ԲԱՐԻՆ ՈՒ ՉԱՐԸ ՃԱՆՉՆԱԼ
Կեանքի մէջ կարեւոր է՝ բարին ու չարը ճանչնալ եւ ըստ այնմ շարժիլ, ի հարկին կանխազգուշական միջոցներով առաջքը առնել չարին ու չարագործութեան։ Արդարեւ կեանքը լեցուն է բարիքներով, բայց նաեւ՝ չարիքներով։ Ուրեմն չափով մը մարդ լաւատես կրնայ ըլլալ բայց նաեւ՝ զգո՛յշ, ինքզինք պաշտպանելու համար չարէն եւ անոր հաւանական չարութիւններէն։ Մարդ եթէ չափազանցէ զգուշութիւնը՝ կը դառնայ յոռետես, ի՛նչ որ հետզհետէ կեանքը կը վերածէ անտանելի ընթացքի մը։ Ուրեմն չափաւորութիւնը պայման է՝ իրատե՛ս ըլլալու համար։ Իսկ իրատես ըլլալու համար մարդ պէտք է չարը ու բարին զանազանելու հմտութիւն ունենայ եւ զգոյշ ըլլայ՝ թէ ո՛րն է ճշմարիտ բարին, եւ ո՛րն է իսկական չարը, քանի որ շատ անգամ բարիի դիմակով կը մօտենայ ան, եւ զանազանել կարելի չ՚ըլլար…։
Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ շատ մը դժբախտութիւններ, յուսախաբութիւններ, խռովութիւններ եւ մինչեւ իսկ անիմաստ թշնամութիւններ ծնունդ կ՚առնեն պարզապէս բարին ու չարը չճանչնալու եւ չկարենալ զանազանելու պատճառով։ Չէ՞ պատահած, որ բարեկամ կարծուած չարամիտներու պատճառով յուսաբեկ մարդիկ վշտանան եւ առանձնութիւնը նախընտրեն իրենց մնացեալ կեանքը երջանիկ ապրելու համար։ Անոնք երջանկութիւնը կը գտնեն շատ անգամ առանձնութեան մէջ եւ կը ստեղծեն իրենց անձնական աշխարհը՝ առանձին երջանկութիւն մը ստեղծելով նաեւ այդ յատուկ աշխարհին մէջ։
Ո՞րն է բարին եւ ո՞րն է չարը։ Որոշել դժուար է, քանի որ երկուքն ալ շատ անգամ չեն երեւիր այնպէս՝ ինչպէս որ են։ Մանաւանդ չարը կը ծածկէ ինքզինք, կը քօղարկուի բարիի դիմակով ու երեւոյթով եւ շատ անգամ մարդիկ զայն կը տեսնեն որպէս բարի՛ք։
Եւ այս իսկ պատճառով է որ ըսուած է, թէ՝ աւելի նախընտրելի է թշնամիին անկեղծ ապտակը, քան սուտ բարեկամին կեղծ համբոյրը։ Եւ ամէն բանի կեղծը նողկալի եւ խորշելի է՝ վտանգաւոր ու վնասարա՛ր։
Բարեմտութիւն եւ չարամտութիւն՝ այս երկու զգացումները, աշխարհի վրայ ապրող մարդոց հոգեվիճակը եւ ընդհանուր նկարագիրը ցոյց կու տայ։
Եւ զարմանալի՜ է, որ աշխարհի վրայ բարին ու չարը կողք կողքի, միատեղ կ՚ապրին։ Բարին իր գործը կը կատարէ, չարը՝ իրե՛նը։ Ուրիշ առիթներով ալ ըսինք՝ էականը «բարի»ն է, իսկ «չար»ը՝ բարիին այլասերած ու այլափոխուած վիճակը։ Արդարեւ «այլասերիլ»՝ իր լայն առումով կը նշանակէ որեւէ էութեան սերմին կամ ցեղին, յատկութիւններուն այլայլիլը, փոխուիլը՝ դէպի գէ՛շը, դէպի վնասակարը։ Այսինքն՝ վատասերիլ, իր տեսակին ազնուութիւնը եւ յատկութիւնը կորսնցնե՛լ։ Բարին ալ երբ կը կորսնցնէ իր էական յատկութիւնը՝ կը վերածուի «չա՛ր»ի…։
Արդարեւ «բարի»ն կը նմանի թարմ՝ նոր փրցուած կամ քաղուած համեղ, ախորժահամ ու քաղցր պտուղի, որ օգտակար է մարդուս. իսկ «չար»ը նոյն այն պտուղին այլասերած վիճակին՝ թարմութիւնը կորսնցուցած՝ օթեկ, անհամ, լեղի, կծու վիճակին, քանի որ կորսնցուցած է իր յատկութիւնը, փտած, քայքայուած է եւ ո՛չ մէկ օգուտ ունի, այլ աւելի վնասակար է։ Ահաւասիկ պտուղը նոյն «պտուղ»ն է, սակայն մէկը միւսին այլասերած վիճակը ունի. ճիշդ էապէս «բարի»ին նման՝ որ կը վերածուի «չար»ի, կորսնցնելով իր էական յատկութիւնը։
Բնութեան մէջ շատ օրինակներ կան այս մասին. զոր օրինակ, որոմը վնասակար բոյս մըն է՝ որ ցորենի այլասերած վիճակն է։ Էապէս լաւ եւ օգտակար, բայց այլասերումի պատճառով՝ չար ու վնասակա՛ր։ Հետաքրքրականը այն է, որ որոմը (=delice) իր գոյութիւնը կը պահէ ու կը շարունակէ ցորենին քով, անոր հետ, եւ շատ անգամ զանազանել կարելի չ՚ըլլար։ Արտին մէջ երկուքին ալ տեղ կը գտնուի, երկուքն ալ կը շարունակեն բուսնիլ։
Բայց որոմը միշտ կախում ունի ցորենէն…։
Ուրեմն կարելի է ըսել, թէ՝ չարը կախում ունի, պահանջքը ունի միշտ բարիին՝ իր գոյութիւնը ապահովելու եւ տեւականացնելու համար։ Իսկ բարոյագիտական իմաստասիրութեամբ կրնանք ըսել, որ եթէ «չար»ը գոյութիւն չառնէ, ապա «բարիք»ին էութիւնը ինչպէ՞ս պիտի յայտնուի եւ հասկնալի պիտի ըլլայ։ Ուրիշ խօսքով՝ «բարի»ին «բարի՛» է, քանի որ «չար»ը գոյութիւն ունի եւ չարին բաղդատմամբ «բարի՛» է։ Սեւը «սեւ» է, երբ ճերմակը գոյութիւն ունի եւ անոր բաղդատմամբ սե՛ւ է, ինչպէս լոյսը՝ «լո՛յս» է, քանի որ մութը, խաւարը գոյութիւն ունի եւ անոր բաղդատմամբ լո՛յս է։
Ուստի բարի-չար, լոյս-խաւար, ճերմակ-սեւ՝ իրարմէ կախում ունին, հակադիր վիճակներ են՝ որ զիրար կը յայտնեն։ Մարդոցմէ ոմանք «գիտուն» կը կոչուին, քանի որ անոնց բաղդատմամբ նուազ ու համեստ գիտութեան տէր մարդիկ կան, թէ ոչ՝ «գիտուն»ին գիտութեան չափը ի՞նչ չափանիշով կարելի կ՚ըլլայ ստուգել։ Մէկու մը կ՚ըսենք «ազնիւ մարդ» է, քանի որ իր շուրջը կը գտնուին կոշտ, անփափկանկատ, բիրտ մարդիկ, եւ այն մէկը՝ անոնց նկատմամբ ու բաղդատմամբ «ազնիւ» եւ «ընտիր» կը կոչուի։ Իսկ անոր ազնուութեան չափը որոշելու համար պէտք է, որ իր շուրջը ըլլայ իրեն նման ազնիւ ու ընտիր մարդիկ։ Ոչխարը՝ եզին կամ աւելի ճիշդը, այծին նկատմամբ ոչխա՛ր է, թէ ոչ՝ միայն անասուն կենդանի մը…։ Մարդոց մէջ ալ կան «բարի» մարդիկ, քանի որ կա՛ն չարեր եւ այդ չարերուն նկատմամբ բարի են։ Բայց ո՞րքան, այդ ալ կարելի է ուրիշ բարիներու հետ բաղդատելով հասկնալ։
Արդարեւ ճշմարիտ բարին Աստուա՛ծ ինքն է, մարդիկ «բարի» կ՚ըլլան երբ Անոր նմանին, Անոր հետ բաղդատուին եւ չար մարդիկ կան, քանի որ Աստուծոյ նմանութիւնը կորսնցուցած են, այլ խօսքով բարին իրենց մօտ փոխուած է չարի։ Եւ այս կը նշանակէ, որ ամէն «չար» մարդ եթէ անդրադառնայ իր մէջ կատարուած այլափոխութեան, դարձեալ կրնայ վերադառնալ իր բարի վիճակին, քանի որ էականը բարի՛ն է եւ բարութիւնը։ Բարութեան դաշտը միշտ բերրի է՝ հետզհետէ կ՚աճի։ Բայց նաեւ՝ միշտ հաւանական է անոր փոփոխութիւնը, այլասերումը։ Բարի ըլլալ բնական է, բայց զայն պահպանել աշխատանք կը պահանջէ՝ դժուար ու ծանր աշխատա՛նք։ Ժամանակի եւ զոհողութեան գործ է բարին պահպանել, բարի մնալ, բայց շատ դիւրին է եւ հեշտ՝ չարի փոխուիլ, չար ըլլալ եւ չար մնալ…։
Թէ ինչպէ՞ս զանազանել բարին ու չարը, քանի որ համընթաց եւ համագոյ՝ միշտ կան մարդկային կեանքին մէջ։ Անոնք զանազանելու մէկ կերպն է՝ լոյսին ու խաւարին մէջ դիտել զանոնք։ Բարին միշտ լոյսին մէջ կը յայտնուի՝ բնաւ ծածուկ չ՚երեւիր, մինչդեռ չարը կը նախընտրէ մութը եւ խաւարը, քանի որ անոնք կրնան ծածկել ու քօղարկել զինք։ Ուրեմն մութին ու խաւարին մէջ յայտնուած որեւէ բան պէտք է կասկածով ու տարակուսանքով դիմաւորուի, եթէ ոչ միշտ, բայց ընդհանրապէս «չար» կրնա՛յ ըլլալ ան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 28, 2015, Իսթանպուլ