ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ
Ճրագալոյցի ուրախարար օրն է: Վաղը համայն հայութիւնը կը տօնէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, իսկ մինչ այդ, այսօր, նախատօնակի այս հրաշալի առիթով, կը համախմբուի եկեղեցւոյ մէջ՝ ներկայ ըլլալու Ճրագալոյցի պատարագին:
Ի տարբերութիւն Սփիւռքի, ուր հայերը Ճրագալոյցը (Խթումը) կը նշեն նաեւ տօնական սեղաններուն շուրջ, Հայաստանի մէջ, հայաստանցիներու շրջանակէն ներս ընդունուած չէ Սուրբ Ծնունդի նախորդ օրը մասնաւոր Ճրագալոյցի կերակուրներ պատրաստել եւ համախմբուիլ Խթումի երեկոյեան:
Մինչ այդ, Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները այլ աւանդոյթով մը կը տօնեն նախատօնակ այս օրը:
Հայաստանի մէջ Ճրագալոյցը ընտանեկան սեղանի շուրջ համախմբման առիթի վերածած են վերջին տարիներուն հաստատուած սուրիահայ ընտանիքները, որոնք հայրենիքի մէջ գրեթէ պահպանած են սուրիական համայնքի աւանդոյթները եւ կը շարունակեն նշել ինչպէս Ճրագալոյցի ընտանեկան նախատօնակները, այնպէս ալ՝ այլ աւանդոյթներ, զորս սովորութիւն չունին նշելու հայաստանցիները, ինչպէս՝ Միջինք եւ այլ առիթներ:
Սուրիական պատերազմը դաժան հարուած մըն էր ողջ Սուրիոյ համար, իսկ հայութիւնը պարզապէս կրեց այդ արհաւիրքի անմիջական ազդեցութիւնը, եւ տարիներով կազմակերպուած ու կառոյցներ ստեղծած գաղութը ցիրուցան եղաւ: Հայաստան տեղափոխուեցան 4000-7000 սուրիահայեր, որոնց մէկ մասը տեղաշարժուեցաւ՝ Եւրոպա, Լիբանան կամ ետ՝ Սուրիա երթալով, իսկ Հայաստան եկածներուն հիմնական մասը մնաց երկրին մէջ եւ այստեղ յառաջացաւ պզտիկ սուրիական համայնք մը, որ փորձեց միասին ըլլալով յաղթահարել պատերազմի դաժան հարուածներուն հետքերը: Անոնց մէկ մասը կորսնցուցած է ամէն ինչ, միւս մասը՝ անորոշութեան մէջ է, շատեր սպասումով են, որ պատերազմը այլեւս կը վերջանայ եւ կը վերադառնան իրենց տուները, իսկ ընդհանրապէս, չեն կորսնցներ յոյսը եւ կը փորձեն տուներէն հեռու ուրախ առիթներ ստեղծել՝ նշելու համար իրենց սիրելի տօները, ուրախացնելու պզտիկները:
Կաղանդի գիշերը Երեւանի մէջ բնակող սուրիահայ տասնեակ ընտանիքներ համախմբուած էին «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկի երդիքին տակ՝ մասնակից ըլլալու հալէպահայ սիրուած երգիչ Յովսէփ Գասպարեանի եւ իր «Կոմիտաս» նուագախումբի ելոյթին: Մինչ պատերազմական տարիներուն Յովսէփ Գասպարեանի եւ անոր նուագախումբի ելոյթները սպասուած առիթներ էին Սուրիոյ մէջ: Հայկական ժողովրդական, ազգային երգերու սիրելի կատարումներով երգիչն ու նուագախումբը ծանօթ ու սպասուած անուններ էին Սուրիոյ մէջ, նոյնպէս՝ Սուրիայէն դուրս, այլ հայկական համայնքներու մէջ: Պատերազմէն ետք Յովսէփ եւ իր նուագախումբի տղաքը նոյնպէս հեռացան Հալէպէն, առաջին տարին հաստատուեցան Հայաստան, սակայն յետոյ հեռացան եւ այսօր Եւրոպայի հայկական շրջանակներէն ներս կը տանին իրենց երաժշտական գործունէութիւնը:
Յովսէփի եւ իր նուագախումբի հայաստանեան այս Կաղանդի ելոյթը իրապէս նուէր մըն էր սուրիահայերուն համար, որոնք փութացին գնելու սիրելի երգիչի համերգի տոմսակները եւ Կաղանդի գիշերը անցընել անոնց ընկերակցութեամբ: Հաճելի երեկոյթի խանդավառ մթնոլորտը երկար ժամանակ ջերմ յիշողութիւն մը ըլլալով կը մնայ անցեալի յուշերը վերապարած սուրիահայերուն համար։ Անոնք «Արմենիա Մարիոթ»ին մէջ վայելեցին իրապէս տօնական երեկոյ մը:
Սուրիահայ ընտանիքներու երախաներուն համար Հայաստանի մէջ Կաղանդի նուէրներ պատրաստած են ինչպէս քաղաքապետարանը, Սփիւռքի նախարարութիւնը, այնպէս ալ՝ սուրիահայերու հարցերը համակարգող միութիւններ, որոնցմէ նշանաւոր է «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը, որ ո՛չ կառավարական եւ ոչ ալ շահոյթ հետապնդող կազմակերպութիւն մըն է: Ան հիմնադրուած եւ արձանագրուած է 2013 թուականին՝ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղ մը ունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Հալէպ» կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է տրամադրել շտապ օգնութիւն՝ սուրիացի ամենախոցելի ընտանիքներուն եւ անհատներուն՝ ապահովելով առաջնահերթ օգնութիւն եւ հիմնական լուծումներ, դիւրացնելու համար Հայաստանի մէջ սուրիացիներու բնակեցութիւնն ու յարմարեցումը: Երկու տարիներու ընթացքին այս կազմակերպութիւնը ամէն ինչ ըրած է՝ ապահովելով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիացիներու բարօրութիւնը եւ արժանապատիւ կեանքի պայմանները՝ արգելք հանդիսանալով արտագաղթի հրատապ երեւոյթին՝ որպէսզի անոնք համախմբուած մնան Հայաստանի մէջ եւ սուրիական քաղաքացիական պատերազմի աւարտին հնարաւորութիւն ունենան վերադառնալ եւ տէր կանգնիլ իրենց սեփական ստացուածքին: Կաղանդի օրերուն կազմակերպութիւնը տօնական խրախճանք կազմակերպած էր սուրիահայ երախաներու եւ պատանիներու համար, գեղարուեստական յայտագիր ու նուէրներ պատրաստած էր անոնց համար, նաեւ առանձին ձեռնարկով մը ուրախացուցած էր հաշմանդամ սուրիահայերու երախաներու «Արեւիկ» կեդրոնի սաները: Այս կազմակերպութեան հիմնական միջոցները կը գոյանան բարերարներու նուիրա-տըւութիւններէն եւ միջազգային հիմնադրամներու եւ կառոյցներու նիւթական օժանդակութիւններէն: «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը արդէն ութ բնակարան գնած է Հայաստան բնակող կարիքաւոր սուրիահայերու համար. բնակարանները կը գնեն բարերարները, անոնք կը պատկանին բարերարներուն, նորոգումն ու կահաւորումը կը կատարէ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակը, իսկ սուրիահայերը այդ տուներուն մէջ կը բնակին առանց վարձավճարներու, մինչեւ եօթ տարի նախնական ժամկէտով:
Կաղանդի եւ այլ տօներու նուէրներու կարգին սովորաբար «Հալէպ» միութիւնը կը կարեւորէ ձեռագործ իրերու արժէքը եւ միշտ կը ջանայ իր շուրջ համախմբուած սուրիահայ կիներու օգնութեամբ ձեռագործ իրեր, յուշանուէրներ, հիւսուածքներ եւ այլ ձեռքի գործեր պատրաստել, որոնց մէջ նաեւ կը պահպանուին Հալէպի հայկական ձեռագործական, տնայնագործական աւանդոյթները: Սովորաբար նաեւ պզտիկ տօնավաճառներ կը կազմակերպեն, ուտելիքներ եւ այլ իրեր կը վաճառեն ու հասոյթը կրկին կ՚ուղղեն Հայաստան բնակող սուրիահայ կարիքաւորներուն: Կաղանդի առթիւ կազմակերպուող այդ տօնավաճառները նոյնպէս հալէպեան ազգային կեանքէն Հայաստան բերուած աւանդոյթ մըն է, զոր կը պահեն սուրիահայերը:
Ամենէն կարեւոր աւանդոյթը, անշուշտ, պահպանումն է ուտեստային մշակոյթին, զոր սուրիահայերը ոչ միայն Հայաստան բերած են, այլ նաեւ տարածած են հայաստանցիներու մէջ:
Կաղանդը սուրիահայերը դիմաւորեցին արեւմտահայկական խոհանոցին բնորոշ ճաշերով՝ պատրաստեցին լեցուած հաւ, միսով եւ կանաչեղէնով փաթոյթներ, խմորով եւ պանիրով ծալիկներ, կոլոլակներ, ընկոյզով, կասիայով անուշեղէն եւ այն ամէնը, ինչ որ մշտապէս Կաղանդի շրջանին կը պատրաստէին Հալէպ գտնուած օրերուն: Իսկ Նոր տարուան առաջին օրուան սովորաբար կը սկսին մածունով կոլոլակով (մածունով քէօֆթէ), այն յոյսով, որ տարին ճերմակ կը սկսի:
Խթումի կերակուրներու շարքին հալէպահայերը կը կարեւորեն ծեծածով ապուրը, ազատքեղով ձուածեղը: Իսկ հայաստանցիները այդ օրը տակաւին կը շարունակեն Կաղանդի սեղանը եւ մասնաւոր պատրաստութիւն չեն տեսներ Խթումի գիշերուան համար, ի տարբերութիւն Սուրբ Ծնունդի, որու համար թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Սփիւռքի մէջ աւանդական հայկական տօնական ճաշացանկ ընդունուած է՝ ձուկ, հարիսա, քէշքէք, ապուխտ, եղինձ, չոր բանջարով ապուր, Սուրբ Ծննդեան գաթայ եւ փախլաւա, գինի:
Ընտանեկան սեղանի շուրջ ամէն մարդ կը խորհի Սուրբ Ծննդեան երկուհազարամեայ խորհուրդի մասին եւ Տիրոջ ծնունդը եւս առիթ մը կը նկատէ՝ նորոգուելու եւ նոր կեանքի սկսելու համար:
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ
Տ. ԲԱԳՐԱՏ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՍՏԱնԵԱն (Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի Թեմի առաջնորդ).-
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ: Այս խօսքերով կ՚ողջունենք այս օրերուն զիրար եւ վստահաբար կը ստանանք պատասխանը՝ «Օրհնեալ է Սուրբ Ծնունդը Քրիստոսի»: Այս օրերուն, նախատօնական շրջանին երջանկութիւն ունեցանք այցելելու Տաւուշի տարածքաշրջանի երեսուներկու գիւղեր, սահմանին գտնուող սահմանապահ գիւղեր, շուրջ վեց հազար աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հանդիպելով, տեսնելով անոնց ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը, լեցուեցանք, ներշնչուցանք եւ անգամ մը եւս վերահաստատուեցանք մեր հայրենիքի, մեր սուրբ եկեղեցւոյ լուսաւոր եւ պայծառ գալիքի իրականութեամբ:
Մեր մաղթանքն է, որ յառաջիկայ՝ 2016 թուականին եւ անոր օրհնող եւ օծող մանուկ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան իրականութեան մէջ մնալ հաւատարիմ՝ այն բարձր արժէքներուն, զորս դուք ձեր ձեռքերով ստեղծած էք, մեր հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան, որով լեցուած եւ որով զարդարուած է մեր երկիրը, մեր հայրենիքի հանդէպ ունեցած անսասան ուխտին, որով դուք իսկ, ձեր կեանքերով կը վկայէք ատոր մասին՝ ամէն օր գտնուելով կեանքի եւ մահուան խաչմերուկի վրայ եւ նաեւ, հաւատքով լեցուելու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, դարձնելով զայն կենդանի, վկայող իրականութիւն:
Կ՚ուզեմ շնորհաւորել բոլորս, որպէսզի Աստուած ուրախութիւնը անպակաս դարձնէ մեր կեանքին մէջ, կը շնորհաւորեմ բոլորը, որու համար հայրենիքը սոսկ պատահականութիւն չէ, որու համար հայրենիքը ապրում մըն է, կեանք եւ կենսագործունէութիւն: Կը մաղթեմ մեր զինուորներուն խաղաղ, ապահով ծառայութիւն, շուտափոյթ վերադարձ իրենց հայրենական օճախներ, աւելի ամբղջական եւ աւելի լեցուն դարձնելու այն հպարտութիւնը, որով կ՚ապրին իրենց ընտանիքները, եւ մենք բոլորս՝ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս:
Աստուած իր ներկայութեամբ թող առաջնորդէ մեզ դէպի խաղաղ հանգրուաններ, բարեկեցիկ կեանք, ամբողջական ապաքինում մեր բոլոր հոգեւոր եւ ֆիզիքական դժուարութիւններէն:
ԱՐՏԱԿ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ (Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի մամլոյ խօսնակ).-
Անցնող տարին բաւականին լեցուն էր իրադարձութիւններով, եւ հայութիւնը արձանագրեց թէ՛ յաջողութիւններ եւ թէ անյաջողութիւններ: Համազգային նշանակութեամբ ամենակարեւոր իրադարձութիւնը հարիւրամեակն էր, որ նոր փուլ դարձաւ հայութեան կեանքին մէջ:
Կարեւոր է ամփոփել նաեւ արցախեան զարգացումները: Զգալի ձեռքբերում էր խորհրդարանական ընտրութիւնները, ինչ որ առնուած մեծ քայլ մըն էր Արցախի ժողովրդավարութեան կայացման ճանապարհին: Ցաւօք, լարուած էր իրավիճակը սահմանին, եւ ունեցանք տասնեակ կորուստներ: Հակառակորդը աւեցուց լարումը նաեւ սպառազինութիւններու գործածման տեսանկիւնէ՝ անցնելով մեծ տրամաչափ ունեցող զինատեսակներու: Ամէն պարագայի, կրնանք յարաբերական խաղաղութեան պահպանումը համարել մեր գլխաւոր ձեռքբերումը:
Կը շնորհաւորեմ ողջ հայութեան Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը՝ մաղթելով օճախի ջերմութիւն, խաղաղ երկինք եւ համազգային միասնականութիւն ու սէր:
ՍԱՐՄԷ ԳԱՍԱՊԵԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (Պէյրութի «Ռատիօ Սեւան»ի խօսնակ).-
Այս Նոր տարիին կը մաղթեմ ուժ, կորով եւ անսպառ եռանդ: Այս տարին թողերջանիկ եւ շնորհաշատ տարի մը ըլլայ հայ համայնքներուն համար, իսկ Հայաստանը վայելէ խաղաղաբեր ու բարեբեր տարիներ: Անկեղծութիւնը, սէրը եւ ներողամտութիւնը թող ըլլան ամէն մարդ արարածի բարի յատկանիշները, հայութիւնը, մարդկութիւնը առհասարակ, հեռու թող մնայ ամէն տեսակ չարիքէ, նախանձէ եւ ատելութենէ: Այս տօնական առիթով կը շնորհաւորեմ հայութեան Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024