ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ԽՕՍՔԵՐԸ
Նոր տարի, նոր սպասումներ... Ամէնուր կը հնչեն Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթանքներ, ցանկութիւններ, ամէն մարդ նորովի յոյսերով եւ սպասումներով կը լեցուի Նոր տարուան լուսաւոր օրերու առթիւ: Նոր տարուան բարեմաղթանքները, խօսքերը, ցանկութիւններն ու պատգամները ա՛լ աւելի հնչեղ են հայոց մեծերու շուրթերով, անոնց գրիչի ու տաղանդի զօրութեամբ: Ամանորը հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան գործիչի, հայ հագեւորականի, իշխանաւորի համար անգամ մըն ալ առիթ եղած է կրկին խօսիլ իր ժողովուրդի հետ: Հայ մեծերու, անուանիներու տօնական խօսքերը միշտ ալ տարբեր հնչերանգ մը ունեցած են պարզ պատճառով մը, որ ժողովուրդը միշտ սպասած է այդ խօսքերուն, որոնք ձեւով մը յոյս տուող են եւ լաւատեսութիւն ներարկող:
Ահաւասիկ, փորձեցինք ի մի բերել հայոց մեծերու Ամանորի խօսքերը, որոնց մէջ, հայ ժողովուրդի հոգի, ցաւի հետ միասին նաեւ լաւ օրերու եւ պայծառ ապագայի սպասում կայ:
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Սիրելի՛ ազգակիցներ,
Երկրագնդի բոլոր միջօրէականներն ու հորիզոնականները անհայրենիք հայի ոտքերով հատած հեռաւոր հարազատներ:
Կը մօտենայ Նոր տարին, Կաղանդը, Ամանորը:
Կու գայ նաեւ մեզի համար, որ ժողովուրդ ենք, բայց ժողովուած չենք: Ուրեմն թող ան գայ նախ եւ առաջ իբրեւ մէջքապնդող գօտի բոլորիդ համար՝ աշխարհագրական որ գօտիներում ալ ըլլանք:
Եթէ համբերութիւնը թել է, մերը պիտի պարան կոչուի եւ հիւսուած ըլլայ ոչ թէ թելերէ, այլ ջիղերէն մեր սեփական, մեր մկաններէն ու նեարդերէն:
Թող Նոր տարին նորոգէ ձեր ջիղերը, ամրապնդէ ձեր մկանները, երիտասարդացնէ ձեր նեարդերը: Աչքերը տեսնելու համար են եւ ոչ թէ՝ միայն ճանապարհ պահելու: Բոլորիս աչքերն ալ ճանապարհ կը պահեն. մենք՝ ձեր ճանապարհը, դուք՝ մեր ու ձեր հայրենիքի:
Թող բոլորիս աչքերն ալ պայծառանան Նոր տարուն, եւ ճանապարհները կրճատ-ւին, եւ սպասելիքները մօտենան:
Բարին առաջնորդած է մեզ հազարամեակներ շարունակ: Մեր տուածի գէթ մէկ մասը պիտի որ մեզ վերադարձնէ բախտ կոչուածը, որքան ալ յուլաբար ու ծուլաբար քալէ:
Թող գալիք տարին արագացնէ այդ քայլքը, ու բարին հասնի բոլորիդ ու բոլորիս: Թող հայ մանուկներ շատ ծնուին Նոր տարուն եւ ծնուին ճակտի այլ գիրով. կնունքը՝ որտեղ կ՚ուզէ, բայց անոնց հարսանեաց հանդէսը կատարուի մեր Մայր Հայրենիքին մէջ, ստորոտներուն վրայ այն լեռներու, ափունքներուն այն լիճերու եւ գետերու, որոնց անունն արտասանելիս կը դողան մեր շուրթերը եւ կը փշաքաղուի մեր մաշկը…
1963 Դեկտեմբեր 31
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
…Ժամը 12-ին։ Հնչեց 12 ժամը։ Հին տարին գնաց, մեռաւ անհունի մէջ, նորն սկսաւ։
Լուսամուտը բացած կը նայիմ: Լուսնեակ գիշեր, լիալուսին, թեթեւ, կապոյտ ամպեր։ Կը լսեմ՝ գնացքը կը գնայ սուլելով… Յանկարծ նաւերու շչակները կը սուլեն, կը սուլեն, կը սուլեն… Հրացաններ կ՚արձակեն, անթիւ… Հեռուէն՝ մարդոց ձայներ, երգեր, ծիծաղներ…
15 վայրկեան…
Պառկած կը վերյիշեմ բոլոր Նոր տարիները, որ դիմաւորած եմ, ի՞նչ կերպ, ի՞նչ սրտով, ո՞ւր, ինչպէ՞ս…
Կը սուլեն նաւերը, մէկը՝ կը կտրէ, միւսը կը սկսէ…
Մարդկութիւնը կ՚ուրախանայ՝ ինչո՞ւ համար, ի՞նչ յոյսեր կը սպասէ, երբ դժգոհ հինէն կը դիմէ անծանօթին, մահին, վերջին, ապագային, որու ծոցու մէջ ո՜վ գիտէ ինչ դաշոյններ կան… Գուցէ մեզմէ ոմանք չեն հասնիր միւս տարուն, եւ շատերս չենք հասնիր անշուշտ, բայց կ՚ուրախանանք… Ի՜նչ բնազդ է…
1926 Դեկտեմբեր 31
Վենետիկ («Յիշատակարան»էն)
*
«Նոր տարուան առիթով ցանկանում եմ, որ մեր զոհուած մարտիկների եւ կենդանի մնացածների արդար փափաքները՝ թշնամու ոչնչացումը, արագ կատարուի:
Ցանկանում եմ մեր քաջարի զինուորների աննկուն հաւատ եւ համոզմունք՝ վերջնական յաղթանակի հանդէպ:
Բարեմաղթում եմ աւելի տոկունութիւն, կորով եւ խիզախութիւն:
Համոզուած ենք, որ շուտով մեր հերոսական եղբայրների արիւնով ազատագրուած հողերի վրայ նորից կը ծաւալուի ընդհատուած խաղաղ եւ ստեղծագործ աշխատանքը»:
1942 Յունուար 1, Երեւան
ՍԵՐՕ ԽԱՆԶԱՏԵԱՆ
Նոր տարուայ առթիւ կը ցանկանամ, որ մեր զոհուած մարտիկներու եւ կենդանի մնացածներու արդար փափաքները՝ թշնամու ոչնչացումը, արագ կատարուի։
Կը ցանկամ մեր քաջարի զինուորներուն աննկուն հաւատ եւ համոզում՝ վերջնական յաղթանակի հանդէպ։
Կը բարեմաղթեմ աւելի տոկունութիւն, կորով եւ խիզախութիւն։
Համոզուած ենք, որ շուտով մեր հերոսական եղբայրներու արիւնով ազատագրուած հողերուն վրայ նորէն կը ծաւալուի ընդհատուած խաղաղ եւ ստեղծագործ աշխատանքը։
1942 Յունուար 1, Երեւան
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Նոր տարուայ առիթով ըսեմ. ես պատերազմին մասնակցած եմ զէնքը ձեռքիս, խրամատի մէջ, անթիւ մահեր եւ կործանումներ տեսած եմ ու ատոնք յիշելիս՝ միշտ կը սարսափիմ։ Շատ բախտաւոր ենք, որ հիմա կ՚ապրինք խաղաղ։ Շատ կ՚ուզէի, որ այս եկող տարին եւ առաւել շատ տարիներ կ՚անցընենք առանց կռիւ-կոտորածի, խաղաղ, առանց պատերազմի։
1968 Յունուար 1
*
Նոր տարի կու գայ: Կ՚ուզեմ շնորհաւորանքի խօսքեր գտնել իմ տոհմ ու տակի աւագներու եւ կրտսերներու համար, իմ ազգի բոլոր մեծերու ու փոքրերու համար։
Կ՚ուզեմ ետ նայիլ, ետ երթալ, վերապրիլ անցածը, մէկ տարուայ անցածը։ Կ՚ուզեմ շնորհակալութեան ու շնորհաւորանքի խօսքեր գտնել իմ ժողովուրդի փետրուարեան խիստ ու խելօք ընդվզումներու համար, դարաւոր ստրկութեան վախէն ձերբազատուելու անոր աստեղային ժամի համար, ազգային զարթօնքի, միահամուռ կամքի, միասնութեան եւ միաբանութեան անոր աստեղային ժամի համար, իր ինքնաճանաչման գիտակցութիւնը դարի ճակատին արձանագրելու համար, իր երդաշէն վաստակի եւ երդանուէր ոգիի համար, կորսնցուցածը ետ բերելու իր առաջին յանդուգն փորձի համար։
Մենք տոկալու եւ ապրելու ենք, քանի աշխարհը կայ, քանի աշխարհի վրայ մարդկութիւն կայ եւ մարդկութեան մէջ՝ մարդկայնութիւն։
Այս հաւատով ալ ոտք դնենք Նոր տարուայ սեմին եւ բոլոր սրտով բոլորին մաղթենք՝ շնորհաւո՜ր Նոր տարի։
1988 Դեկտեմբեր 31
*
Նոր տարի կու գայ։ Դառնանք ու մաղթենք, որ այս տարին իրենց տուն ու տեղէ քշուած հայերու համար գաղթականութեան վերջին տարին ըլլայ, որ անոնք իրենց հող դարձած պապերու հողի վրայ տիրաբար քալեն, ծաղկեցնեն այդ հողը եւ ապահովեն իրենց սերունդներուն ծաղկումը։ Նոր տարի կը բացուի, բարով կը բաց-ւի ու կը բացուի բարի…
1989 Դեկտեմբեր 31
*
Նոր տարի կուգ այ: Ոչ մէկ օրհաս, ոչ մէկ հոգեվարք, ոչ մէկ կործանում, մենք նոր կը կայանանք որպէս ազգ ու պետութիւն, այդ կայանալու կենացը մաղթենք։
1992 Դեկտեմբեր 30
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ
Մեր ժամանակի փառապանծ հերոսները, պաշտպանելով իրենց հայրենիքը, կատարած են եւ կը կատարեն այնպիսի մեծ սխրագործութիւններ, որոնք դարեր շարունակ կը հանդիսանան գալիք արուեստը սնող եւ ոգեկոչող ամենահսկայական զինարանը։
Եւ գալիքը, փառաբանելով մեր ժամանակի հերոսները, թող մեծարէ 1942 թիւը որպէս ֆաշականութեան բնաջնջման եւ ամբողջ մարդկութեան ազատագրման անմահ տարեթիւ։
Ահա իմ լաւագոյն ցանկութիւնները՝ Նոր տարուայ առթիւ անձնուէր կարմիր մարտիկներուն եւ անոնց շարքերուն պայքարող իմ զաւակին։
1942 Յունուար 1
ԳԵՂԱՄ ՍԱՐԵԱՆ
Կը պոկեմ ես այսօրուայ քո թերթիկը, օրացոյց,
Խինդաշաղախ թախիծով, հաճոյքով կը պոկեմ ես,
Ինչպէս աշնան մէկ տերեւ ու վարդի թուփը ինչպէս
Կը պոկեմ ես այսօրուայ քո թերթիկը, օրացոյց։
Ես կը տեսնեմ անոր մէջ ժամերու վազքը վսեմ,
Մահացումներ կը տեսնեմ ու ծնունդները բազում,
Ես կ՚օրհնեմ անոնց մէջ գալիք մեր կեանքը լուսէ,
Այնքան վստահ, այնքան ջինջ, ինչպէս վճիտ երազի մէջ։
ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ
Նոր տարի
Երնե՜կ, թէ այս Նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերուն.
Չարը կորչեր, ու բարին
Բուն դնէր մեր սրտերուն։
Երնե՜կ, թէ այս Նոր տարին
Ազատ շնչէր Հայաստան,
Եւ շուրջ Մասիս մեր սարին
Փայլէին արտ-անդաստան…
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
Այս տօնը Նոր տարուայ դուռը կը բանայ, ողջունելու համար հարկաւոր է բիւր հազարաւոր բերան ունենալ. ի՞նչ բիւրհազար, երբ համամարդկային է Ամանորը, երբ աշխարհի բոլոր անկիւններուն՝ խրճիթէն մինչեւ պալատները, կը լեցուին բաժակները ե՛ւ գինով, ե՛ւ… յոյսերով։ Եւ ինձ կը թուի՝ աշխարհի դաշտերն ու լեռները ծածկող այժմեան ձիւնի տակ բոլոր ազգ ու ցեղերու իղձերն ու յոյսերը քնացած, տակաւին սերմի մէջ՝ վաղուայ ծաղիկներու կը նմանին: Եւ երբ այս Նոր տարուայ ձիւնը գալիք գարնան արեւով հալի, եւ երբ ձիւնի վերջին թագը մնայ Մասիսի գլխուն, պաղ ձիւներու տակէն ելնող ծաղիկներու նման պիտի կեանք առնեն ամբողջ մարդկութեան յոյսերն ու իղձերը, որոնք, ծաղիկներու փոխուած, պիտի քաղցր բուրմունքով լեցնեն աշխարհը։
Այս միտքէն ակունք առած՝ կը շնորհաւորեմ իմ հայոց եւ աշխարհի բոլոր ազգերու Նոր տարին։ Եթէ այժմ ձեռքիս տակ ըլլային իմ հայոց երկու աչքերուն պէս անոր երկու ծովակները, ես, խղճիս հրամանով, գինիի կը փոխէի անոնց ջուրերը եւ կը լեցնէի բոլոր ազգերու բաժակները, ինչպէս ծովակներէս մէկը լույսով ու յոյսով կը լեցուի: Ուրեմն՝ Սեւանի բիւրեղեայ լոյսի բաժակով Յոյսի կենացը կը խմեմ այսօր. թող ամէն ազգի բաժակ, եթէ դատարկ է կամ կիսատ, իմ հայոց սփիւռքի բաժակի նման լեցուի։
Այսօր ազգային համբուրելի հպարտութեամբ կը լեցուի իմ սիրտը, երբ կը լսեմ, որ հայոց հին, բազմադարեայ եւ նոր ծագած աստղերը մրցումի կ՚ելլեն ուրիշ ազգերու անմահ աստղերուն հետ, երբ հայոց նարեկաները կը բարձրանան իրենց իսկական գահին՝ համաշխարհային ճանաչման։
Եւ երնէկ այն ազգին, որ սիրտեր կը գրաւէ եւ ոչ թէ… հողեր, որ լեզու կու տայ եւ ոչ թէ… լեզու կը պոկէ…
Բայց ազգը պահողը կամ վերստեղծողը մայրենի լեզուն է։
Այդ իսկ պատճառով տագնապալից սրտով այս Նոր տարուան ալ կը յիշեմ հայոց սփիւռքը։ Այնտեղ կեանքի եւ մահուան կրակի մէջ է հայոց լեզուն։ Ուրեմն՝ հարկաւոր է հայոց լեզուի պաշտպանութիւնն ամենօրեայ դարձնել ամէնուրեք։
Այսօր, շնորհաւորելով ամենքիդ Նոր տարին, կ՚ուզեմ ահազանգել, որ ամէն մէկ ազգի զաւակ պիտի պաշտէ իր մայրենին։ Այն պատանին, որ գիտէ եօթը լեզու, եօթը անգամ համբուրելի է, բայց այդ նոյն պատանին, եթէ կը մերժէ իր մայրենի լեզուն, եթէ ամենօրեայ օդ չէ անոր բերնին մէջ իր մայրենին, ան եօթը հազար անգամ նզովելի է։
Ինչպէս որ սուրբ է ցորենի արտի համար մէկ հասկը, այնպէս ալ սուրբ է ամէն մէկ մայրենի լեզու։ Ազգերը նման են դաշտին մէջ սփռուած ծաղիկներու, իսկ անոնց մշակոյթը ծաղկանց բուրմունքն ու գոյներն են։ Եթէ որեւէ ծաղիկ պակսի, մի՞թէ դաշտի քաղցրութիւնը չի պակսիր։
Նոր տարուան յոյսերը նման են Նոր տարուայ տօնածառին, որոնք այս գիշեր կը լուսազարդուեն աշխարհի բոլոր տանիքներուն տակ։ Կ՚ուզեմ հազար սրտով ցանկալ, որ այդ յոյսերը Նոր տարուայ տօնածառի նման մէկ երկու օր լոյս տալով՝ դուրս չնետուին կմախքացած։
Շնորհաւոր ամէնքին։
Ամէն մէկ նոր բան հին կը դառնայ, բայց ամէն հին չէ, որ կը մեռնի։ Անցնող տարիները նման են բեռնաթափուող քարաւաններու։ Բեռները կը մնան, քարաւանները կ՚անցնին։
ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
Նոր երազներ կան, սակայն ես երազել չեմ կրնար, ես չեմ կրնար առաջուան պէս երազել, մինչ միշտ հին լուսինն է, լուռ երկինքն է նման ներքին աշխարհին, անցեալ, գալիք կ՚ընեն դառն, անբաղձալի՝ հոս իրար։
Գիշերներն՝ հոս կը յիշեմ թէ հին աշխարհը՝ հեռուն՝ կը կործանէր։ Կռիւ էր ճամբուս վրայ, սարսափ, սով։ Հինն էր փտած, նորն էր բիրտ՝ իր հաւատքով եւ յոյսով։ Հեղեղն էր մեծ՝ իր խլած եւ իր տուած զոհերուն։
Մեր դարն ոմանք կը տեսնեն մեծ, հանճարեղ, վերջնական, եւ չէ, ճամբայ կայ դեռ մեծ եւ անհունն է անսպառ հոգին անհուն, մարդկային ըլլալն է դեռ անհնար։ Եկող յոյսերը վսեմ՝ միշտ չարիքի պէս կու գան։
Եւ անձկութիւն, քայքայում, ցաւ է միշտ՝ մինչ կը շրջին մոլորակներ մետաղէ եւ պողպատներ կը սուրանան հունէն վեր, կը թռչին մեքենաներ մոգական, անջրպետներ կը կտրեն ուղեւորներն առաջին։
«Միջերկրական»
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024