ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՕՐԱՑՈՅՑԸ
2016 եւ 2017 թուականներուն յատուկ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ճշդուած հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ ընդգրկուեցան հայ ժողովուրդին կողմէ յատկանշական երկու իրադարձութիւններ։ Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666 թուական) 350-ամեակը եւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի (1817-1900) ծննդեան 200-ամեակը ընդգրկուեցան վերոյիշեալ օրացոյցին մէջ։
Սոյն կարգադրութիւնը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ կատարուեցաւ Հայաստանի անունով ներկայացուած առաջարկներու վրայ։ Այսպէսով, 1998 թուկանէն առ այսօր հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ ներառնուած եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 21 յոբելենական տարեթիւ։