Կենսունակութիւնը Բարձրացնելու Կանոններ
Ձմրան ընթացքին շատերը մշտական թուլութիւն կը զգան, ուժասպառութիւն: Այդ պահերուն ոչինչ կարելի է ընել: Սակայն պէտք չէ յուսահատիլ, կենսունակութիւնը վերադարձնելը այնքան ալ դժուար չէ:
Կենսունակութիւնը բարձրացնելու եւ դրականօրէն տրամադրուելու քանի մը կանոն.
- Օրուան կանոնակարգ. Որպէսզի կրկին դուք ձեզ թարմ զգաք, առաջին հերթին պէտք է կարգաւորէք ձեր օրը: Արթնցէք եւ քնացէք միշտ նոյն ժամերուն, ինչպէս աշխատանքային, այնպէս ալ հանգստեան օրերուն: Վերջ տուէք արթննալէն ետք անկողին մնալու սովորութեան: Եթէ կը փափաքիք ունենալ արդիւնաւէտ օր մը, պէտք է ձգուիլ եւ ելլել անկողինէն:
- Լուացուեցէք պաղ ջուրով. Անիկա կ՚օգնէ աւելի շուտ դուրս գալ քունի վիճակէն:
- Մարզանք. Կատարեցէք առաւօտեան մարզանք: Յայտնի է, որ իւրաքանչիւր ֆիզիքական աշխուժութիւն կը նպաստէ մարմնի մէջ ուրախութեան հարմոնի աճին: Այդ պատճառով ֆիզիքական աշխուժութենէն ետք կու գայ հանգիստի եւ բաւարարման զգացողութիւն:
- Սիրած երաժշտութիւն. Տրամադրութեան բարձրացման համար միացուցէք ձեր սիրած երաժշտութիւնը: Եթէ դուրսը արեւ է, բացէք վարագոյրները: Ցերեկուան լոյսը ուժ եւ դրական տրամադրութիւն կու տայ:
- Ճիշդ նախաճաշ. Այնուհետեւ պատրաստեցէք ճիշդ նախաճաշ: Ընտրեցէք համեղ եւ օգտակար մթերքներ՝ վարսակ, ընկոյզ: Սուրճը աւելի լաւ է փոխարինել կանաչ թէյով, կրնաք աւելցնել քիչ մը լեմոն: Հիմնական սննունդի ընդունման միջոցներուն կրնաք պտուղ ուտել:
- Խոտաբոյսերով թուրմեր. Բացի կենսանիւթերէն, ուժերը կարելի է վերականգնել խոտաբոյսերով:
- Դրական տրամադրուածութիւն. Եթէ դիտարկենք կենսունակութեան բացակայութեան խնդիրը հոգեբանական տեսանկիւնէն, պիտի նկատենք հասարակ կանոն մը՝ կարելի չէ յուսահատիլ, եթէ նոյնիսկ ձեր մօտ անյաջողութիւններու շրջան է: Գեղեցիկ հագուստը եւ շրջակայքի վառ պարագաները կ՚օգնեն դրական տրամադրուելու համար:
- Զբօսանքներ մաքուր օդին. Խորհուրդ կը տրուի յաճախ մաքուր օդի համար դուրս գալ եւ օրական գոնէ 30 վայրկեան քալել, նոյնիսկ եթէ ցուրտ է, կամ՝ տաք: Լաւ պիտի ըլլայ քալելը սովորութիւն դարձնել:
- Եթերային իւղերով լոգանք ընդունիլ. Լիցքաթափուելու համար կարելի է այցելել բաղնիք կամ սաունա: Կամ շաբաթը մէկ անգամ եթերային իւղերով լոգանք ընդունիլ:
- Ժամանց. Ոչ պակաս կարեւոր է այցելել այնպիսի տեղեր, ուր դրական մարդիկ ըլլան, ինչպէս համերգ, ցուցահանդէս, թատրոն: Ամէն պարագայի, շրջապատի դրական ուժը անպայման կը փոխանցուի նաեւ ձեզի:
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024