ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ԻՄԱՍՏԸ

«Հո­գե­հան­գիստ», տա­րա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ «ննջե­ցեա­լի հո­գի­նե­րու յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տին հա­մար ա­ղօթք, պա­տա­րագ»։ Ար­դա­րեւ «հո­գի» բա­ռը՝ բնիկ հըն-դեւ­րո­պա­կան «pouiio», «peu», «pau», փչել, հով հա­նել, ու­ռեց­նել, սու­լել եւ «հո­գի»ն ա­ւան­դել, ար­մա­տէն կու գայ։ Ու­րեմն, «հո­գի» բա­ռը կ՚են­թադ­րէ նաեւ՝ շունչ, ո­գի, ե­ռանդ։ Եւ այս ըմբռ­նու­մը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ա­ւե­տա­րա­նա­կան սա ճշմար­տու­թեան, թէ՝ «Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ թէ Աս­տուած մե­ռել­նե­րուն Աս­տուա­ծը չէ՛, այլ՝ ող­ջե­րո՛ւն, քա­նի որ ի­րեն հա­մար բո­լորն ալ կեն­դա­նի՛ են» (ՂՈՒԿ. Ի 38)։ Եւ այս ճշմար­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս կը հաս­տա­տուի Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի այն խօս­քով, թէ՝ «Սէ­րը ան­վախ­ճա՛ն է» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 8)։ Ու­րեմն «հո­գի»ն ապ­րող, կեն­դա­նի, մշտա­կայ էու­թիւն մըն է, եւ ու­րեմն «հո­գե­հան­գիստ»ը կը կա­տա­րուի ապ­րող, կեն­դա­նի էու­թեան մը հա­մար եւ ո՛չ թէ ան­գոյ, կո­րուս­տեան մատ­նուած, «ու­նայ­նա­ցում» ներ­կա­յաց­նող յե­րիւ­րա­ծոյ, ե­րե­ւա­կա­յա­կան չգո­յու­թեան մը հա­մար։

Ուս­տի, պահ մը խոր­հինք, սի­րե­լի՜­ներ, ե­թէ հո­գին ա­նէա­նար, ա­նոր հա­մար ա­ղօ­թել ա­նի­մաստ պի­տի չըլ­լա՞ր։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, գո­յու­թիւն չու­նե­ցող ո­րե­ւէ բա­նի հա­մար գործ մը կա­տա­րել բա­նա­կա­նու­թեան, տրա­մա­բա­նու­թեան հետ հա­մա­պա­տաս­խան կա­րե­լի՞ է հա­մա­րել, կամ հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել…։

Հայ ե­կե­ղե­ցին յա­ճախ, պա­տեհ ա­ռիթ­նե­րով կը դի­մէ ննջե­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան եւ հո­գե­հան­գիստ կը կա­տա­րէ ա­նոնց հա­մար։ Կա­րե­լի է հարց­նել, թէ մի­թէ ննջե­ցեալ­նե­րու հա­մար կա­րե­ւո՞ր է ա­սի­կա։

Այս­տեղ յատ­կա­պէս չգոր­ծա­ծե­ցինք «յի­շել» բա­ռը ննջե­ցեալ­նե­րու նկատ­մամբ, երբ գոր­ծա­ծե­ցինք «դի­մել» բա­ռը։ Քա­նի որ «յի­շել» կ՚են­թադ­րէ՝ մոռ­ցուա­ծը մտա­բե­րել, անդ­րա­դառ­նալ, ան­տե­սուա­ծը տես­նել փոր­ձել։ Ու­րեմն յի­շել կը նշա­նա­կէ՝ նա­խա­պէս մոռ­նալ եւ յե­տոյ յի­շա­տա­կել՝ անդ­րա­դառ­նալ ա­նոր գո­յու­թեան, մտա­բե­րե՛լ։

Մինչ­դեռ, ո՜վ կրնայ մոռ­ցած ըլ­լալ իր սի­րե­լի­նե­րը, նոյ­նիսկ ա­նոնք մարմ­նա­պէս ի­րեն հետ չըլ­լան։

Մո­ռա­ցու­մը դա­ւա­ճա­նու­թիւն է սի­րոյ դէմ։

Եւ մա՛րդ «դա­ւա­ճան» ըլ­լալ չ՚ու­զեր իր սի­րոյն, իր սի­րած­նե­րուն հան­դէպ, եւ ու­րեմն եր­բեք չի՛ մոռ­նար զա­նոնք։ Ու­րեմն մենք երբ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն կը կա­տա­րենք, չե՛նք յի­շեր ննջե­ցեալ­նե­րը, այլ «կը դի­մե՛նք» ա­նոնց ներ­կա­յու­թեան։ Հո­գիին եւ հո­գե­հան­գիս­տին ի­մաս­տին հա­մա­պա­տաս­խա­նողն ալ ա՛յս է սի­րե­լի­ներ…։

Ինչ­պէս կը վկա­յէ Ա­ւե­տա­րա­նը Ղու­կա­սի ներշն­չուած խօս­քով՝ Աս­տուած մե­ռել­նե­րու Աս­տուա­ծը չէ՛, այլ ող­ջե­րուն, քա­նի որ բո­լո­րը Ի­րեն հա­մար կեն­դա­նի է՝ ողջ եւ ա­ռո՛յգ։ Հե­տե­ւա­բար, ա­նոնք որ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կը կա­տա­րեն, եւ ա­մէն ա­նոնք որ կը մաս­նակ­ցին սոյն պաշ­տա­մուն­քին՝ ա­ղօթ­քին պէտք է թա­փան­ցեն, խոր ըմբռ­նեն «հո­գե­հան­գիստ»ի ի­մաս­տը եւ վարուին ըստ ա­նոր նպա­տա­կին հա­մե­մատ։ Ուս­տի «հո­գե­հան­գիստ»ի պաշ­տօ­նը պարզ ձե­ւա­կեր­պու­թիւն մը, ա­ւան­դու­թիւն մը կամ պար­տա­ւո­րու­թիւն մը չէ՛, այլ՝ բո­լո­րո­վին սրտա­բուխ, «սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւն» մը՝ ա­ղօթ­քով, հա­ւատ­քով զօ­րա­ցած։ Հո­գե­հան­գիս­տը կեան­քի բնա­կան ըն­թացք մըն է, ե­ղե­լու­թիւն մը՝ պա­րա­գայ մը, քա­նի որ ննջե­ցեալ­նե­րը եր­բեք բաժ­նուած չեն ապ­րող­նե­րէն, միայն մի­ջոց եւ տա­րա­ծու­թիւն փո­խած՝ տար­բեր ժա­մա­նա­կի մէջ կ՚ապ­րին, բայց հաս­տատ եւ ստոյգ է որ կ՚ապ­րի՛ն…։

Եւ մե­զի, հո՛ս, այս աշ­խար­հի վրայ ապ­րող­նե­րուն պար­տա­կա­նու­թիւնն է՝ յա­ճախ դի­մել ա­նոնց ներ­կա­յու­թեան, ինչ­պէս կը դի­մենք մեր ապ­րող, կեն­դա­նի սի­րե­լի­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն, մեր­ձա­ւոր­նե­րուն։

Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ա­հա­ւա­սիկ, կը խորհրդան­շէ «զի­նուո­րեալ» եւ «պայ­քա­րող», «մարտն­չող» ե­կե­ղե­ցիի եւ «յաղ­թա­կան» եւ «պսա­կա­ւոր» ե­կե­ղե­ցիի հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը։

Հին Կտա­կա­րա­նի մէջ կը գտնուին դրուագ­ներ ու հա­տուած­ներ՝ ուր յստակ կեր­պով կը պա­տուի­րուի ննջե­ցեալ­նե­րու հա­մար ա­ղօ­թել։

Զոր օ­րի­նակ, «Նո­յե­մի իր հար­սին ը­սաւ.- Ա­նի­կա Տէ­րոջ­մէն օրհ­նեալ ըլ­լայ, որ կեն­դա­նի­նե­րէն ու մե­ռած­նե­րէն իր ո­ղոր­մու­թիւ­նը չկտրեց…» (ՀՌՈՒԹ Բ 20)։­

Եւ դար­ձեալ. «Ո՛վ Տէր Աս­տուած քու օ­ծեա­լիդ ե­րե­սը մի՛ ա­նար­գեր, հա­պա քու ծա­ռա­յիդ Դա­ւի­թին ը­րած ո­ղոր­մու­թիւն­ներդ յի­շէ՛» (Բ Մ­ՆԱՑ. Զ 42)։

«Մե­ռե­լի մը վրա­յով մխի­թա­րու­թեան հա­մար սու­գի հաց պի­տի չբաժ­նեն, ա­նոնց հայ­րե­րուն ու մայ­րե­րուն հա­մար մխի­թա­րու­թեան բա­ժա­կը ա­նոնց պի­տի չխմցնեն» (Ե­ՐԵ­ՄԻԱ ԺԶ 7), ո­րոնք ան­ցան նաեւ Ա­ռա­քե­լա­կան ժա­մա­նակ­նե­րու՝ որ­պէս սկզբունք եւ ա­ւան­դուե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցիին։

Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին՝ յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րու շար­քին, պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հայ­րը միշտ կը մտա­բե­րէ ննջե­ցեալ­նե­րը եւ կը դի­մէ Աս­տու­ծոյ՝ խնդրե­լով.

«Ե­ղի­ցի յի­շա­տակ ի սուրբ պա­տա­րագ ա­ղա­չեմք»։­

Ե­կե­ղե­ցիի ժա­մա­կար­գու­թիւ­նը, նախ­նա­կան ե­կե­ղե­ցիի սո­վո­րու­թիւ­նը, ե­կե­ղե­ցիի հայ­րե­րու՝ գրու­թիւն­նե­րը, բո­լորն ալ կը վկա­յեն այն հա­ւատ­քի մա­սին, որ ա­ղօթ­քով, բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, Սուրբ Պա­տա­րա­գով, հո­գե­հանգս­տով, մա­տաղ­նե­րով՝ ո­րոնք կը կա­տա­րուին ննջե­ցեալ­նե­րու հա­մար, օ­ժան­դա­կու­թիւն եւ հան­գիստ կը շնոր­հեն ա­նոնց, ո­րոնք ննջած են հա­ւա­տով ու նե­րե­լի մեղ­քե­րով։ Այ­սինքն ննջե­ցեալ­նե­րը ի­րենց մեղ­քի կա­պանք­նե­րէն կ՚ա­զա­տին ո՛չ թէ ի­րենց անձ­նա­կան ճի­գե­րով, եւ ոչ ալ ի­րենց ար­ժա­նի­քի շնորհ­քով, այլ ե­կե­ղե­ցիի օ­ժան­դա­կու­թեամբ։

Ուս­տի քա­նի դեռ երկ­րի վրայ ենք ու կ՚ապ­րինք եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նինք անդ­րա­դառ­նա­լու մեր սխալ­նե­րուն, մո­լո­րանք­նե­րուն եւ սայ­թա­քում­նե­րուն, ա­պա ու­րեմն ժա­մա­նակ ու ա­ռիթ ու­նինք ա­պաշ­խա­րե­լու, մեղ­քե­րէ ար­ձա­կում գտնե­լու։ Բայց երբ հե­ռա­նանք այս կեան­քէն, հան­դեր­ձեա­լի մէջ այ­լեւս նման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ չկան, ու­րեմն կը մնայ միայն Ե­կե­ղե­ցիի բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը եւ միջ­նոր­դու­թիւ­նը՝ որ պի­տի կա­տա­րուի հո­գե­հան­գիս­տի պաշ­տա­մուն­քով։

Ուս­տի, «Զի­նուո­րեալ ե­կե­ղե­ցի»ն պար­տաւ­՛որ է միշտ անդ­րա­դառ­նալ, վեր­յի­շել «Յաղ­թա­կան ե­կե­ղե­ցի»ն։ Դուրս բե­րէք, հա­նե­ցէք այդ անդ­րա­դար­ձու­մը, ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը, եւ ո՛­չինչ կը մնայ։

Մարդ երբ կորսնց­նէ իր կա­պակ­ցու­թիւ­նը ան­ցեա­լին հետ, բա­րո­յա­կան ու հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն հետ, կը կորսնց­նէ իր ինք­նու­թիւ­նը՝ իր մարդ­կու­թիւ­նը։ Ե­թէ մէ­կը մոռ­նայ իր ան­ցեա­լը, ա­պա ան կը դադ­րի ա­նոր պատ­կա­նե­լէ եւ կը խա­փա­նուի իր ինք­նու­թիւ­նը։ Ու­րեմն «զի­նուո­րեալ» ներ­կայ՝ ապ­րող հա­ւա­տա­ցեալ­ներ միշտ նկա­տի ու­նե­նա­լու են, պար­տա­ւոր են անդ­րա­դառ­նա­լու «յաղ­թա­կան» հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։

­Սաղ­մո­սեր­գուն Դա­ւիթ կ՚ը­սէ. «Իր գոր­ծե­րուն զօ­րու­թիւ­նը ցու­ցուց իր ժո­ղո­վուր­դին, ա­նոնց տա­լով ազ­գե­րուն ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Ճշմար­տու­թիւնն ու ի­րա­ւուն­քը ա­նոր ձեռ­քե­րուն գոր­ծերն են, Ա­նոր բո­լոր պա­տուի­րան­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ են։ Յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից հաս­տա­տուած են…» (ՍԱՂՄ. ՃԺԱ 6-8)։

­Նոյն­պէս Սո­ղո­մոն ի­մաս­տուն կ՚ը­սէ. «Ար­դար­նե­րուն յի­շա­տա­կը օրհ­նեալ կ՚ըլ­լայ» (Ա­ՌԱԿ. Ժ 7)։­

Ե­կե­ղե­ցիի հայ­րե­րը միշտ նշած են ննջե­ցեալ­նե­րու հա­մար ա­ղօ­թե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Իսկ Պօ­ղոս ա­ռա­քեա­լի ա­շա­կերտ Ս. Դիո­նէ­սիոս կ՚ը­սէ, թէ՝ պէ՛տք է տօ­նել, պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել ա­նոնց հա­մար՝ ո­րոնք զո­հուե­ցան Աս­տու­ծոյ հա­մար։

Իսկ Ոս­կե­բե­րան կ՚ը­սէ. «Մի՛ յա­պա­ղէք յի­շա­տա­կել ննջե­ցեալ­նե­րը, ա­ղօթք մա­տու­ցա­նե­լով ա­նոնց հա­մար, քա­նի որ բո­լորս մէկ մար­մին ենք Քրիս­տո­սի մէջ եւ ա­նոր ան­դամ­նե­րը»։­

Ու­րեմն պէտք է յա­ճախ մտա­բե­րենք, անդ­րա­դառ­նանք ննջե­ցեալ­նե­րը եւ ա­ղօ­թենք ա­նոնց հա­մար, քա­նի որ ա­նոնք ալ կ՚ապ­րին ու պէտք ու­նին ա­ղօթ­քի, բա­րե­խօ­սու­թեան եւ հո­գե­ւոր խնա­մու­թեան։

Եւ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ալ այս մա­սին կ՚ը­սէ.

«Իսկ ա­նոնք, որ Քրիս­տո­սի սի­րոյ մէջ հաս­տա­տուած են, կ՚ա­զա­տին ե­րեւ­ցող վիշ­տե­րէ, կ՚ապ­րին գոր­ծա­կից եւ բա­րե­խօս ու­նե­նա­լով սուր­բերն ու ար­դա՛ր­նե­րը»։

­Նախ­նի ե­կե­ղե­ցին միշտ ալ, ա­ղօթք­նե­րու ժա­մա­նակ յի­շած է սուր­բե­րը՝ խնդրե­լով ա­նոնց բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը։ Ու­րեմն սուր­բե­րու բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը խնդրել անհ­րա­ժեշտ է թէ՛ ապ­րող­նե­րու եւ թէ ննջե­ցեալ­նե­րու հա­մար։

Վեր­ջա­պէս, հոս յի­շենք Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի, հան­գա­մա­նօ­րէն ը­սած խօս­քը, թէ՝ «Պէտք չէ՛ ան­յայտ բա­նե­րու մա­սին ստեղ­ծել նոր յայտ­նու­թիւն­ներ»։ Կարգ մը ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջո­վին հասկ­նալ կա­րե­լի չէ՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 11, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2016