ԲԱԶՄԱՊԱՏԿԵԼ ՋԱՆՔԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի անհ­րա­ժեշտ է բազ­մա­պատ­կել ջան­քե­րը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Ա­ւան­դա­կան դար­ձած այս հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ նա­խա­րա­րու­թեան անձ­նա­կազ­մը։ Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան այս առ­թիւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ներ­կա­յու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Իր կար­գին, Սերժ Սարգ­սեանն ալ հան­դէս ե­կաւ հա­կիրճ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Ըստ ի­րեն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով ան­ցեալ տա­րի դժբախ­տա­բար յա­ռա­ջըն­թաց չար­ձա­նագ­րուե­ցաւ։ Բայց եւ այն­պէս, ըստ Սերժ Սարգ­սեա­նի, բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կուի եւ այս ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ է յա­ջորդ տա­րի բազ­մա­պատ­կել ջան­քե­րը։ Սերժ Սարգ­սեա­նի այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ա­պա­գա­յին շուրջ ստեղ­ծուած է բա­ւա­կան յո­ռե­տես մթնո­լորտ մը։

ՄՈՍ­ԿՈ­ՒԱ­ՅԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Մոս­կուա հա­մո­զուած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի եւ բաց աս­տի ռու­սա­կան կող­մը նախ­կի­նին նման ինք­նու­րոյն ջան­քեր պի­տի գոր­ծադ­րէ՝ որ­պէս­զի օգ­նէ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն փոխ­զի­ջում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ա­ռա­ջար­կուած մօ­տե­ցում­նե­րուն հի­ման վրայ։

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա ե­րէկ մեկ­նա­բա­նեց ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Զուի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեռ­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մաս­նա­կու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ան յի­շե­ցուց, թէ նա­խա­գահ­նե­րուն հան­դի­պու­մը կա­յա­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Ռուս բան­բե­րին խօս­քե­րով, թէեւ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս նուա­ճում մը չար­ձա­նագ­րուե­ցաւ, սա­կայն նա­խա­գահ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան ան­մի­ջա­կան զրոյց մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու, քննար­կե­լու բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին վրայ դրուած ա­ռա­ջարկ­նե­րը եւ յստա­կեց­նե­լու վի­ճե­լի հար­ցե­րու շուրջ ի­րենց դիր­քո­րո­շու­մը։ Զա­խա­րո­վա ընդգ­ծեց, որ այս հան­դի­պու­մը հաս­տա­տած է ԵԱՀԿ-ի Մինք­սեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փով աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ շա­հագրգ­ռուա­ծու­թիւ­նը։

«Բնա­կա­նա­բար քննար­կուած է ան­բա­ւա­րար ի­րա­վի­ճա­կը, որ ստեղ­ծուած է սահ­մա­նին եւ շփման գծին վրայ։ Ռու­սա­կան կող­մը դրա­կան կը մօ­տե­նայ բարձր մա­կար­դա­կով քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նակ­ման, ինչ որ ուղ­ղուած է հա­կա­մար­տու­թիւ­նը բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­նա­պար­հով կար­գա­ւո­րե­լու», ը­սաւ Մա­րիա Զա­խա­րո­վա, ո­րու խօս­քե­րով՝ Պեռ­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղո­վը կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ո­րո­շա­կի փուլ մըն էր եւ այդ փու­լը սկսած էր Սո­չիի մէջ ու շա­րու­նա­կուած՝ Ո­ւել­սի եւ Փա­րի­զի մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015