ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ՄԵՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐԸ - Գ -

Կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել՝ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի «Կոն­դա­կ­»ը՝ ուղ­ղուած Դպրաց Դա­սե­րուն եւ Երգ­չա­խում­բե­րուն, 27 Մա­յիս 1953 թուա­կա­նին։

Կա՛յ նաեւ լոյ­սը Նա­րե­կա­ցիին…։ Հրա­շա­գործ ա­ղօթքն է տուած նա մե­զի իր «ՆԱ­ՐԵԿ»ով, ինչ­պէս Շնոր­հա­լին իր «ՀԱ­ՒԱ­ՏՈՎ ԽՈՍ­ՏՈ­ՎԱ­ՆԻՄ»ով։ Ա­ռա­ջի­նին երգ-ա­ղօթ­քը՝ «Ըն­կալ քաղց­րու­թեամբ, Տէ՜ր Աս­տուած հզօր», խորհր­դա­ւոր կա­պով մը Դա­ւի­թի «Ե­կես­ցէ»ն կը միաց­նէ Նէր­սի­սեան մեղ­սա­քա­ւիչ ա­ղօթ­քին հետ, օ­րուան քսա­նեւ­չորս ժա­մե­րուն հա­մար 24 տու­նե­րու բաժ­նուած։ Եւ Նա­րե­կա­ցին, ա­նու­նով եւ հոգ­ւով ԱՐ­ԹՈՒՆ -Գրի­գոր-, ու­նի նաեւ իր տա­ղե­րը, գան­ձե­րը, մե­ղե­դի­նե­րը, ո­րոնց մէջ բնու­թեան իսկ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, բարձր ներշն­չու­մի մը ճամ­բով, նուրբ զգայ­նու­թեամբ եւ միւ­ռո­նի օ­ծու­թեամբ կ՚իջ­նէ, - «Աչքն ծով՝ ի ծով ծի­ծա­ղա­խիտ ծա­ւա­լա­նա՜յր եր­կու ա­րե­գա­կան նման», «Գո­հար վարդն վառ ա­ռեալ, ի վե­հից վար­սիցն ար­փե­նից, ի վեր ի վե­րայ վար­սից՝ ծա­ւա­լէր ծա­ղիկ ծո­վա­յին», ե­ւայլն։ Եւ ի՜նչ քեր­թո­ղա­շունչ տա­ղեր, ո­րոնց­մով ինք, եւ իր­մով Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին, չնաշ­խար­հիկ եւ անն­ման Մօր մը եւ ա­նոր աս­տուա­ծա­յին Որդ­ւոյն ներ­բո­ղը կը հիւ­սեն։

Այս կարճ տո­ղե­րով չենք կրնար բա­նալ ձեր առ­ջեւ ամ­բողջ գան­ձե­րը մեր Ե­կե­ղեց­ւոյն, ո­րուն զա­ւակ­ներն ըլ­լա­լու բախտն էք ու­նե­ցեր դուք, այժմ ալ էք «հրեշ­տա­կա­յին եր­գակ­ցու­թեամբ» օրհ­նա­բա­նող­նե­րը ա­նոր պաշ­տած Աս­տու­ծոյն։

Լոյ­սի եւ Սի­րոյ սրբա­զան եւ խորհր­դազ­գած մթնո­լորտ մը.- ա՛յս է նկա­րա­գի­րը մեր Հո­գե­ւոր Մօր՝ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյն։ Այդ մթնո­լոր­տէն իր ներշն­չումն ա­ռած է նաեւ մեր ՇԱ­ՐԱ­ԿԱ­Նը։

Սի­րե­լի որ­դեակ­ներ, գիտ­ցէ՛ք անգ­նա­հա­տե­լի յարգն ու ար­ժէ­քը այս անստ­գիւտ գան­ձա­րա­նին։ Մի՛ գտնուիք ան­փոյթ, դուք մա­նա­ւանդ դպիր­ներ, շա­րա­կան­նե­րու ուս­ման մէջ՝ ան­թե­րի խա­զեր­գու­թեամբ, ու­նե­նա­լու ձե­զի հա­մար, եւ հա­ղոր­դե­լու ու­րիշ­նե­րուն ա­նոնց ո­գե­կան մեծ վա­յել­քը։

Յօ­րի­նուածքն ու հիւ­սուա՛ծքն Ս. Պա­տա­րա­գին կամ սրբա­զան Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցին, զոր երգ­չա­խում­բե­րը կ՚եր­գեն բազ­մա­ձայն, դաշ­նա­ւո­րու­մո­վը զա­նա­զան հե­ղի­նակ­նե­րու, գլխա­ւո­րա­բար Կո­մի­տա­սի եւ Եկ­մա­լեա­նի, - մի՛ մոռ­նաք, սի­րե­լի եր­գա­սաց զա­ւակ­ներ, որ Շնոր­հա­լիին ջեր­միկ շո՛ւն­չը ո­գե­ւո­րած է նաեւ զայն, քա­հա­նա­յին ա­ղօթք­ներն ու սար­կա­ւա­գին քա­րոզ­նե­րը շղթա­յե­լով ի­րա­րու՝ եր­գի ոս­կեօ­ղակ­նե­րով, - «Հա՜յր երկ­նա­ւոր», «Որ­դի՜ Աս­տու­ծոյ», «Հո­գի՜ Աս­տու­ծոյ»։ Այս­տեղ եւս Նա­րե­կա­ցին Գրի­գոր եւ Շնոր­հա­լին Ներ­սէս հո­գեկ­ցոր­դուած են ի­րա­րու, ա­ռա­ջի­նը նա­խա­մուտ «Ա­մե­նա­կալ» ա­ղօթ­քով, եւ երկ­րոր­դը՝ Ս. Եր­րոր­դու­թեան ե­րեք ան­ձե­րուն նուի­րուած սոյն օրհ­ներ­գով։

Դուք հո­գե­զա­ւակ­ներն էք նաեւ այս եր­կու չնաշ­խար­հիկ լու­սապ­սա­կա­ւոր­նե­րուն։ Ին­չո՞ւ չու­նե­նաք, ու­րեմն, շուն­չը մէ­կին եւ շնոր­հը միւ­սին, ա­սոնց­մով ձեզ դարձ­նե­լու ո՛չ թէ աշ­խար­հա­տեաց, այլ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, գի­տա­կից այն ի­րա­կան գե­ղեց­կու­թեանց, թա­քուն եւ յայտ­նի, ո­րոնց­մով Ա­րա­րի­չը օժ­տած է եւ հարս­տա­ցու­ցած նաեւ ա՛յս աշ­խար­հը։

Այս աշ­խար­հին մէջ կ՚ապ­րիք դուք, հե­տե­ւա­բար բա­ժին ու­նիք, եւ ընտ­րե­լա­գոյն բա­ժի­նը, այդ գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րէն. պի­տի ը­սեմ՝ այդ վա­յելք­նե­րէն։ Ի­մաս­տո՛ւն ե­ղէք, թօ­թա­փե­ցէք ա­մէն նա­խա­պա­շա­րում եւ ի­ջէք ձեր մէջ՝ գտնե­լու այդ գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց լու­սաղ­բիւ­րը։ Եւ ա­հա Ե՛ր­գը -Աս­տու­ծոյ լե­զուն- որ պի­տի շար­ժէ ձեր լե­զու­նե­րը։

Եւ երբ այս գի­տակ­ցու­թեամբ բա­ցուին ձեր շրթնե­րը, ի՜նչ­պէս ձեր բե­րան­ներն ալ պի­տի եր­գեն օրհ­նու­թիւն­ներն Աս­տու­ծոյ։ Պի­տի օրհ­նուիք ե՛ւ դուք։ Եւ այս­պէս, դուք պի­տի ու­նե­նաք, սի­րե­լի որ­դեակ­ներ, կեանք մը մա­քուր, զգօն, զգաստ, ան­բա­սիր, զուարթ ու եր­ջա­նիկ, լի՝ սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան ա­նու­շա­համ եւ ան­մա­հա­րար պտուղ­նե­րով։ Պի­տի ստեղ­ծուի ձեր մէջ հո­գե­վի­ճակ մը ե­րա­նա­կան՝ զոր ո՛չ ոք եւ ո՛­չինչ կրնայ յափշ­տա­կել ձե­նէ։ Ձեր մէջ այ­լեւս տեղ պի­տի չու­նե­նայ, տեղ պի­տի չգտնեն հեռն ու ա­տե­լու­թիւ­նը, քէնն ու նա­խան­ձը, անձ­նա­սի­րու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը, կողմն ու բա­ժա­նու­մը։ Ար­տա­քին ո՛չ մէկ գրգիռ պի­տի կա­րե­նայ շար­ժել ձեր ջի­ղե­րը ցա­սու­մով, կրակ ձգե­լով ձեր կիր­քե­րուն մէջ։ Դուք իսկ պի­տի ըլ­լաք ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը, հա­մե­րաշ­խու­թեան այն բա՛րձր ո­գիով՝ որ գի­տէ տե­ղի չտա՛լ Չա­րին եւ նուի­րուիլ Բա­րիին, զօ­րաց­նե­լով միա­բա­նա­կան ան­շա­հախն­դիր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, բա­րո­յա­կան փո­խա­դարձ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով ու զի­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, երբ հա­սա­րա­կաց օ­գու­տը զա՛յդ պա­տան­ջէ։

Ես դի­տած եմ ձեր մէջ ազ­նուա­կան բան մը, բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տե­լի եւ գո­վե­լի։ Ա­տի­կա այն հա­ճոյքն է՝ զոր դուք կը զգաք, Կի­րա­կի եւ եր­բեմն ալ տօն օ­րեր հրա­ժա­րե­լով ձեր աշ­խար­հիկ վա­յելք­նե­րու ժա­մե­րուն մէկ մա­սէն եւ ե­կե­ղե­ցա­կան եր­գե­ցո­ղու­թեանց մէջ փնտռե­լով ան­փո­խա­րի­նե­լին։ Կը սի­րէք «հրեշ­տա­կա­յին եր­գակ­ցու­թեամբ», հրեշ­տա­կա­յին ո­գիով ու­նե­նալ ապ­րում­ներ՝ զորս հո­գե­ւոր ներշն­չու­մը կը ծնց­­նէ ձեր մէջ։ Կ՚ու­զեմ, որ ձեր բո­լոր շար­ժու­ձե­ւերն ալ, ձեր նիստն ու կա­ցը, ձեր մուտքն ու ել­քը, ձեր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ու­նե­նան կնի­քը այդ ներ­քին ան­կեղծ ու շնոր­հա­լի ապ­րում­նե­րուն եւ քրիս­տո­նէա­կան կեն­դա­նի հա­ւատ­քին։ Ա­սի­կա հրա­ւէր մը չէ՛ ձե­զի՝ դուրս գա­լու գե­ղեց­կու­թեանց աշ­խար­հէն, այլ հայ­րա­կան պա­տուէր մը՝ մնա­լու հոն, բա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան հե­տա­մուտ ու ծա­րա­ւի հո­գի­նե­րով։

Հա­մես­տու­թիւ­նը, պար­կեշ­տու­թիւ­նը, խո­նար­հու­թիւ­նը, վե­րաս­լաց թռիչք­նե­րո­վը շա­րա­կան­նե­րուն եւ եր­գե­րուն, կը բարձ­րաց­նեն ձեր հո­գի­նե­րը եւ քաղցր օ­ծու­թեամբ մը կ՚եր­ջան­կաց­նեն ձեր ան­հա­տա­կան, ըն­տա­նե­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քը։

Ա­ւե­տա­րա­նի լա՛ւ ըմբռ­նուած եւ ապ­րուած ո­գին կու տայ ձե­զի այս բո­լո­րը։

Սի­րե­լի դպիր եւ եր­գիչ որ­դեակ­ներ, չեմ ու­զեր որ ար­հա­մար­հէք ո­րե­ւէ կրօնք, որ հիմ­նուած ըլ­լայ ճշմար­տու­թեան, բա­րու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ։ Բայց կը պա­հան­ջեմ, որ գի­տակ­ցօ­րէն եւ խո­րա­պէս սի­րէք քրիս­տո­նէա­կան կրօն­քը՝ ո­րուն մէջ ծնած ու սնած էք ըն­տա­նե­կան դաս­տիա­րա­կու­թեամբ, եւ որ հաս­տա­տուած է ստեղ­ծա­գոր­ծող, փրկա­գոր­ծող, եւ ի­մաս­տաց­նող տիե­զե­րա­ծա­ւալ ու անս­պառ Լոյ­սի եւ Սի­րոյ ամ­րա­կուռ խա­րիս­խին վրայ։ Ան­կից բաժ­նուե­լու ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցու­ցիչ պատ­ճառ չէք կրնար ու­նե­նալ։

Չե՛մ նե­րեր նոյն­պէս, որ ստո­րագ­նա­հա­տէք ո­րե­ւէ դա­ւա­նանք՝ որ ձե­րը չէ, բայց կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը յանձ­նա­րա­րեմ ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տել պար­զա­գոյն դա­ւա­նան­քը մեր Ե­կե­ղեց­ւոյն եւ ա­սոր լայ­նա­խոհ ու հան­դուր­ժող ո­գին՝ զոր ժա­ռան­գած էք։ Ձեր քնա­րը չու­նե­նայ խժա­լուր ձայ­ներ՝ ո­րոնք ա­տե­լու­թե­նէն ա­ռած ըլ­լան ի­րենց խա­զե­րը։

Կրօն­քը ազ­նուա­կան կիրք մը եւ խո­րա­գոյն ազ­դում մըն է՝ բնա­կան եւ աս­տուա­ծա­յին միան­գա­մայն։

Պի­տի գտնէք զայն ձեր մէջ, երբ Դա­ւի­թին հետ նա­յիք եր­կին­քին։ Հո­գեգ­րաւ հա­մերգ մը կայ հոն գե­րա­զանց, զոր աստ­ղե­րը կ՚ո­գեն՝ լռիկ ի­րենց ցոլ­քե­րով ու պլպլում­նե­րով։ Հա­ւա­տա­ւորն ու բա­նաս­տեղ­ծը կը լսեն զայն եւ կը ձայ­նակ­ցին ա­նոր՝ մէկն իր ա­ղօթ­քով եւ միւսն իր քեր­թուած­նե­րով։

Գե­ղե­ցիկ ա­րուես­տի մը շունչն ու­նի այդ հա­մեր­գը, որ­մէ ե­րաժշ­տու­թիւնն ալ կ՚առ­նէ իր խա­զե­րը։

Ձե­զի խօ­սե­ցայ քնա­րի մը մա­սին՝ որ ձեր մէջ է։ Ա­նով կը հնչէ ու կ՚եր­գէ նաեւ այդ քնա­րը։ Քնա­րեր­գու­թիւն մըն է, ար­դա­րեւ, սրբա­զան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Կը գտնէք զայն Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցիին մէջ, ո՜վ դուք, որ դպիր­ներն ու եր­գիչ­ներն էք ա­նոր։

Կը գտնէք զայն գո­հար շա­րա­կան­նե­րուն եւ Ս. Պա­տա­րա­գի անն­ման դաշ­ներ­գու­թեան մէջ։

Կեան­քը ինք­նին երգ մըն է, մերթ ող­բեր­գու­թիւն, մերթ դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւն, մերթ քնա­րեր­գու­թեան եւ օրհ­ներ­գու­թիւն։ Այս բո­լորն ալ կան սրբա­զան ե­րաժշ­տու­թեան մէջ։ Վկայ՝ մեր շա­րա­կան­նե­րը։ Երգ մըն է նաեւ քրիս­տո­նէա­կան կրօ­նը, որ «լիա­ռատ կեանք»ն է։

Կը տես­նէ՞ք, թէ ի՜նչ գան­ձեր կան ձեր առ­ջեւ բա­ցուած կամ ծած­կուած։

Մի՛ մոռ­նաք նաեւ, որ քրիս­տո­նէա­կան կրօնն ալ, եւ ան­կէ ներշն­չուած Հայ Ե­կե­ղե­ցին, ձեր վրայ կը դնեն հայ­րե­նա­սի­րա­կան ան­զան­ցա­ռե­լի պար­տա­կա­նու­թիւն մը եւս՝ ան­կեղծ սի­րով, հա­ւա­տար­մօ­րէն եւ խան­դա­վառ հո­գիով ծա­ռա­յե­լու այն երկ­րին՝ ուր ծներ էք եւ ո­րուն մէջ կ՚ապ­րիք՝ վա­յե­լե­լով քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­մէն ի­րա­ւունք։

Օրհ­նե­ցէ՛ք ցնծու­թեամբ եւ փա­ռա­բա­նե­ցէք ձեր սրտա­բուխ եւ ո­գե­ւո­րիչ եր­գե­րով ձեր այս հայ­րե­նի­քը…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 17, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015