ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
2016 թուականը Հայաստանի մէջ կը դիմաւորուի աննախընթաց խանդավառութեամբ։ Այս տարի եւս ամբողջ ժողովուրդին հիմնական մաղթանքն ու ակնկալութիւնն է խաղաղութիւնը։ Պետական աւագանիի դէմքերէն սկսեալ մինչեւ պարզ քաղաքացիները՝ Հայաստանի մէջ ամէն մարդ անկեղծ արտայայտութիւններով կ՚արտայայտէ խաղաղութեան վերաբերեալ ակնկալութիւնները։
Այս տարի եւս Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ընկերամշակութային առումով մեծ եռուզեռ մը ստեղծուած է Նայիրեան երկրէն ներս։ Քաղաքամայր Երեւանի սրտին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երկինք խոյացած է աւանդական հսկայ տօնածառը, որ լուսաւորուած է սքանչելի ձեւով։ Նոյն հրապարակին վրայ տօնական շրջանին բնորոշ բազում ձեռնարկներ կազմակերպուեցան վերջին օրերուն եւ անոնք պիտի շարունակուին մինչեւ Հին Ամանորը։
Ի լրումն այս բոլորին, Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ ամանորեան աւանդական տօնավաճառը, որ այս տարի պսակուեցաւ արտասովոր յաջողութեամբ։ Հայաստանի բոլոր մարզերէն եւ Երեւանէն կին արտադրողներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ անհատներ խանդավառ մասնակցութիւն բերին քաղաքապետարանի ճեմասրահին մէջ կազմակերպուած այս բարեգործական տօնավաճառին։ Բազմատասնեակ տաղաւարներուն շուրջ մարդիկ համախմբուեցան՝ գնումներ ընելով, նաեւ հետեւելով յարակից կազմակերպուած մշակութային ծրագրերուն։ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններու եւ դիւանագէտներու բուռն մասնակցութիւնն ալ չէր սպրդեր ուշադրութենէ։
Ի լրումն այս բոլորին, Հանրապետութեան նախագահի ապարանքն ալ այս տարի եւս իր դռները լայն բացած էր Հայաստանի մանուկներուն համար՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին։ Երեւանի նախագահական ապարանքի մեծ դահլիճի երդիքին տակ յարդարուած շքեղ տօնածառը խումբ առ խումբ համախմբեց երկրի մանուկները։ Նախագահական ապարանքը կարծես դարձած ըլլար մատղաշ սերունդի ժամադրավայրը, ուր անոնց համար կազմակերպուեցան խրախճանքներ։ Մանուկները հաճելի ժամանց ունեցան հտպիտներու հսկողութեան ներքեւ եւ Կաղանդ պապուկին ձեռամբ նուէրներ ստացան՝ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանին կողմէ։
Ամանորի առթիւ պետական աւագանին Վեհափառ Հայրապետին հետ յարգանքի այց մըն ալ տուաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։