Միասնական մաղթանք
Թրքահայութեան ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած է Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ։ Պատմական այս սրբավայրը կը մագնիսացնէ մեր ամբողջ հաւատացեալներուն հետաքրքրութիւնը, որովհետեւ ան այսօր կը հիւրընկալէ Մերձաւոր Արեւելքի ողբերգութիւններէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականները։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Կեսարիոյ մէջ. Կրկնածնունդ…
Սա խորքին մէջ համազգային աղօթք մըն է։ Համայն աշխարհի հայութիւնը վերջին տարիներուն խոր ցաւով ու մտահոգութեամբ կը հետեւի Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ անոնց հետեւանքով մահու կենաց պայքար մղելու հարկադրանքին դէմ յանդիման մնացած հայոց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Այսօր անոնցմէ միայն մէկ մասը թէեւ համախմբուած է Կեսարիոյ մէջ, սակայն սա իսկապէս բարձր ներկայացուցչական հանգամանքով խումբ մըն է։ Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէն փութալով՝ իրենց ընտանիքներուն հետ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայեր այսօր իրենց հարազատ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրական կամարներուն ներքեւ կ՚աղօթեն՝ առարկայ դառնալու համար Աստուծոյ ողորմածութեան, գթութեան, կ՚աղօթեն՝ որպէսզի Տիրոջ ամենազօր ու ամենախնամ Աջը անպակաս ըլլայ իրենց եւ իրենց ճակատագրակիցներու վրայէն։ Թրքահայ հաւատացեալներուն եւ համայն հայութեան աղօթքները կը միանան անոնց։ Բոլորի հասարակաց մաղթանքն է, որ աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւն՝ ամբողջական ու լիարժէք իմաստով։ Բոլորի անկեղծ մաղթանքն է, որ մարդոց միջեւ վերահաստատուին եղբայրական զգացումները, համակեցութիւնը եւ իրերօգնութեան տրամադրութիւնը։
Աստուած ընդունի Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սըր-բազան կամարներէն երկինք բարձրացող հայ գաղթականներուն խաղաղութեան աղօթքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ