Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՈՉ ԵՒՍ Է ԺԻԼՊԷՌ ՈՒՐ. ԴՊ. ԲԱՐՈՒՆԱԿԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահականացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Ժիլպէռ Բարունակեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Ան տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց-Դաս երգչախումբի ուխտեալ անդամներէն մին էր ու դպրապետը։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան մօտ ալ վարած էր փոխ-ատենապետի պաշտօն։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր որդւոյն՝ Նուրհան Բարունակեանի։
Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016