ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՁԵՌՔԵՐԸ ՕԴԻՆ ՄԷՋ ՄՆԱՑԻՆ

Ի­նը տա­րի. եւ Հրանդ կը սպա­սէ ար­դա­րու­թեան:

Մեր օ­րագ­րու­թեան մէջ 19 Յու­նուա­րը դար­ձաւ Հրան­դի օր եւ ա­մէն տա­րի պահ մը լռե­ցինք ու վեր­յի­շե­ցինք ա­նոր մեծ ան­կու­մը:

Պրկուած ա­ղե­ղի պէս զգա­ցա­կան շեր­տե­րը կա­պե­ցինք մեր սպաս­կոտ ձայ­նին մէջ եւ սպա­սե­ցինք, որ թրքա­կան «Թու­տէյզ Զա­մա­ն­»ը, «Հիւր­րի­յէ­թ­»ը կամ միւս թեր­թե­րը գրեն ար­դա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կի մա­սին:

Այդ թեր­թե­րը գրե­ցին Հրան­դի մա­հ-ւան մա­սին:

Բայց ոչ ար­դա­րու­թեան մա­սին:

Դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­ծուե­ցան թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րու:

Դա­տերն ու դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րը մօ­տե­ցան մեզ­մէ:

Բայց Հրանդ Տինք ա­ւե­լիով հե­ռա­ցաւ:

Հրան­դի ար­ձա­կած նե­տը մտաւ մու­թին մէջ եւ ա­մէ­նուր տի­րեց ա­րեան խաղ:

Հրանդ դուրս ե­լաւ իր պա­տան­քէն:

Ա­մէն մարդ դար­ձաւ Հրանդ Տինք:

*

Հրանդ Տինք չէին միայն Պոլ­սոյ փո­ղոց­նե­րէն քա­լող հա­րիւր հա­զար­նե­րը, ո­րոնց ան­կեղ­ծու­թեան հա­մար կաս­կա­ծե­ցան մեզ­մէ շա­տեր:

Հրանդ Տինք չեն այն բո­լո­րը, որ առ այ­սօր ա­նոր սպան­ու­թիւ­նը՝ թուր­քերը մին­չեւ վերջ ա­տե­լու դրօ­շի կը վե­րա­ծեն:

Հրանդ ա­տե­լու­թեան հա­մար չմե­ռաւ:

Չմե­ռաւ վերջ­նա­կա­նա­պէս՝ ա­տե­լու­թեան շիր­մա­քա­րին վրայ:

Ի­րա­ւամբ ու­րիշ մէկն է Հրանդ Տինք:

Ար­դեօք ան մեզ­մէ մէ՞կն էր:

Ար­դեօք ան մեր ա­րիւ­նոտ յի­շո­ղու­թեան հո­ղին հա­մար պայ­քա­րո՞ղ մարդն էր միայն: Ար­դեօք ան գի­տէ՞ր, որ իր մա­հը սկիզբ պի­տի դառ­նար նոր ճա­նա­պար­հի:

Գի­տէ՞ր ար­դեօք, որ իր մա­հով պի­տի բա­ցուէին հա­րիւր տա­րի փակ պա­հուած պա­տու­հան­նե­րը:

Կամ կ­­՚ե­րե­ւա­կա­յէ՞ր, որ Ուր­ֆա­յէն Մա­րաշ, Վան ու Տիար­պա­քըր ի­րենց դէմ­քե­րը վա­խի շղար­շով փա­կած թա­քուն հա­յե­րը դուրս պի­տի գա­յին ի­րենց «թաքս­տոց­նե­րէ­ն»...

Թուրք կին գոր­ծիչ՝ Փը­նար Սե­լէք իր «Ո­րով­հե­տեւ հայ են» հա­տո­րին մէջ (Ե­րեւան, 2015) «Ձեռ­քե­րը» խո­րագ­րեալ հա­տու­ծին մէջ Հրան­դի հետ իր ու­նե­ցած ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը նկա­րագ­րե­լով կը գրէ`

«Բան­տէն դուրս գա­լէ եւ Նշան Ամ­ճա­յի կող­մէն ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէզ հրա­ւի­րուե­լէն քիչ ժա­մա­նակ ան­ցած էր, երբ ան հան­դի­պե­ցաւ ին­ծի:

«-Ես Հրանդ Տինքն եմ: Կ՚ու­զէի ծա­նօ­թա­նալ քե­զի հետ: Մեր նման մար­դիկ պէտք է ի­րա­րու ձեռք մեկ­նեն:

«Ա­նոր մկա­նոտ խո­շոր ձեռ­քե­րը լաւ կը յի­շեմ: Հրանդ ու­նէր մշու­շոտ աչ­քեր, նոյ­նիսկ երբ կը ժպտար: Յան­դուգն, տա­քա­րիւն, լա­ւա­տես մարդ մը, որ կը հրա­ժա­րէր թաք­նուե­լէ»:

Ֆե­մի­նիս­տ Փը­նար Սե­լէք շատ կարճ մի­ջո­ցի մը մէջ կրցած էր խո­րա­պէս զգալ Հրան­դի էու­թիւ­նը:

-Մկա­նոտ ձեռ­քեր եւ մշու­շոտ աչ­քեր:

Ի­րեն «ժա­ռան­գ» տրուած մեծ ող­բին մէ­ջէն Հրան­դի աչ­քե­րը կը պատ­մէին հայոց հին գա­ւառ­նե­րու մեծ ող­բին մա­սին:

Ող­բի մը մա­սին, որ ար­ցունք չու­նե­ցաւ:

Ար­ցուն­քը կը չոր­նար լռու­թեան եւ ա­մա­յու­թեան մէջ:

Իսկ ա­նոր ձեռ­քե­րը՝ խո­շոր եւ մկա­նոտ կը դառ­նա­յին բաց ա­փեր:

Նոր սկիզբ մը կեր­տե­լու հա­մար Հրան­դի ճի­գը կը մնար կի­սատ:

Հրան­դի խո­շոր ձեռ­քե­րը մին­չեւ հի­մա պար­զուած են օ­դին մէջ:

Ու չե­ղաւ մէ­կը, որ միւս ա­փէն հաս­նէր ու նկա­տէր իր պատ­գա­մին ի­մաս­տը:

Հրան­դին հա­մար կա­րե­ւոր էր թուր­քը:

Շատ պարզ ըմբռ­նու­մով մը ան կը բա­ցատ­րէր «միա­սին ապ­րե­լու հե­ռանկա­ր­»ին մա­սին:

Ա­նոր այս մօ­տե­ցումն էր, թե­րեւս, որ Սփիւռ­քի բո­լոր թէժ կէ­տե­րուն մէջ պի­տի չըն­դու­նուէր ու քննա­դա­տու­թեան տա­րափ մը թա­փուէր իր գլխուն:

Ու ա­պա ա­նոր սպան­ու­թիւ­նը կը դառ­նար պսա­կը՝ այս պատ­մու­թեան:

Հրանդ կը նստէր նա­հա­տա­կի ա­թո­ռին, ա­ռանց որ ա­նոր գոր­ծին ի­մաս­տը, ա­նոր պատ­գամ­նե­րը եւ ա­նոր ար­ձա­կած նե­տե­րը տեղ մը հաս­նին:

Միա­սին ա­պա­գայ մը կեր­տել:

Պի­տի ը­սէք,- ինչ­պէ՞ս:

Միա­սին նստիլ նոյն սե­ղա­նին:

Հարց պի­տի տաք,- ի՞նչ ա­պա­ւէ­նով:

Այս հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նը ես ալ չու­նիմ, բայց գի­տեմ, որ Հրանդ այդ ճա­նա­պար­հին հա­ւա­տաց:

Խօս­քի ճա­նա­պար­հին:

Ու խօ­սո­ղը, ճա­նա­պարհ­նե­րուն վրայ լոյ­սի կտոր­ներ «ցա­նո­ղ­»ը պի­տի չյոգ­նի:

Հրանդ եր­բեք յոգ­նիլ չգիտ­ցաւ:

Ու այ­սօր ալ, մին­չեւ այս պա­հը ա­նոր ձեռ­քե­րը ճեր­մակ ա­ղաւ­նի­նե­րու պէս բա­ցուած կը մնան օ­դին մէջ:

Բայց այդ ա­ղաւ­նի­նե­րը վա­խի կամ սար­սա­փի խնդիր չու­նին:

Ո­րով­հե­տեւ Հրան­դի ու ա­նոր ձեռ­քե­րուն ժա­մա­նա­կը դեռ չէ հա­սուն­ցած:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016