ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի հետ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, թէ Անգարայի եւ Լոնտոնի միջեւ համագործակցութիւնը կը գտնուի գերազանց մակարդակի մը վրայ։ Ըստ Տավուտօղլուի, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած խտացեալ շփումները առիթ պիտի ընձեռեն, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ թափ ստանայ տնտեսական ու քաղաքական համագործակցութիւնը։ Վարչապետին խօսքերով, Անգլիա կը հանդիսանայ Թուրքիոյ կարեւորագոյն դաշնակիցներէն մին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով անգլիական կողմի զօրակցութեան ու վշտակցութեան համար։ «Մեր տարածքաշրջանէն ներս գոյութիւն ունի մեծ ռիսք մը։ Սա միայն Թուրքիոյ դէմ ուղղուած չէ, այլ՝ Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի դէմ։ Վտանգը մասնաւորապէս կու գայ Սուրիայէն։ Իմ մասնակցութեամբ կայանալիք Սուրիոյ խաղաղութեան խորհրդաժողովի կազմակերպման կապակցութեամբ ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ», ըսաւ Տավուտօղլու Լոնտոնի մէջ եւ ընդգծեց, թէ ներկայիս առկայ են թէ՛ մեծ դժուարութիւններ եւ թէ միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւններ։
Իր կարգին, Տէյվիտ Քեմրըն ուրախութիւն յայտնեց Տավուտօղլուն հիւրընկալելու կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման եւ ընդհանրապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դժուարութիւններուն կողմերը դէմ յանդիման կը գտնուին համատեղ։ Ան համոզուած է, թէ Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտ է փոփոխութեան մը ապրուիլը։ Ուստի, Քեմրըն այս նիւթին շուրջ համատեղ աշխատանք կը նախատեսէ Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տավուտօղլու-Քեմրըն զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Կիպրոսի հիմնախնդիրը։ Տավուօղլու յոյս յայտնեց, թէ սոյն հարցը այս տարի պիտի կարգաւորուի՝ երաշխաւոր երկիր Անգլիոյ աջակցութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ Ահմէտ Տավուտօղլու անգլիական կողմին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն ի նպաստ աջակցութեան բերումով։ «Կը յուսանք, որ 2016 թուականը նոր սկիզբ մը պիտի բնորոշէ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս առումով կարեւորութիւն պիտի ներկայացնեն ձեր աջակցութիւնը եւ Եւրոպայի մասին մեր համատեղ տեսլականը։ Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ու կը յուսամ յառաջիկայ Մայիսին ձեզի ողջունել մեր երկրին մէջ», ըսաւ Ահմէտ Տավուտօղլու։
Հարկ է նշել, որ անցեալ տարուան դրութեամբ Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ առեւտուրի ծաւալը հասած է 15 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին։