Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՔԱՐԼՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Տնտեսագէտ Քարլոս Մելքոնեան վեր-ջերս նշանակուած է Արժանթինի Ազգային դրամատան տնօրէն։
Արժանթինի նորընտիր նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիի կողմէ այս պաշտօնին նշանակուած Քարլոս Մելքոնեան յայտարարած է, թէ Ազգային դրամատունը այսուհետեւ աւելի ուշագրաւ դերակատարութիւն պիտի ունենայ երկրի տնտեսութիւնը զարգացնելու ջանքերուն մէջ։ Քարլոս Մելքոնեան 80-ականներուն աշխատած է Արժանթինի Կեդրոնական դրամատան մէջ եւ ապա խորհրդատուական սպասարկութիւններ մատուցած է Համաշխարհային դրամատան։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015