ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը երէկ երեկոյեան աւանդական հաւաքոյթով մը ողջունեց 2016 թուականը։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի Դպրեվանքի երդիքին տակ մասնաւոր ընթրիք մը կը կազմակերպուի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին։ Այս աւանդութիւնը շարունակուեցաւ երէկ երեկոյեան, երբ Դպրեվանքի ընտանիքը թարմ յոյսերով եւ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով դիմաւորեց Նոր տարին։
Ընթրիքի սեղանին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Տարեմուտի հրճուանքի մթնոլորտին մէջ երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Աննա Թերզիի եւ Սեւան Ժան Յակոբեանի։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին խնամակալութեան ատենա-պետ Թորոս Ալճան եւ տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։ Տղաքը հանդէս եկան սքէչներով։ Դաշնակի նուագներ կատարեցին Ռեպեքա Սուսմաք եւ Մասիս Քափը։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Յուսիկ Սաքմանի մականին ներքեւ վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց երգեր։ Այս հանգրուանին մեներգներով հանդէս եկան Լինտա Չարըքլըեան եւ Լառա Տանաճըօղլու։
Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանն ալ հաւաքոյթի մասնակիցներուն դիմեց ողջոյնի խօսքով մը, իսկ երեկոյթը աւարտին հասաւ Ընդհանուր Փոխանորդի հուսկ բանքով։ Այս առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի բոլոր անդամներուն մաղթեց բարի Ամանոր մը։ Ան ըսաւ, թէ մաղթանքները որքան որ ալ ըլլան դրական՝ աշխարհի առկայ ընթացքը ներկայիս մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ բոլորին մօտ։ Մեր համայնքն ալ չի կրնար մնալ անտարբեր, որովհետեւ մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն բերումով կը տուժեն նաեւ հայեր։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, թէ համայնքը չի կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգակիցներու, արենակիցներու դիմագրաւած ողբերգութեան պարագային։ Ան դիտել տուաւ, թէ ներկայիս Եոզղատի մէջ ապաստան գտած են Իրաքէն գաղթած հայեր եւ տակաւին ստոյգ տեղեկութիւններու պակասով հանդերձ՝ շրջագայութեան մէջ կը գտնուին բազում տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ կան հայ գաղթականներ։ Վերջերս յայտնաբերուած է, որ Տիւզճէի մէջ կը գտնուին եւս երեսուն հայեր։ Սուրիոյ իրադրութիւնը տեղւոյն հայերուն տեսակէտէ օրհասական պայմաններ յառաջացուցած է։ Այս բոլորի լոյսին տակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց, թէ համայնքը պէտք է օգնութեան ձեռք երկարէ գաղթականներուն։
Աւելի վերջ Նորին Սրբազնութիւնը խօսք ուղղեց Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներուն ու շեշտեց, թէ դպրոցի երդիքին տակ կը թեւածեն մեր նախկին պատրիարքներու հոգիները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց նաեւ, որ թէեւ այսօրուան ձեւաչափին մէջ Ս. Խաչ դպրեվանքը հիմնուած է 1950-ականներուն, սակայն մեր իրականութեան մօտ արդէն շուրջ 700 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է դպրեվանք մը։ Հետեւաբար, ան մերօրեայ աշակերտութեան յորդորեց գիտակցիլ այդ ժառանգութեան եւ ըլլալ անոր արժանի յաջորդը։
Դպրեվանքցիներու Ամանորի հաւաքոյթը աւարտին հասաւ միասնական աղօթքով։