«ՅՈՅՍԻ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ»
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եորքի յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբը վերջերս կազմակերպեց իր ութերորդ տարեկան համերգը, որով հանգանակուած 50 հազար ամերիկեան տոլարը յառաջիկայ շրջանին պիտի յատկացուի ի նպաստ կատարողական արուեստներու վերաբերեալ նախաձեռնութիւններու։ 2015-ի տարելիցին շրջագծով «Քարնեկի հոլ»ին մէջ իրականացուած, «Յոյսի մեղեդիներ» խորագրեալ փայլուն ձեռնարկը արձանագրեց գերազանց յաջողութիւն՝ ստեղծելով լայն արձագանգ։ Ինն արուեստագէտներ եւ հարիւրաւոր հանդիսականներ հաւաքուած էին «Քարնեկի հոլ»ի «Ուէյլ ռիսայթըլ հոլ»ին մէջ, մասնակցելու համար Նիւ Եորքի Յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբի նախաձեռնած կատարողական արուեստներու համերգին: Երաժշտական երեկոն, որ խորագրուած էր «Յոյսի մեղեդիներ», կը յիշատակէր Եղեռնի 100-ամեակը: Ձեռնարկին իբր արդիւնք գոյացաւ 50 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը, ի նպաստ աշխարհի տարածքին կատարողական արուեստներու նախաձեռնութեանց:
Երերկոյի յայտագրին կը մասնակցէին արուեստագէտներ Հայաստանէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն, Չինաստանէն, Մակեդոնիայէն, Փորթուգալէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Բոլորին պարագային ալ ասիկա իրենց առաջին մասնակցութիւնն էր՝ կատարողական արուեստներու համերգներու այս շարքին: Անոնք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կատարողական արուեստներու կրթական մրցանակներ ստացած էին, ինչ որ օգնած էր իրենց ուսումը կատարելագործելու եւ տաղանդները մշակելու երաժշտական անուանի հասատութիւններէ ներս, ինչպէս Cologne High Institute of Music, Mannes School of Music, Monash University of Melbourne, Manhattan School of Music եւ Shanghai Music Conservatory։
Այս տարուան արուեստագէտներու միջազգային խումբին մաս կը կազմէին՝ Արփինէ Ազատեան (ջութակ), Սօնա Բարսեղեան (դաշնակ), Վասքօ Տուքովսքի (տուտուկ եւ քլարինէթ), Լուք Րետքլիֆ Խաչատուրեան (դաշնակ), Արթիւր Մուրատեան (ջութակ եւ վիոլա), Թալին Նալպանտեան (մեցցօ սոփրանօ), Աստղիկ Պօղոսեան (ջութակ), Թամարա Սեւունց (դերասան եւ բանաստեղծուհի) եւ Էյմի Չէօփճեան (թաւջութակ): Համերգի աւարտին, Սեւունց շեշտեց երիտասարդ արուեստագէտները ի մի բերող այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը: «Ինծի համար դժուար է իրապէս արտայայտել, թէ ինչպիսի հոյակապ զգացում մըն է նման անուանի բեմի մը վրայ համախումբ գտնուիլը արուեստի նոյն կիրքը բաժնող անհատներու հետ, որոնք կու գան աշխարհի բոլոր կողմերէն: Աւելի քան երախտապարտ կը զգամ այս առիթին համար, խանդավառ նաեւ ասկէ բխող կարելիութիւններով: Համոզուած եմ, որ համայնքը եւ երիտասարդութիւնը խորապէս կ՚ըմբռնեն, թէ բարձրորակ արուեստը եւ այն բուռն սէրը, որով մենք զմեզ նուիրած ենք անոր, անպայման ճամբայ պիտի հարթեն հայ համայնքներու կենսունակութեան», ըսաւ ան:
Երեկոյի գեղարուեստական ղեկավարն էր Աստղիկ Պօղոսեան, որ յայտագրի բացումը կատարեց, բացատրելով անոր յատկանշական բնոյթը: «Այս տարուան համերգը մասնաւորաբար յատուկ բնոյթ ունի, որովհերեւ ան կը նշէ Հայոց եղեռնի հարիւրամեակը: Մինչ այս յատկանշական տարին կը մօտենայ իր աւարտին, մենք այստեղ ենք նշելու հարիւրամեակը, երաժշտութեամբ, դրական տրամադրութիւններով եւ մեր էութիւնը կազմող եւ մեզ միաւորող լաւատեսութեան ոգիով: Այսօր դուք պիտի ունկնդրէք մեղեդիներ նուիրուած խաղաղութեան, որ մեր բոլորիս բաղձանքն է, մեղեդիներ հպարտութեան, որ մեր հարուստ ժառանգին գիտակցութեամբ մենք մեր հետ կը պտըտցնենք ամէնուր, նաեւ մեղեդիներ յոյսի՝ որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի փայլուն ապագայ», նշեց ան:
Համերգի ընտրանի յայտագիրը կազմուած էր արեւմտեան դասական եւ հայկական երաժշտութեան նմոյշներով՝ Շարաֆեան, Շոսթաքովիչ, Ռախմանինով, Սարեան եւ Պեթհովէն: «Քարնեկի հոլ»ի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ հանրութեան ներկայացուեցաւ «Սայաթ Նովա» երաժշտական միջազգային մրցումին շահող յօրինումը՝ «Գողգոթայի ծաղիկներ», որուն հեղինակն էր՝ Յովիկ Սարտարեան: Յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ ասմունքային կատարողութիւն՝ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն: Ներկայացուեցաւ Կոմիտասի ժողովրդային երգը՝ «Ծիծեռնակ»ը, իւրայատուկ կերպով մշակուած Շանկհայի երաժշտանոցի ուսանող Եէնկ Եիյի կողմէ, որպէս նուէր եւ յարգաքի արտայայտութիւն՝ ի պատիւ Հայոց եղեռնի յիշատակին:
ՀԲԸՄ-ի Կատարողական արուեստներու բաժնի տնօրէն Տքթ. Հայկ Արսէնեան խօսելով այս տարուան համերգի յատուկ խորագրին մասին՝ ըսաւ. «Այս տարի ուզեցինք հանդիսականները հաղորդակից դարձնել մեր ժողովուրդի հինէն եկող երաժշտական աւանդին, միջնադարէն մինչեւ ժամանակակից արուեստի գործերով, ցոյց տալու համար մեր մշակոյթի կենսունակութիւնը, նաեւ քաջալերելու աշխարհի տարածքին մեր արուեստագէտները, մղելով զիրենք նոր ստեղծագործութիւններ կատարելու»: