Ուրբաթ 31, Հոկտեմբեր 2025
ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԸ
 Գալֆաեան Տան ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ապրեցաւ մեծ հրճուանք։ Տօնական ուրախութիւնը դպրոցը համակած էր նախորդող շաբաթներէն սկսեալ։ Դպրոցի շէնքը յարդարուած էր համապատասխան ձեւով։ Փոքրիկները ամանորեան հանդէսներուն պատրաստուեցան իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեան ներքեւ։ Այս բոլորէն վերջ, երբ տօնական օրերը մօտեցան գալֆաեանցի սաները ծափահարութիւններու արժանացան հանդէսներուն ընթացքին իրենց ունեցած ելոյթներով։ Աշակերտներուն ուրախութիւնը բազմապատկուեցաւ Կաղանդ պապուկին նուէրներով։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016