ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՍՏՈՒԳՈՒՄ
Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականներուն զօրակցելու համար Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ անցեալ շաբաթավերջին ստեղծուած յանձնախումբը արդէն ձեռնարկած է աշխատանքի։ Գաղթականաց յանձնախումբը անհրաժեշտ համարած էր առաջին հերթին ապահովել վիճակագրական ստոյգ տուեալներ, մանաւանդ Եոզղատի մէջ հաստատուած 72 իրաքահայ գաղթականներու պարագային։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այս շրջագծով յանձնախումբի անդամները երէկ այցելեցին Եոզղատ, ուր տեսակցեցան կուսակալ Ապտիւլքատիր Եազըճըի հետ։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի կողմէ գլխաւորուած խումբի կազմին մէջ էին Տիանա Գամբարոսեան, Յովսէփ Արզուման եւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենակէն Մութեպէր Եըլմազճան։ Կուսակալին հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին յանձնախումբի անդամները բացատրութիւններ տուին իրենց շփումներու նպատակին շուրջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին գաղթականներու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ Ամփոփ կարծիքի փոխանակումներէ վերջ, Ապտիւլքատիր Եազըճը ընդգծեց, թէ իրաքահայ գաղթականներու հարցը առարկայ է նաեւ իրենց ուշադրութեան ու կը ջանան կարելիութիւններու սահմանէն ներս ցուցաբերել լաւագոյն օժանդակութիւնը։
Կուսակալէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, գաղթականաց յանձնախումբի անդամները այցելեցին Եոզղատի մէջ հաստատուած իրաքահայ գաղթականներէն մէկուն բնակարանը, ուր տեսակցեցան ամբողջ խումբին հետ։ Տէր Հայրը եւ յանձնախումբի անդամները մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին անոնց կարիքներուն շուրջ։
Եոզղատի շփումներէն վերջ յանձնախումբի անդամները ուշ երեկոյեան վերադարձան Իսթանպուլ։
Միւս կողմէ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ կազմակերպուած ամանորեան հաւաքոյթին ընթացքին յայտնեց, թէ Եոզղատի մէջ հաստատուած իրաքահայ գաղթականները ընդհանրապէս չեն փափաքած գալ Իսթանպուլ։ Բացառութեամբ քանի մը հատէն, Եոզղատ մեկնած գաղթականաց յանձնախումբը ստուգած է, թէ իրաքահայ գաղթականները կը նախընտրեն մնալ այնտեղ։