ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՓՐԷՕՄԻԷՐ

Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող «Լէյ­լա Կեն­ճէր» օ­փե­րա­յի եւ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի ձեռ­նարկ մը։ Մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ար­ժէ­քա­ւոր արուես­տա­գի­տու­հի­նե­րէն Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեա­նի կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծուած «Տո­րէ­թա­յի ոս­կէ ե­րա­զը» խո­րագ­րեալ գոր­ծին հա­մաշ­խար­հա­յին փրէօ­միէ­րը ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Այս գոր­ծը դա­սա­կան ե­րաժշտու­թեան հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­նուն­նե­րու զա­նա­զան գոր­ծե­րուն հի­ման վրայ ձե­ւա­ւո­րուած հա­մադ­րու­թիւն մըն էր, ո­րու կա­տար­ման շրջագծով նուագ­նե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ Ար­տա Ար­տա­շէս Ա­կօ­շեան։ Այս վերջ­նոյն ինք­նա­բուխ նուագ­նե­րը եւ ընդ­հան­րա­պէս գոր­ծին հե­տաքրք­րա­կան բնոյ­թը, եր­կու ա­րար­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս փաս­տիշ օ­փե­րա­յի ներ­կա­յա­ցու­մը ե­զա­կի հա­ճոյ­քի մը վե­րա­ծե­ցին հան­դի­սա­տես­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Ըն­դար­ձակ դահ­լի­ճը լե­ցու­ցած ե­րա-ժըշտա­սէր­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեա­նը եւ ծրագ­րին մաս­նա­կից միւս արուես­տա­գէտ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016