ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ տարուան վերջին օրը Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր ընկերները։ Խումբին միացած էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։
Նկատի ունենալով, որ Յունուարի 17-ին տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ Ղալաթիոյ խնամակալները նախօրէին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան եւ հաստատութեան ներկայ վիճակին շուրջ փոխանցել տեղեկութիւններ։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ կայանալիք հանդիսութիւններուն ընդառաջ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց Ղալաթիոյ մէջ տարուած աշխատանքները, յղեց իր յարատեւութեան մաղթանքն ու օրհնութիւնները։