ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖԷՆՏԻ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Ս. Ծննդեան տօնին յաջորդած մեռելոցի օրը, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ հոգելոյս Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեան։
Օրուան պատարագիչն էր Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Արարողութեան ներկայ էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութենէն ներկայացուցիչներ, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, կրթական մշակներ, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ։
Հանդիսադիր Հայր Սուրբը օրուան քարոզին մէջ շեշտեց, որ մեր կրթական հաստատութիւններու շարքին միայն Գարակէօզեանն ու Գալֆաեանը կը կոչուին տուն՝ իրենց առաքելութեան առանձնայատկութիւններուն բերումով։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս տարի Ս. Ծննդեան մեռելոցին զուգադիպած է Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեանի ոգեկոչումը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցաւ նաեւ Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեան, որու անունը անմահացած է շնորհիւ իր կառուցած որբանոցին։
Հարկ է նշել, որ գարակէօզեանցիները շաբաթավերջին յարգանքի այցելութիւն մըն ալ պիտի տան հաստատութեան հիմնադրի շիրմին։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024