Կաղանդ Պապուկին Նուէրը՝ Փայտահատին
Դարեր առաջ, ինչպէս այսօր, պայծառ է եղած երկինքը: Հակառակ ձմրան սաստիկ ցուրտին, Կաղանդ պապուկը կը պատրաստուի յաջորդող շաբաթներուն սկսելու իր ճամբորդութեան եւ Ամանորի առիթով բաժնելու իր նուէրները:
Ծանօթ գիւղի մը զաւակ փայտահատը առաւօտուն կանուխ կ՚արթննայ, ինչպէս սովոր է միշտ: Ձիւնը սպիտակով ծածկած էր ամբողջ գիւղը, երկինքը պայծառ կապոյտով կը ժպտէր, բնութեան հրաշք գեղեցկութիւնը ուրախութեամբ կը բարեւէր բոլոր անոնց, որոնք կ՚անցնէին գիւղի ծաղկաւէտ թաղերէն:
Փայտահատը կ՚որոշէ երթալ անտառ, ոչ թէ իր սովորական գործը կատարելու, այլեւ այս անգամ պտտելու ձիւնածածկ անտառին խորերը, ծանօթանալու իր բարեկամ կենդանիներուն, անոնց հետ ըլլալու եւ վայելելու սպիտակ ձիւնին լռութիւնը:
Փայտահատը որքան կը խորանար անտառին մէջ, այնքան իր դիմաց կը բացուէին բնութեան նորաբոյր գեղեցկութիւնները: Ան թէեւ ծանօթ էր անտառի մանրամասնութիւններու՝ արահետներ, հոսող առուակներ, հովիտներ, եւ այլն, սակայն այս անգամ պայծառ երկինքը կարծես զինք կ՚առաջնորդէր տարբեր վայր մը:
Բաւական քալելէ ետք անտառի սպիտակ տարածքին վրայ, յանկարծ փայտահատին ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ գեղեցիկ կառոյց ունեցող փայտաշէն մեծ տուն մը:
Տուն մը, որ շրջապատուած է ագարակով, ուր բազմաթիւ տեսակի անասուններ իրենց հանգիստը կ՚առնէին պայծառ երկինքին տակ:
Տուն մը, որուն շուրջ բոլորը տեսանելի է վայրի ծաղիկներու եւ բարձրաբերձ ծառերու տեսականի:
Տուն մը, որուն առաստաղը, պատերն ու պատուհանները ծածկուած էին կանաչ բոյսերով եւ գունաւոր տերեւներով:
Տուն մը, որ ունի ծխնելոյզ, ուրկէ կ՚արձակուին ճարճատող փայտերու ձայներն ու սպիտակ ծուխի գոլորշիներ:
Մէկ խօսքով՝ հրաշալի գեղեցկութեամբ տուն մը, որ գրաւեց փայտահատին ուշադրութիւնը իր հրապուրիչ եւ գրաւիչ տեսքով եւ մղեց զայն, որ աւելի մօտենայ եւ հետաքրքրուի անոր բնակիչներուն գոյութեամբ:
Փայտահատը կը մտնէ տան ցանկապատէն ներս՝ զարմանքի զգացումը դէմքին: Ան կը հնչեցնէ զանգը, որ կախուած էր դրան վրայ, եւ լսելէ ետք «հրամմէ» բացագանչութիւնը կը հրէ դուռը եւ կը մտնէ ներս: Այդ րոպէին փայտահատի զարմանքը կը բազմապատկուի, երբ կը տեսնէ բազկաթոռի մը վրայ նստած Կաղանդ պապուկը, որ անուշիկ ժպիտով մը կը հիւրընկալէ զինք:
Անոր համար այս անակնկալը բացառիկ նշանակութիւն ունէր: Ան իր սեւ աչքերով կը սկսի զննել Կաղանդ պապուկին կարմրուկ այտերը, կլոր եւ ժպիտով լեցուն դէմքը, վայելուչ սպիտակ մօրուսը, անոր հագած կարմրաւուն տաբատը եւ սեւ մոյկերը:
Քիչ ետք, երբ փայտահատը կը սկսի լուռ պտըտիլ հսկայ տան մէջ, յանկարծ անոր դէմքին վրայ կը գծուին ուրախութեան փայլուն ալիքներ: Ան կը տեսնէ, թէ տան պատերէն կախուած են հարիւրաւոր գոյնզգոյն եւ շատ անուշիկ գուլպաներ զանազան չափերով եւ տեսքով: Եւ իւրաքանչիւրին վրայ արձանագրուած էր անուն ու մականուն:
Կաղանդ պապուկը անձայն կը հետեւի անոր շարժումներուն:
Փայտահատը յամրաքայլ կը մօտենայ Կաղանդ պապուկին եւ կը նստի անոր մօտ: Կրակարանին մէջ այրող փայտերուն ճարճատիւնը կարծես համանուագ մըն էր, իսկ տաք կրակին արձակած կարմիր գոյնի երանգները՝ մէյ-մէկ երազային պատկերներ ըլլային:
Մանկութեան օրերէն փայտահատին համար շատ ուրախանալի կը թուէին Կաղանդ պապուկին հետ կապ-ւած հէքիաթները: Հիմա ան իր աչքերով կը տեսնէր այն բոլորը, որոնց մասին լսած էր:
Փայտահատը տան մուտքին տեսած էր Կաղանդ պապուկին մեծ սահնակը, սեւ եւ փայլուն աչքերով ահագին եղնիկներ, պատերուն վրայ կախուած գուլպաներու տեսականին, նուէրներու հսկայ կոյտ մը, որոնք կը փաթթուէին վայելուչ ու պատկերազարդ թուղթերով եւ կը զետեղուէին կարմիր տոպրակներու մէջ, որպէսզի Կաղանդի գիշեր Կաղանդ պապուկը շրջէր տուները, իջնէր ծխնելոյզներէն եւ գուլպաներու մէջ զետեղէր երախաներուն նուէրները:
Այս բոլորը իրականութիւն էին ուրեմն: Լեռնցի փայտահատին ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնէր, երբ յանկարծ իր աչքին կ՚իյնար անուն ու մականուն մը՝ կարմիր գուլպայի մը վրայ: Մօտենալէ ետք ան կը կարդայ եւ փայլուն աչքերով կը տեսնէ, թէ արձանագրուածը իր անունն ու մականունն էր:
Չէ՞ որ Կաղանդ պապուկը շատ լաւ կը հասկնար իւրաքանչիւր բարի անձի, երախայի ու մանուկի միտքերն ու երազները. ան գիտցեր էր նաեւ՝ այս կեանքէն փայտահատի ակնկալութիւնը:
Կաղանդ պապուկը տիեզերական ուժ ունեցող հսկայ մըն է: Ան իր սահնակով կը թռչի եւ եղնիկներուն օգնութեամբ կը ճամբորդէ երկրէ երկիր, եւ այնքան զօրաւոր ուժ ունի, որ մէկ գիշերուան մէջ հազարաւոր մարդոց ուրախութեան պատճառ կը դառնայ՝ անոնց բաժնելով նուէրներ եւ կատարելով անոնց երազային աշխարհին փափաքները:
Կաղանդ պապուկը իմաստուն մարդ է եւ շատ լաւ կը հասկնայ մարդ արարածին հոգեկան աշխարհն եւ անոր թաքուն մտածումները. ան կը սկսի զրուցել փայտահատին հետ եւ կը փորձէ անոր մտածումներուն բացատրութիւններ տալ, որպէսզի ան շարունակէ երազել եւ գործել առանց յուսահատութեան:
Կաղանդ պապուկը յանկարծ հարց կու տայ անոր, թէ ինչո՞ւ ան դադրած է վազելէ իր երազներուն ետեւէն, եւ ձեւով մը յանձնուած չոր իրականութեան:
Փայտահատը կը շշմի եւ շուարած վիճակի մատնուելով կը նայի Կաղանդ պապուկին ժպիտով լեցուն դէմքին: Ան կը յիշէ, թէ մէկ օր առաջ այս նախադասութիւնը, որ Կաղանդ պապուկը կ՚ըսէր, ինք յայտնած էր իր բարեկամին եւ ըսած էր գրեթէ նոյն խօսքը,- վազել կեանքի երազներուն ետեւէն եւ չվհատիլ, այդ է գեղեցկութիւնը:
Զարմանալի բաներ տեղի կ՛ունենային:
Կամաց-կամաց զրոյցը կը խորանար երկուքի միջեւ: Կաղանդ պապուկը փայտահատին բոլոր հարցումներուն կը պատասխանէր եւ միշտ լաւատեսութեամբ յագեցած՝ իր պատգամը կը փոխանցէր: Կաղանդ պապուկը մօտէն ծանօթ էր անոր մտածումներուն, ապրելու եղանակին, նկարագիրին, երազներուն, խենթութիւններուն եւ ներկայի կեանքին:
Եւ ուրախ մէկ վայրկեանին, Կաղանդ պապուկը կ՚առաջարկէր անոր, որ այս տարի Կաղանդի կէս գիշերին միասին բաժնէին նուէրները եւ պտըտէին երկրէ երկիր, տեսնելու մարդոց ուրախութիւններն ու հաւաքոյթներու ընթացքին երախաներու գեղեցիկ աշխարհները:
Փայտահատին զարմանքը աւելի կը խորանայ, երբ կը լսէ Կաղանդ պապուկի առաջարկը: Ան կը սկսի շփել իր աչքերն ու դէմքը վստահ ըլլալու, թէ չ՚երազեր: Ամէն ինչ իրական էր, իր բոլոր տեսածները շօշափելի:
Փայտահատը կը պայմանաւորուի Կաղանդ պապուկի հետ եւ կ՚ուզէ տունէն դուրս ցատկել իր ուրախութիւնը բարձրաձայն յայտնելու: Հազիւ տունէն դուրս ելած ան կը տեսնէ պայծառ եւ կապոյտ երկինքին տակ արածող եղնիկներուն ուրախութիւնը:
Անոնց դէմքը փայլուն էր, բայց խիստ ու սուր նայուածքով լեցուն: Անոնց ոսկեգոյն մազերն ու հագած անուշիկ տարազները կը պլպլային աստղերու նման:
Փայտահատը՝ յանձնուած այդ պահու գեղեցկութեան, աչքերը կը բանայ եւ ժպիտով լեցուն կը դիմաւորէ առաւօտը: Ան երազ էր տեսած: Դուրսը գիւղի թռչունները իրենց գեղեցիկ համանուագը կ՚երգէին, արեւուն ճառագայթները տարածուած էր պայծառ երկինքին վրայ եւ այդ միջոցին անոր աչքերը կը յարին դէպի լերան գագաթը, ուր, կ՚ըսեն, թէ կ՚ապրին պարիկները: Հոն անոնք ուրախ կ՚երգէին ու կը նուագէին իրենց կեանքի համանուագը:
Փայտահատին սուր լսողութիւնը ծանօթ էր այդ երաժշտութեան, կեանքով լեցուն երգերուն:
Ան հոգեկան ուրախութեամբ եւ յոգնած կը յանձնուի առաւօտեան քունին՝ յուսալով, որ կրկին կը հանդիպի իր բարեկամ Կաղանդ պապուկին:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ