ԳԵՐՅՈՒԶԱԿԱՆ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔ
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ տեսակ տեսակ բնաւորութեան եւ նկարագրի տէր մարդոց հետ կը դիմաւորուինք։ Մարդ զգայուն եւ յուզական խառնուածք ունեցող էակ մըն է եւ այդ պատճառով, ուզէ կամ չուզէ կ՚ազդուի եւ կը տպաւորուի իր շուրջը գտնուած մարդոցմէ եւ պատահած դէպքերէ։ Մա՛րդ անտարբեր չի կրնար մնալ իր շրջապատին, քանի որ նախ՝ կը զգայ եւ յետոյ կը տրամաբանէ, կը մտածէ, կը դատէ երեւոյթները ինքնաբերաբար, եւ անշուշտ, այս պատճառով կը տպաւորուի անոնցմով՝ նպաստաւոր կամ աննպաստ կերպով, դէպքին էութեան համաձայն։
Հոգեբաններ բնական կը նկատեն այս ազդեցութիւնը եւ տպաւորումը մարդուն համար, բայց կը պատուիրեն նաեւ չչափազանցել այդ ազդեցութիւնը՝ որ կրնայ հակառակ ազդեցութիւն գործել մարդուս կեանքի ընթացքին վրայ եւ վնասել անոր ապրումները եւ հոգեկան առողջութիւնը։
Այս ուղղութեամբ կ՚ուզենք խօսիլ այսօր մեր սիրելի՜ բարեկամներու հետ գերզգայուն կամ գերյուզական խառնուածքի վրայ, անշուշտ յարգելով մասնագիտական գիտութեան տէր անձերու իրաւասութիւնը այս շահեկան նիւթին նկատմամբ։ Մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք պահ մը՝ մեր առօրեայ կեանքին վրայ եւ շուրջը գտնուող անձերուն։ Ուստի տեսնուած իրողութիւնները նկատելու համար «մասնագէտ» ըլլալու պէտքը չի սպասուիր շատ անգամ, քանի որ բացայայտօրէն կ՚երեւին անոնք ամէնուրեք, եթէ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք անոնց վրայ։ Օտար եւ հեռու չեն այդ տեսակի մարդիկ, որոնք յաճախ անհանգստութիւն կը պատճառեն թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ փոխյարաբերութիւններու վրայ եւ արգելք կը հանդիսանան լաւ յարաբերութիւններու մշակման։
«Գերյուզական կամ գերզգայուն խառնուածք» ըսելով պէտք է հասկնալ շեշտուած կերպով շուտ յուզուող, ազդուող եւ տպաւորուող բնութիւն մը։ Գերյուզական խառնուածքը այս կերպով բնականոնէն կը շեղի եւ անբնական եւ չափով մը «ախտաւոր» վիճակ մը, ձեւ մը կը ստանայ։ Այս խառնուածքը երբեմն ի ծնէ կազմական կ՚ըլլայ, երբեմն ալ ստացական։ Առաջին պարագային՝ ենթակաները իրենց ծնողներէն կը ժառանգեն գերզգայուն խառնուածք, այսինքն ծնային է ան, քանի որ շատ կանուխէն ի յայտ կը բերեն անոր նշանները եւ իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան կը պահեն զայն։ Ստացական գերյուզական խառնուածքը սովորաբար բարոյական կամ ֆիզիքական խոշոր ցնցումի մը եւ կամ տակն ու վրայութեան մը հետեւանքով մէջտեղ կ՚ելլէ, եւ ենթական ատեն մը կամ ընդմիշտ գերզգայուն կը դարձնէ։
Առաջին պարագային, այսինքն երբ ժառանգական կամ ծնային է ան, արդէն իրենց ծնողները կամ ջլագարային խառնուածք կ՚ունենան, կամ ալ գերյուզական կ՚ըլլան։ Տղաք թէ՛ այդ խառնուածքին հակամիտութիւնը կը ժառանգեն, թէ՛ աննպաստ միջավայրը զիրենք դէպի հոն կը մղէ։
Գերյուզական խառնուածք ունեցողները չափէ դուրս երկչոտ եւ վախկոտ կ՚ըլլան։ Այս վախը երբեմն կասկածի, երբեմն ալ տարտամ անստգութեան ձեւ մը կ՚առնէ եւ ծաւալուն բնոյթ մը ունի։ Այսպիսի տղաք, զոր օրինակ՝ ամէն բանէ կը վախնան եւ ո՛չինչ միջադէպ մը զիրենք սարսափահար կ՚ընէ։ Մեծերը կամ անծանօթ մը երբ իրենց հետ խօսին, կը շուարին, կը կարմրին, երբեմն յուզումը զիրենք դողդղալու կը մղէ, կը կակազեն, կը շուարին եւ մինչեւ իսկ լեզունին կը բռնուի, կը պապանձին։
Գերզգայուն խառնուածքի ենթակայ եղողներ սովորաբար հոգեկան թէ ֆիզիքական նշաններով կը մատնեն իրենք զիրենք։ Յայտնի է, որ իրենց ջղային եւ հոգեկան վիճակին մէջ կայ «խանգարում» մը՝ անկանոնութիւն մը, զոր չեն կրնար զսպել եւ կառավարել կամ սանձել իրենց զգացումները։
Այդ է պատճառը, որ սովորական պատահար մը՝ թէ բնականոն վիճակ ունեցող մէկը անտարբեր պիտի թողուր, գերյուզականները տակն ու վրայ կ՚ընէ, կը խանգարէ։
Այս վերջինները, օրինակ՝ պարագայի մը, նման եղելութեան մը ատեն, կա՛մ կասկածամիտ կ՚ըլլան, կա՛մ կը գունաթափին, երբեմն կու լան իսկոյն, երբեմն ամբողջ մարմնով կը սկսին դողդղալ կամ ալ ոտքէն գլուխը կը քրտնին, եւայլն։
Այս խառնուածքը իր զանազան աստիճանները կ՚ունենայ եւ այլեւայլ սաստկութիւններով ի յայտ կու գայ։ Կրնայ ըլլալ թեթեւ, շեշտուած եւ զօրեղ տեսակէն։
Տղայութեան շրջանը շատ աւելի հակամէտ կ՚ընէ փոքրերը այս խառնուածքին։ Մեծերուն քով նուազ յաճախադէպ կ՚ըլլայ եւ սովորաբար աւելի մեղմացած։
Գերյուզական տղաքը հասկնալի է, որ բացորոշ կերպով աւելի՛ ջղայնոտ կ՚ըլլան։ Սովորաբար լաւ չեն քնանար եւ յաճախ գիշերային մղձաւանջներ կ՚ունենան։ Երբեմն ընդոստ, ոստնալով՝ մէկէն ի մէկ կ՚արթննան գիշերը եւ կը պոռան կամ ճիչ մը կ՚արձակեն։ Որեւէ միջադէպ, զոր օրինակ՝ աննշան դէպք մը, պարզ յանդիմանութիւն մը, վէճ մը զիրենք տակն ու վրայ կ՚ընէ եւ երկար ատեն անոր ազդեցութեանը տեկ կ՚ապրին ընկճուած։ Այդ կարգի միջադէպեր երբեմն ալ մեկնակէտը կ՚ըլլան ախտաւոր վախերու եւ մտալլկումներու։ Ի՛նչ որ կ՚ապացուցանէ, որ տէրը եւ իշխողը չե՛ն իրենց ջղային դրութեան։
Այս խառնուածքը, ենթակաները հակամէտ կ՚ընէ անձկութեան եւ մելամաղձոտութեան (=mélancolie)։ Իրենց մէջ կայ տարտամ վախ մը եւ անձկագին վիճակ մը, որ անհանգստութիւն կը պատճառէ տեւական կերպով։ Անոնք կը վախնան ու կը կասկածին հիւանդութիւններէ, արկածներէ, մահէ, գալիք դժբախտութիւններէ, եւայլն։
Գերզգայուն խառնուածքը տեսակ մը ջղայնոտութեան կը մատնէ ենթակաները։ Անսովոր աղմուկ մը, մինչեւ անգամ դրան զանգակին ձայնը իրենց մերթ սրտի տրոփում, մերթ դող եւ շփոթութիւն, կասկած կը պատճառէ։ Վատ ու չար նախազգացումներու անդոհով կը շրջապատուին ո՛չինչ պատճառներով։ Տեւական թաքուն վախի եւ յուզումնալից վիճակի մը մատնուած՝ անոր գերի կ՚ապրին անոնք։
Հիւանդութիւններու ապաքինումի շրջանները, ինչպէս ֆիզիքական, նո՛յնպէս ե՛ւ հոգեկան տեսակէտով տղոց մէջ կը սաստկացնեն գերյուզական (=hyperesthésie) վիճակը եւ խառնուածքը։ Այս պատճառով, բժիշկներ կը յանձնարարեն՝ թէ զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալ ծնողներուն, մեծերուն նման պարագաներու մէջ, որպէսզի առիթ չտան գերյուզական խառնուածքին աւելի եւս վատթարանալուն եւ աւելնալուն։ Երբեմն ալ, այդ տղաքը փոխանակ արտաքին տպաւորութիւններու նշանները անմիջական դրսերեւորելու՝ իրենց անգիտակցականին մէջ կը պահեն։ Այն ատեն իրենց վախը անձկութեան եւ գէշ նախազգացումի ձեւով ինքզինք կը մատնէ։ Այս պարագան բացորոշ կերպով հաստատուած է հոգեվերլուծումով։
Գերզգայուն խառնուածքը ենթակաները ոչինչ պատճառներով կրնայ սարսափահար վիճակներու մատնել։
Սարսափը իր կարգին ենթակային այլեւայլ գործունէութիւնները ո՛չ միայն կը խանգարէ, այլ եւ կրնայ լուծել եւ կեցնել։ Երբեմն ալ կրնայ շփոթութեան եւ շուարումի մատնել։ Այս պարագային ենթակաները կը կորսնցնեն իրենց դատողութիւնը, իրենց գիտակցութիւնը աղօտ վիճակ մը կը ստանայ եւ կրնայ զիրենք վտանգաւոր քայլերու մղել մինչեւ իսկ։
Գերզգայուն խառնուածքը տեսակ մը անբնական եւ արտասովոր վախով լեցուն վիճակ մըն է՝ որուն մէջ վախի զգացումը թէեւ տիրապետող, բայց ուրիշ տարրեր եւս կը բարդուին, զոր օրինակ՝ անստգութիւն, կասկած եւ գէշ նախազգացում, տարակոյս, անվստահութիւն։ Վախը խանգարող եւ ջլատիչ ազդեցութիւն մը ունի ենթակային վրայ…։
- Օգտուեցանք՝ ջղային եւ մտային հիւանդութիւններու մասնագէտ Տքթ. Գ. Ամատեանի ուսումնասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 12, 2015, Իսթանպուլ