ԳՈՅԺ. ՈՉ ԵՒՍ Է ԿԱՐՊԻՍ ՈՒՂՈՒՐԼՈՒԵԱՆ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի այն­քան սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Կար­պիս Ու­ղուր­լուեան։ Իր սե­րուն­դի ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան դէմ­քե­րէն մին էր Կար­պիս Ու­ղուր­լուեան, որ թրքա­հայ կեան­քէ ներս կը վա­յե­լէր թէ՛ մեծ հա­մակ­րանք եւ թէ մեծ վստա­հու­թիւն։ Եր­կար տա­րի­ներ ան մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս զբա­ղե­ցու­ցած էր բազ­մա­կող­մա­նի պաշ­տօն­ներ։ Ե­ղած էր, մա­նա­ւանդ, Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան բազ­մա­մեայ ա­տե­նա­պե­տը։ Պատ­րիար­քա­րա­նէ ներս ալ զբա­ղե­ցու­ցած էր պաշ­տօն­ներ։ Որ­պէս կա­մա­ւոր վիթ­խա­րի աշ­խա­տանք տա­րած էր հա­մայն­քէն ներս, նաեւ իր հիմ­նած «Փո­լա­րիս» զբօ­սաշր­ջու­թեան ըն­կե­րու­թեան մի­ջո­ցաւ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ի­րե­րա­յա­ջորդ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պած էր դէ­պի Հա­յաս­տան։ Այս ձե­ւով ան ստանձ­նած էր ա­ռա­քե­լու­թիւն մը, ո­րու շնոր­հիւ ե­զա­կի կա­մուրջ մը ստեղ­ծուած էր իս­թան­պու­լա­հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ։ Իր յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը եր­կա­րա­ժամ­կէտ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած էին եւ ան միշտ իր ստանձ­նած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­րած էր հա­ղոր­դա­կան բնա­ւո­րու­թիւ­նով եւ հա­մե­րաշխ ձե­ւով։ 1925 թուա­կա­նին ծնած Կար­պիս Ու­ղուր­լուեան վեր­ջին շրջա­նին կը տա­ռա­պէր ա­ռող­ջա­կան լուրջ խնդիր­նե­րէ ու կը վա­յե­լէր իր հա­րա­զատ­նե­րուն խնամքն ու հո­գա­ծու­թիւ­նը։ Ան անջն­ջե­լի հետք մը թո­ղած է բո­լոր ա­նոնց վրայ, ո­րոնք զին­քը ճանչ­ցած են, ա­ռար­կայ դար­ձած՝ իր նա­խան­ձախն­դիր եւ նուրբ վե­րա­բեր­մուն­քին։ Յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ՝ Յու­նուա­րի 25-ին Կար­պիս Ու­ղուր­լուեան պի­տի նշէր իր ծննդեան տա­րե­դար­ձը, սա­կայն Նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը ե­կաւ կան­խել այդ հանգ­րուա­նը եւ ան ի Տէր հան­գաւ քաղցր ու ան­թա­ռամ յի­շա­տակ մը թող­լով իր սի­րե­լի­նե­րուն մօտ։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք Կար­պիս Ու­ղուր­լուեա­նի բա­րի հոգ­ւոյն ու մեր խո­րազ­գած ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք որ­դի­նե­րուն՝ Հմա­յեակ Ու­ղուր­լուեա­նին, Տքթ. Ա­րա Ու­ղուր­լուեա­նին եւ բո­լոր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016