին մէջ այդպիսի այլազանութեան ու շրջումի, եւ եկեղեցին մի քանի մասերու պիտի չբաժ-նըւի ու չբաժանուի՝ մարդոց զանազան ցանկութիւններուն ընդառաջ երթալով։
«Նաեւ Եկեղեցին բազմադարեան հաստատութիւն է, որ իր կայունութիւնը կը պահպանէ իր առողջ պահպանողականութեամբ, քանզի ամէն ժամանակ իր պահանջները ունի, եւ ամէն ժամանակաշրջանի մէջ մարդոց ցանկութիւններուն համեմատ փոխուելով՝ Եկեղեցին -Եկեղեցի- չէ՛ր մնար։ Կաթոլիկ Եկեղեցին փորձ կատարեց ծիսական լեզուի փոփոխման, որոշ տեղերու մէջ անգամ արարողութիւններու երաժշտութիւններու արդիականացման, որը բոլորովին չբերաւ մարդոց եւ յատկապէ՛ս երիտասարդներու դէպի եկեղեցի հոսքը, ինչ որ կը սպասուէր այդ փոփոխութիւններէն։
«Մարդը, այնուամենայնիւ, հոգիի խորքին մէջ կը ցանկայ Եկեղեցին տեսնել աւելի՛ վեր՝ այս աշխարհի սովորական ընթացքէն եւ սովորութիւններէն։ Եւ, ինչպէս նշեցինք, լեզուն հասկնալու համար պարզապէս պէտք է ցանկութիւն եւ նախանձախնդրութիւն, երաժշտութիւնը հասկնալու եւ հոգեհարազատ զգալու համար՝ ապաշխարող խոնարհ հոգի, քանզի խորը զղջում եւ ապաշխարութիւն չապրած մարդը երբեք չի կրնար հասկնալ հոգեւոր երաժշտութիւնը։ Իսկ սա կը նշանակէ, որ ո՛չ թէ Եկեղեցին պէտք է փոխուի ըստ մարդու, այլ մա՛րդը պէտք է փոխուի ըստ Եկեղեցիին։
«ԿՐԿԻՆ ԾԻՍԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒ-ԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Ներսէս Մեծ Կաթողիկոսի աշակերտը եղած է, եղած է նաեւ Հայոց թագաւորի արքունիքի դպիր, այնուհետեւ դարձեալ զինուորական, բայց անսալով իր հոգիին ձգտումին, անցած է մեր Սուրբ Եկեղեցիի անդաստանին մէջ ծառայութեան՝ ճգնաւորական կեանք վարելով։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց իր հոգեւոր սպասաւորութեան տարիներուն մեծ դժուարութեան հանդիպած է Սուրբ Գիրքի քարոզչութեան գործին մէջ, քանի որ եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուէին յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով, եւ Աստուածաշունչի օրինակներն ալ այդ լեզուներով էին։ Քարոզիչները այս լեզուներով կը կարդային Աստուածաշունչը, այնուհետ բանաւոր կերպով հայերէն կը թարգմանէին ունկնդիրներու համար, ինչ որ քիչ արդիւնաբեր էր ժողովուրդին հոգեւոր կարիքներու բաւարարման գործին։
«Ոմանք կ՚ըսեն, թէ այսօր ալ նոյն իրողութիւնն է, քանի որ եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուին մարդոց անհասկնալի գրաբարով։
«Սակայն այս պարագային՝ տեղին չէ՛ հանգամանքներու նոյնութիւնը տեսնել, որովհետեւ Մեսրոպ Մաշտոց նախ Սուրբ Գիրքի քարոզչութեան համար մտահոգուած՝ գիրերու գիւտը կատարեց, իսկ այսօր եկեղեցական արարողութիւններու, յատկապէս Սուրբ Պատարագի ընթացքին Աստ-ւածաշունչէն ընթերցումները կը կատարուին ոչ գրաբար, ժողովուրդին հասկնալի լեզուով, եւ հոգեւորականներու քարոզները կը հնչեն բոլորովին հասկնալի լեզուով, բայց բացի անոնցմէ 5-րդ դարուն եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին գործածական էին օտար լեզուներ, յունարէնը եւ ասորերէնը, իսկ հիմա՝ գրաբարը, որը ո՛չ թէ օտար լեզու է, այլ դասական հայերէնն է, եւ որուն հիմնական բառապաշարը ծանօթ է արդի հայերէն իմացող, գործածող բոլոր անձերու, պարզապէս կան քերականական որոշ տարբերութիւններ՝ որոնք դժուար չէ սորվիլը։
«Ոմանք ալ կը բողոքեն, կը գանգատին եկեղեցական երաժշտութեան ոչ արդիականացումէն։
«Ճիշդ կարելի է համարել այն միտքը, թէ երաժշտութիւնը զգացումներու եւ կիրքերու լեզուն է, ինչպէս բառերը՝ բանականութեան լեզուն։
«Պղատոն կ՚ըսէ, թէ՝ մեղեդիներու շարժումը հոգիի յուզումներուն կը նմանի։ Նաեւ Արիստոտէլ կ՚ըսէ, որ ինչո՞ւ երաժշտական համաչափ թրթռացումները՝ ռիթմերը եւ մեղեդիները հասարակ հնչիւններ ըլլալով, այնուամենայնիւ կը նմանին հոգեւոր վիճակներու։ Եւ եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին՝ աղօթքներու գրաբար գեղեցիկ հնչունութիւնը եւս դարձած է հոգեւոր երաժշտութեան՝ եկեղեցիի երաժշտութեան, եկեղեցի միշտ յաճախողներու համար, անոնք որ պարբերաբար կը մասնակցին եկեղեցական արարողութիւններուն՝ կը հասկնան ամէնօրեայ աղօթքներուն եւ մաղթանքներուն իմաստը։
«Իսկ կը բողոքեն անոնք՝ որոնք շատ հազուադէպ է որ եկեղեցի յաճախեն, որով ալ, ե՛ւ բնականաբար, միշտ աշխարհիկ իրողութիւններու եւ հնչիւններու շրջագծին մէջ գտնուելով՝ անհաղորդ կը մնան եկեղեցական երաժշտութեան եւ լազուին։ Եւ նման բողոքէն կարելի է յստակ պատկերացում կազմել՝ բողոքողին եկեղեցի այցելելու յաճախականութեան վերաբերեալ»։
ԱԴԱՄ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄԱԿԱՐԵԱՆ
2012 թ.
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, համամիտ ենք Ադամ Քահանայի տեսակէտին, սակայն անարժանաբար կ՚ուզենք պատասխան մը գտնել սա հարցումին, թէ՝ եկեղեցւոյ արարողութիւններու ընթացքին կարդացուած Աւետարանական բաժինները գրաբա՞ր թէ աշխարհաբար պէտք է ըլլան, աւելի ճիշդ՝ նպաստաւորը ո՞րն է այս մասին։
Գրաբար կարդալ եւ յետոյ աշխարհաբար, ժողովուրդին աւելի հասկնալի լեզուով, քարոզներով բացատրել եւ լուսաբանել՝ եկեղեցւոյ լեզուական միութիւնը եւ կարգապահութիւնը պահպանելու տեսակէտէ նպաստաւոր չ՚ըլլա՞ր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 9, 2015, Իսթանպուլ