ԾԻԾՂՈՒՆ ՏՈՂԱՆՑՔ
Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հինգ հարիւր ծիծղուն աչք» ամանորեան ծրագիրը այս տարի եւս կեանքի կոչուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Միութեան կողմէ որոշուած համայնքային զանազան վարժարաններու աշակերտներուն ամանորեան նուէրներ բաժնելու ուղղեալ այս նախաձեռնութիւնը համայնքային կեանքէն ներս կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան եւ տարիէ տարի անոր նախընթացները կը խորանան աստիճանաբար։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչայիններն ու այս ծրագրին ներգրաւուած կամաւորները երէկ իրականացուցին Պէզճեան մայր վարժարանի, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի եւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտներուն ամանորեան նուէրներուն բաշխումը։ Տղաքը Կաղանդ պապուկին ձեռամբ այդ նուէրները ստանալով ապրեցան մեծ եռուզեռ։ Իսկ այս օրուան տեւողութեան մխիթարեանցիները իրերայաջորդ այցելեցին Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, Գալֆաեան Տունը եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը, ուր եւս Կաղանդ պապուկի ձեռամբ հասցուցին փոքրիկներուն նուէրները։
Մխիթարեանցիներու ապահոված այս ծիծղուն տողանցքը 2016-ի տարեմուտին ունեցաւ նաեւ յաւելեալ երանգ մը, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան նախաձեռնութեամբ։ Արդարեւ, հիմնարկի վարչութիւնը փափաքած էր, որ «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտներուն նուիրաբաշխումը իրականանայ Գումգաբուի Պէզճեան սրահի երդիքին տակ՝ մասնաւոր խրախճանքի մը ձեւաչափին մէջ։ Ուստի, երէկ կէսօրուան ժամերուն վարժարանի տղաքը համախմբուեցան Պէզճեան սրահին մէջ, ուր իրենց համար սարքուեցաւ կէսօրուան ճաշ մը եւ իրենց իսկ մասնակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ խրախճանքային ծրագիր մը։ Ներկայ էին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հայ Կաթողիկէից Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Հայր Աբրահամ Ֆըրատեան, որոնք իրենց օրհնութիւնը փոխանցեցին փոքրիկներուն։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ իր ընկերները, Յարութիւն-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւորները, Ռաքէլ Տինք եւ բազմաթիւ դէմքեր փութացած էին ուրախակից ըլլալու աշակերտներուն՝ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան եւ ուսուցչական կազմը։
Կէսօրուան ճաշէն վերջ տղաքը գործադրեցին խրախճանքի յայտագիրը՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով։ Յուշանուէրներ պատրաստուած էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Զէքիեան Գերապայծառի եւ Վերա-պատուելի Աղապալօղլուի համար։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին եւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութիւններուն համար պատրաստուած յուշանուէրներն ալ յանձնուեցան ատենապետներուն՝ Սարգիս Քիւլէկէչի եւ Վարդան Պալմումճեանի։ Յուշանուէր մըն ալ ստացաւ Ռաքէլ Տինք։ Դպրոցի աշակերտները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ յանձնեցին այդ բոլորը, նաեւ Հորոզօղլու ամոլին համար ալ պատրաստած էին ամանորեան մասնաւոր շնորհակալագիր մը։
Յայտագրի յատկանշական հանգրուաններէն մին բնորոշեց նաեւ Լիլիթ Չիլինկեարեանի սրտի խօսքը։ Արդարեւ, ան անցեալ տարի շրջանաւարտ եղած էր «Հրանդ Տինք» վարժարանէն, ներկայիս կ՚ուսանի Հայաստանի մէջ եւ յատկապէս փութացած էր մասնակցելու համար երէկուան հաւաքոյթին՝ փոխանցելով իր անկեղծ բարեմաղթանքը։
Նկատի ունենալով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ծանրաբեռնուած ծրագրին բերումով հնարաւորութիւն չէր ունեցած հետեւելու ամբողջ յայտագրին, իր յուշանուէրը տարուեցաւ Պատրիարքարան եւ յանձնուեցաւ այնտեղ։ Նորին Սրբազնութեան կարգադրութեամբ դպրոցի բոլոր աշակերտներուն նուիրուեցան Նոր կտակարաններ։
Խրախճանքի տեւողութեան հատուեցաւ Ամանորի առթիւ կարկանդակ մը եւ յայտագրի այս բաժնի աւարտին զուգահեռ դահլիճ հասան մխիթարեանցիները, որոնք Կաղանդ պապուկին ընկերակցութեամբ փութացած էին բաժնելու համար տղոց նուէրները։ Պէզճեան սրահի երդիքին տակ այս հանգրուանին եւս ապրուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն մը եւ «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտները աննկարագրելի ապրումներով դիմաւորեցին Ամանորը եւ Կաղանդ պապուկին ձեռամբ ստացան իրենց համար պատրաստուած զանազան նուէրները։