ՀԻՆ ՏՈՄԱՐՈՎ ԱՄԱՆՈՐ
Հայաստանի մէջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ Հին տոմարի համաձայն եւս նշուեցաւ Ամանորը։ Այս աւանդութիւնը տակաւին կենդանի է Հայաստանի մէջ եւ առիթ կը հանդիսանայ, որ ամէն տարեմուտին տօնական շրջանը երկարաձգուի՝ Ամանորի եւ հին ամանորի միացումով, մօտաւորապէս երկու շաբթուան ժամանակահատուածով մը։
Երէկ ալ Հին տոմարի համաձայն Ամանորը խաղաղութեան մաղթանքներով դիմաւորուեցաւ ամբողջ Հայաստանի մէջ։ Երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տօնական ոգեւոր համերգ մը։ Մայրաքաղաքի բնակիչները, նաեւ այլ շրջաններէ փութացած ժողովուրդը խանդավառ պահեր ապրեցան Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած այս հանդիսաւոր երեկոյթին ընթացքին։ Հայկական երաժշտական աշխարհի յայտնի մենակատարներ եւ խումբեր գործադրեցին ճոխ յայտագիր մը, ինչ որ կրկնապատկեց հին ամանորի հրճուանքը։