ՀԱՅՐ ՈՒ ՈՐԴԻ ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ՀԵՐՈԼՏ ՅԱԿՈԲԵԱՆՆԵՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵԿՈՅԹԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԹՈՒՐՔ ՅԱՅՏՆԻ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Շաբաթ երեկոյեան Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցաւ արեւելեան երաժշտութեան համակիրներուն տեսակէտէ անմոռանալի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Մարի» ճաշարանի երդիքին տակ, Ակնէս Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ երեկոյթ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Գալիֆորնիայէն հռչակաւոր ուտահար Ռիչըրտ Յակոբեան։ Այս վերջինը եկած էր իր որդւոյն՝ Հերոլտ Յակոբեանի հետ, որ կը բնակի Նիւ Եորքի մէջ։ Հայր ու որդի Յակոբեանները թուրք երաժիշտներու հետ միանալով իսկապէս բարձր մակարդակով յայտագիր մը գործադրեցին, ինչ որ անկրկնելի հաճոյք մը եղաւ երեկոյթի մասնակիցներուն տեսակէտէ։
Ռիչըրտ Յակոբեանի ընտանիքին արմատները կը հասնին մինչեւ Էրզրում եւ Մարաշ։ Ան մօտիկ բարեկամութիւն ու մտերմութիւն ունեցած է ուտի Հրանդի հետ։ Ռիչըրտ Յակոբեան ի ծնէ թէեւ ունեցած է նուագելու տաղանդը, իսկ ուտի Հրանդի հետ ունեցած յարաբերութիւնն ալ ներշնչանքի կարեւոր աղբիւր մը եղած է իրեն համար։ Իր որդին՝ Հերոլտ Յակոբեան եւս նուիրուած է երաժշտական ասպարէզի։ Ան արեւելեան երաժշտութեան լարային ու շնչաւոր նուագարաններու մասնագէտ մըն է։ Աւարտած է Juilliard երաժշտական բարձրագոյն վարժարանը, ներկայիս Նիւ Եորքի մէջ կը զբաղի նուագարաններու վաճառքով ու միեւնոյն ժամանակ սափականատէրն է Traditional Crossroads սկաւառակներու թողարկման ծանօթ ընկերութեան։ Յակոբեաններու ընտանիքին մէջ երաժշտական տաղանդը կը ժառանգուի սերունդէ սերունդ, արդարեւ Հերոլտ Յակոբեանի որդին ալ տակաւին պատանի հասակի մէջ արդէն խոստմնալից ջութակահար մըն է, որ իր սերնդակիցներու շարքին կը դասուի հանճար մը։
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած երեկոյթը թէ՛ ունկնդրութիւն մըն էր եւ թէ մեծարանք մը՝ Ռիչըրտ Յակոբեան վարպետին համար։ Ան այս առթիւ ուրախութիւն յայտնեց Պոլիս այցելելու շարժառիթին կապակցութեամբ ու յարգանքով վերյիշեց իր նախնիները, որոնք Էրզրումէն եւ Մարաշէն էին։
Բարեկամական նեղ շրջանակի համար նախատեսուած այս երեկոյթին մասնակցութիւն բերին նաեւ խումբ մը արեւելեան երաժշտութեան հեղինակութիւններ ու քննադատներ, որոնք ջերմօրէն ողջունեցին Ռիչըրտ Յակոբեանը, թէ՛ զինքը ունկնդրելու առիթ ունեցան եւ թէ ընթրիքի սեղաններու շուրջ վայելեցին անոր անմիջականութիւնը։ Հայր ու որդի Յակոբեաններուն միացան Սերքան Չաղրը (քլարինեթ), Եուրտալ Թոքճան (ուտ), Պաքի Քեմանճը (ջութակ), Թուրկուտ Էօզիւֆլէր (քանոն), Մեհմէտ Կիւնթէքին (թէֆ)։ Այս նուագախումբին որպէս մենակատար միացած էր Եափրաք Սայար։ Թէեւ հեռակայ դրութեամբ, սակայն, այս բոլոր արուեստագէտները յարգանք ու համակրանք կը տածէին Ռիչըրտ Յակոբեան վարպետին նկատմամբ։ Այս վերջինն ալ, իր կարգին, փոխադարձ զգացումներ կը տածէր անոնց նկատմամբ, ունէր ջերմ յարաբերութիւններ, մանաւանդ, որ անցեալի մէջ Ռիչըրտ Յակոբեան նուագակցած էր նաեւ քանոնահար Թուրկուտ Էօզիւֆլէրի հանգուցեալ մեծհօր։
Վերոյիշեալ արուեստագէտներու խումբը գործադրեց շատ որակեալ յայտագիր մը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ նոյնինքն Ռիչըրտ Յակոբեան։ Ան թէ՛ իր ուտի նուագներով եւ թէ մեներգներով մասնակցութիւն բերաւ երեկոյթին, իսկապէս տպաւորուած ըլլալով խորապէս։ Ռիչըրտ Յակոբեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ երաժշտական խումբի անդամներուն մասին, որոնք ալ նման հեղինակաւոր վարպետի մը հետ նոյն բեմը բաժնելու երջանկութիւնը եւ պատիւը ապրեցան։
Շաբաթ գիշերուան ուշ ժամերուն աւարտին հասաւ այս երաժշտական երեկոյթը, որ ապահովաբար անմոռանալի պիտի դառնայ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ, Ռիչըրտ Յակոբեանի արուեստին հաղորդ դառնալու եզակի հնարաւորութեան բերումով։