«ՎԵՐՋԻՆ ԲՆԱԿԻՉԸ»
2016 թուականին պաստառներուն կը յայտնուի հայկական գեղարուեստական շարժանկար մը՝ «Վերջին բնակիչը» խորագրով: Շարժանկարի բոլոր նկարահանումները արդէն աւարտած են եւ այժմ կ՚ընթանայ յետարտադրական գործընթացը: Շարժանկարին մէջ ներգրաւուած են օտար դերասաններ, եւ անոնք, որոնք մամուլի, հեռատեսիլի միջոցաւ տեղեկացուած են շարժանկարի նկարահանումներու ընթացքին մասին, անհամբեր են մեծ պաստառներու վրայ տեսնելու հայ եւ միջազգային դերասաններու համատեղ այս աշխատանքը:
«Վերջին բնակիչը» ժապաւէնի հեղինակը հայաստանցի հռչակաւոր բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանն է: Անցեալ տարի Ճիւան Աւետիսեանի նկարահանած մէկ այլ շարժապատկերը՝ «Թեւանիկ»ը, արժանացած է «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարային փառատօնի գլխաւոր մրցանակին:
Ինչպէս «Թեւանիկ»ը, այնպէս ալ «Վերջին բնակիչը» արցախեան ազատամարտի մասին պատմող գեղարուեստական շարժանկարներ են:
Ճիւան Աւետիսեան ծնունդով արցախցի բեմադրիչ մըն է, որ արդէն հանրածանօթ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Անոր նկարահանած «Թեւանիկ»ը մեծ յաղթարշաւ ունեցած է մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայութեան շրջանակներէն ներս՝ ցուցադրուելով հայաշատ քաղաքներու մէջ եւ համբաւ բերելով հայ բեմադրիչին:
Արցախեան պատերազմի նիւթը չէր կրնար անտարբեր ձգել հայ բեմադրիչին: Ծնած ըլլալով Արցախի մէջ եւ առընչուելով պատերազմին, հայկական կեանքի մէջ խոր արմատներ ձգած այդ շրջանը, որ տառապանք պատճառած է համայն հայութեան, մտորումներու, տառապանքի եւ ստեղծագործական մղումներու առիթ ստեղծած է նաեւ Ճիւան Աւետիսեանին համար: Իր առաջին շարժանկարը՝ այս նիւթին շուրջ, եղած է «Ընդհատուած մանկութիւն» ժապաւէնը, որով ալ մուտք գործած է շարժանկարային արուեստի ասպարէզ: Անոր յաջորդած է «Թեւանիկ»ը, որ կը պատմէ արցախեան ազատամարտի ընթացքին երեք պատանիներու փորձառութիւնը: «Թեւանիկ»ը նկարահանուած է այն մտայնութեամբ, որ արցախեան ազատամարտի նիւթը մատչելի եւ դիւրընկալելի ըլլայ նաեւ օտարներուն եւ, դատելով միջազգային ցուցադրութիւններու արձագանգներէն, թերեւս այդ նիւթին շուրջ առաջին հայկական շարժանկարն է, որ հասկնալի եւ ընդունելի եղած է նաեւ ոչ-հայերու կողմէ: «Թեւանիկ»ը մասնակցած է կարգ մը փառատօներու, արժանացած է օտարներու գնահատանքին, շատեր այդ շարժանկարի միջոցաւ ճանչցած են Արցախը եւ հասկցած են, թէ ի՛նչ է արցախեան հարցը: «Թեւանիկ»ը ներկայացուած է նաեւ Քաննի 67-րդ փառատօնի շարժարուեստի շուկային մէջ:
Անշուշտ, մեծ եղած է նաեւ ատրպէյճանական արձագանգը: Քանի որ «Թեւանիկ»ը, նկարահանումէն ետք, արտադրուած է լիթուանեացի արտադրողի մը հետ համատեղ, Լիթուանիոյ կառավարութեան երկու անգամ բողոքի նամակ ներկայացուած է Ատրպէյճանի կողմէ, թէ ինչպէ՛ս կը թոյլատրէք ձեր քաղաքացիին, որ օժանդակէ նման ժապաւէնի մը պատրաստութեան: Ատրպէյճանական կողմէ եղած են նաեւ այլ հակադարձումներ, բայց միջազգային ասպարէզի մէջ ժապաւէնը բարենպաստ անուն ձգած է:
Եւ հաւանաբար, մեծ ոգեւորութիւն ապրելով «Թեւանիկ»ի միջազգային ցուցադրութեան դրական արձագանգներէն եւ ստացած մրցանակներէն՝ Ճիւան Աւետիսեան ձեռնամուխ եղած է «Վերջին բնակիչ»ը շարժանկարին: «Թեւանիկ»ի ցուցադրութեան առթիւ հաւաքուած գումարն ալ ներդրուած է այս շարժանկարի նկարահանման մէջ, եղած են նաեւ այլ հանգանակութիւններ: Ժապաւէնի ստեղծման օժանդակած են նաեւ հայկական հիմնադրամներ, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:
«Վերջին բնակիչ»ը նկարահանուած է հայ արձակագիր Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրճեւանի վերջին բնակիչը» պատմուածքի հիման վրայ: Պատմուածքի բնաբանը առնուած է արցախեան ազատամարտէն: Ան իրական պատմութիւն է՝ իրական կերպարներով, որ գեղարուեստական մարմնաւորում ստացած է Ծովինար Խաչատրեանի պատմուածքի, այնուհետեւ՝ Ճիւան Աւետիսեանի շարժանկարի մէջ:
ՆԻՒԹԸ
«Վերջին բնակիչը» շարժանկարը արցախեան ազատամարտի տարիներուն հայկական գիւղի մը տեղահանութենէն յետոյ իր ծննդավայրի մէջ թշնամիի կողմէ շրջապատման մէջ յայտնուած հայու մը մասին է: Օրէ օր սեղմուող թշնամական օղակի մէջ շարժանկարի հայ հերոսը՝ Աբգար կը մնայ միայնակ՝ դառնալով գիւղի վերջին բնակիչը: Ան ամէն կերպ կը փորձէ գտնել Սումկայիթի մէջ գտնուող դուստրը, ատրպէճանցի զինուորները կը խոստանան օգնել Աբգարին, միայն այն պայմանով, որպէսզի ան օգնէ կառուցել մզկիթը՝ շարէ մզկիթի պատերը: Աբգարի եւ անոր դստեր ճակատագրի շուրջ կը հիւսուին պատերազմի դաժան պատմութիւնները, որոնց միջով անցնելով, անոնք կը պայքարին եւ կ՚ապրին: «Վերջին բնակիչը» մարդկային ճակատագրերու մասին է, զոր կը յուզէ միլիոնաւոր մարդիկը, անկախ՝ ազգութենէ: Շարժանկարին մէջ կայ ընկերութիւն, սէր, ինքնազոհողութիւն: Անոնք մարդկային ապրումներ են, որոնք, անկախ ազգամիջեան հարցերէ, հոգեհարազատ են բոլորին, ուստի բեմադրիչը համոզուած է, որ շարժանկարը ընդունելի պիտի ըլլայ շատ ազգերու կողմէ:
ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐԸ
Թշնամիի թիրախին տակ յայտնուած հայկական գիւղի վերջին բնակչի՝ Աբգարի դերը կը մարմնաւորէ Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնի նախկին դերասան, վերջին շրջանին հեռատեսիլային շարժանկարներու մէջ ներգրաւուած Ալեքսանտր Խաչատրեան:
Ճիւան Աւետիսեանին յաջողած է այս նկարահանումներու համար հաւաքել զանազան երկիրներու նշանաւոր դերասաններ եւ նկարահանել միջազգային դերասանական կազմով հայկական ժապաւէն մը, որու նիւթը պատգամ մը դառնայ աշխարհին:
Նկարահանումները տեղի ունեցած են Արցախի Խաչմաչ գիւղին մէջ: Ժապաւէնի ստեղծման մասնակցած են շուրջ տասն ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնք, անցնող ամրան ամիսները անցընելով Արցախի մէջ, ոչ միայն շարժանկարի ստեղծման մասնակից դարձած են, այլեւ իւրաքանչիւրը իր հետ իր երկիր տարած է նաեւ կտոր մը Արցախ, արցախեան յիշողութիւններ, որ Արցախի ճանաչման համար եւս նպաս-տաւոր քայլ մըն է: Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լիթուանիայէն, Ռուսաստանէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն եկած եւ Արցախի մէջ համախմբուած ինքնատիպ ստեղծագործական խումբի անդամները մարմնաւորած են հայ եւ ատրպէճանցի կիներն ու տղամարդիկը: Անոնց բոլորի ձգտումը մէկ եղած է՝ պաստառին արտացոլել հայկական գիւղի վերջին բնակչի՝ Աբգարի, անոր դստեր եւ ատրպէճանցիներու բարդ եւ յոյզերով լեցուն յարաբերութիւնները, կեանքը խաղալ այնպէս, ինչպէս որ կար մահ-ւան շատ մօտիկ գտնուած այդ գիւղին մէջ՝ 1989-90 թուականներուն:
Օտարազգի դերասանները այլ շարժանկարներու մէջ նկարահանուելու համար, իւրաքանչիւրը իր երկրի մէջ ստացած է շուրջ վճարում, որքան «Վերջին բնակչը»ի նկարահանման համար հաւաքուած ողջ գումարն է: Մինչեւ հիմա շատերու համար հանելուկ է, թէ ինչպէս արցախեան ծագումով 34-ամեայ բեմադրիչը յաջողած է նման փոքրիկ ու խորհրդանշական վվճարումներով նկարահանման հրաւիրել այդ դերասանները՝ իր շարժանկարին մէջ: Հանելուկը մէկ պատասխան ունի՝ դերասանները յուզած է հայ բեմադրիչի ներկայացուցած համամարդկային նիւթը՝ աշխարհի կողմէ չճանաչուած փոքրիկ երկրի մը մէջ: Դերասաններու վստահութիւնը շահելու գործին մէջ դեր ունեցած է նաեւ «Թեւանիկ»ն ու «Թեւանիկ»ի յաջողութիւնը:
Օրինակ, յոյն դերասանուհի Տիմիտրա Խատուփին Յունաստանի մէջ տեսած է «Թեւանիկ»ը, ծանօթացած է Ճիւանին հետ եւ իր համաձայնութիւնը յայտնած է նկարահանուիլ բեմադրիչի յաջորդ ժապաւէնին մէջ: Յոյն դերասանուհին կը մարմնաւորէ ատրպէճանցի կնոջ դերը, որ, ի դէպ, շարժապատկերին մէջ դրական կերպար մըն է: Բեմադրիչը փորձած է ցոյց տալ, որ հակառակ կողմի մէջ ալ կան մարդկային ապրումներ ունեցող, տառապող մարդիկ:
Աշխարհահռչակ դերասան է «Վերջին բնակիչը» շարժանկարի գլխաւոր դերակատարներէն իրանցի դերասան Հոմայուն Էրշատի, որ իրանցի բեմադրիչ Ապպաս Քիառուսթամիի «Բալի համը» շարժանկարին մէջ գլխաւոր դերի համար Քաննի փառատօնին ստացած է «Ոսկէ արմաւենի» մրցանակը: Ճիւան Աւետիսեանի շարժանկարին մէջ ներգրաւուած է նաեւ նաեւ լիթուանացի դերասանուհի Սանտրա Տաուքշայտէ:
Ամերիկահայ նշանաւոր դերասանուհի, միջազգային ասպարէզին մէջ հռչակ շահած Անի Պետեան նոյնպէս «Վերջին բնակիչը» շարժանկարի դերասանուհիներէն է: Ճիւան Աւետիսեան խնդիրներ ունեցած է նշուած դերասաններու արտադրիչներուն հետ: Վերջիններս նշած են, որ փոքրիկ վճարումներէ ետք այլեւս դժուար պիտի ըլլայ անոնց կրկին մեծ գումարներ շահիլը, քանի որ բեմադրիչները այլեւս նկատի պիտի ունենան անոնց այս աշխատանքի ցած գինը, սակայն դերասանները յայտարարած են, թէ իրենք անձամբ համաձայնած են նկարահանուիլ հայ բեմադրիչի շարժանկարին մէջ: Անոնք հաստատած են, թէ գումարի համար չեն խաղացած Ճիաւն Աւետիսեանի շարժանկարին մէջ, այլ գաղափարի, եւ որ զիրենք գրաւած է մարդկային նուրբ խնդիրները, որոնց վրայ շեշտադրած է բեմադրիչը: Օտար դերասանները հիմնականը կը մարմնաւորեն ատրպէյճանցիներու դերեր:
Ատրպէյճանցի զինուորի դերին մէջ է նաեւ հայ ծանօթ դերասան Սոս Ջանիբէկեան, զոր հանդիսականը պիտի տեսնէ բոլորովին այլ կերպարի մը մէջ: Ի դէպ, Սոս Ջանիբէկեանի եւ Ճիւան Աւետիսեանի համագործակցութիւնը սկսած է տակաւին «Թեւանիկ» շարժանկարէն:
«Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին մէջ ատրպէճանցիի դեր ստանձնած հերոսները կը խօսին ատրպէյճաներէն, անոնց հետ այդ լեզուով աշխատանք տարած է Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի աշխատակցուհի, ատրպէյճաներէն լեզուի մասնագէտ Մարիէթա Վարդանեան: Քանի մը ազգերու նշանաւոր դերասաններու հաւաքուիլը՝ մէկ նիւթի շուրջ, անշուշտ, ճամբայ պիտի բանայ շարժանկարին համար, աւելի դիւրին կ՚ըլլայ զայն օտարին ներկայացնելը եւ միջազգային հարթակներու վրայ ցուցադրելը:
«Վերջին բնակիչը» շարժանկարի երաժշտութեան հեղինակը հայազգի նշանաւոր երաժիշտ Սերժ Թանգեանն է։ Այս հանգամանքը եւս քայլ մըն է՝ միջազգային ընդունելութեան համար: Արդէն Յունուար ամսին լսելի կ՚ըլլայ շարժանկարի երաժշտութիւնը, իսկ ժապաւէնը պաստառներուն կը յայտնուի գարնան:
ԱՆՆ ՊԵՏԵԱՆԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Վերջին բնակիչը» շարժանկարը առիթ եղաւ անդրադառնալու նաեւ ամերիկահայ նշանաւոր դերասանուհի, ամերիկեան եւ գանատական ժամանակակից շարժանկարներու մէջ իր դերերով ծանօթ Անն Պետեանին՝ Անի Նահապետեանին, որ նոյնպէս սիրով համաձայնած եւ Արցախ հասնելով՝ նկարահանուած է Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» շարժանկարին մէջ, ի դէպ, մարմնաւորելով ատրպէյճանցի կնոջ դերը:
Անն Պետեան ծնած է Մոնթրէալ, Գանատա: Տասնեօթ տարեկանին մուտք գործած է Գանատայի ծովուժը եւ հոն ծառայած է երեք տարի, այնուհետեւ «Քոնքորտիա» (Concordia) համալսարանին մէջ հետեւած է հաշուապահութեան ճիւղին, սակայն հայուհին միշտ երազած է դերասանուհի դառնալու մասին եւ «Կրուփ Թէաթր»ի (Group Theatre) հիմնադիրներէն Սենֆորտ Մէյսնըրի (Sanford Meisner) դասընթացքներուն հետեւելով՝ դերեր ստանձնած է երեսունէ աւելի գանատական եւ ամերիկեան պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի ժապաւէններու մէջ: Այսօր Անն Պետեան կը խաղայ հոլիւուտեան ժամանակակից ժապաւէններու մէջ եւ Հայաստանի մէջ նոր սկսած է ծանօթ դառնալ անոր անունը: «Վերջին բնակիչը» շարժանկարը մանաւանդ հայերու մօտ աւելի նշանաւոր պիտի դարձնէ Անն Պետեանի՝ Անի Նահապետեանի անունը:
Իսկ առհասարակ, դերասանական խումբը հաւատացած է, որ «Վերջին բնակիչը» շարժանկարը աւելի շատ դուրսի հանդիսատեսի համար է, քան՝ ներսի:
Հայ հանդիսատեսն ալ մէկ անգամ եւս հնարաւորութիւն կը ստանայ այլ աչքերով նայիլ արցախեան ազատամարտի անցած օրերուն եւ արժեւորել այդ օրերուն հերոսացած հայ մարդիկը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ