ZİBEÇ-Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՄԱՆՈՐԸ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ZİBEÇ-ի ըն­տա­նի­քին ա­մա­նո­րեան խրախ­ճան­քը։ Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան ZİBEÇ-ի ա­շա­կերտ­նե­րը, ծնող­նե­րը, մաս­նա­գէտ­ներն ու վար­չա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։ Ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն Հեր­ման Պա­լեան եւ Կար­պիս Փո­լատ, ո­րոնք ու­րա­խա­կից ե­ղան ZİBEÇ-ի ըն­տա­նի­քին։

Ճա­շա­սե­ղան­նե­րուն շուրջ բո­լո­րուած տղա­քը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան Հայ­կա­սէր Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գոր­ծադ­րուած ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րով։ Մինչ այդ, Կա­ղանդ պա­պու­կին սրահ ժա­մա­նու­մը կրկնա­պատ­կեց ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը, մինչ ան յու­շա-նըւէր­ներ յանձ­նեց ա­շա­կերտ­նե­րուն։

Խրախ­ճան­քի ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին գո­հու­նակ տպա­ւո­րու­թեամբ, բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­լով Նոր տա­րուան առ­թիւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015