ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի հրա­ժա­րա­կա­նէն վերջ Վրաս­տա­նի մէջ կը հա­սուն­նայ նոր վար­չա­պե­տի ա­նուան յստա­կեց­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, երկ­րէն ներս իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող «Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք» դա­շին­քի խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւ­նը վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին հա­մար ա­ռա­ջադ­րեց Կիոր­կի Քվի­լի­քաշ­վի­լիին ա­նու­նը։ Ծա­նօթ է, որ այս վեր­ջի­նը կը վա­րէր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի եւ փոխ-վար­չա­պե­տի պաշ­տօն։

«Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք»ի խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւ­նը յոյս յայտ­նեց, թէ Կիոր­կի Քվի­լի­քա­շվի­լի պի­տի դառ­նայ դա­շին­քի հիմ­նա­դիր ու նախ­կին վար­չա­պետ Պի­ծի­նա Ի­վի­նաշ­վիշ­լիի նման ղե­կա­վար մը։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015