ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԾ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԿԻՐ ՏԻԿԻՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ՝ ՈՂՋՈՒՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ 2016 ԹՈՒԱԿԱՆԸ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց համակիր տիկիններու ոգեւոր ճաշկերոյթ մը, որու մասնակիցները միասնաբար ողջունեցին 2016 թուականի տարեմուտը։ Ֆլորիայի «Քաշըպէյազ կալա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս բազմահոծ հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Ճաշասեղանի շուրջ համախմբուած տիկիններու շարքին կը գտնուէին Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն բազում դէմքեր, նաեւ զանազան թաղերէ համակիրներ։ Ծնողաց միութեան ատենապետուհի Ժանէթ Արծիւեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին բարեւեց բոլոր ներկաները։ Կազմակերպիչները նախատեսած էին նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Բոլոր ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի Ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Ժանէթ Արծիւեան, Սեդա Պէշիկթաշլեան, Նաթալի Օքթայ, Սիրանոյշ Թոմուրճուք, Հայրիէ Փէք, Հիլտա Աշճը, Այլին Սանթալու, Էլիզ Ահճը, Լիւսի Չընար, Սիլվա Քըրալըմ, Դալար Տոլար, Լետա Խրիմեան, Շիլա Մինազ, Աննա Սարըօղլու, Պրիժիտ Իսքէնտէրօղլու եւ Լորա Օքթայ։