ՀԱՒԱՏՔԸ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻ՛ՒՆ
Հաւատքի մասին յաճախ կը խօսինք՝ ի՛նչ որ բնական է, քանի որ հաւատքը՝ պայմանական անհրաժեշտութիւն մըն է, ան քրիստոնէավայել գործունէութի՛ւնն իսկ է։ Հաւատքը ամէն պահ մեզի հետ է՝ կեանքին հետ համընթաց կը քայլէ մեզի հետ։ Շատ անգամ չենք անդրադառնար, բայց հաւատքը միշտ կա՛յ, կը մնայ մեզի հետ։ Անով է որ մենք կը միանանք Քրիստոսի, մարմին ու անդամներ կը դառնանք Անոր մէջ, Անոր հետ։ Մարմինը աւելի՛ մեծ է քան անդամները, եւ զանոնք իրեն կը քաշէ եւ իրեն հետ կը յառաջացնէ։
Այս իմաստով աղօթքն ալ անդամները մարմինին միացնող «շաղախ»ն է։ Աղօթաւոր բերաններ ունեցողներ՝ որոնք անձանձրոյթ կ՚աղօթեն, վերէն կը ներշնչուին։ Անոնք կը միանան մարմնին՝ որպէս անդամներ։ Այս կը հաստատէ Քրիստոս երբ կ՚ըսէ. «Հաւատք ունեցէք Աստուծոյ վրայ։ Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ մէկը ըսէ այս լերան.- Ելի՛ր ու ծով ինկիր, եւ իր սրտին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ՝ թէ ըսածը կը կատարուի, պիտի ըլլայ ի՛նչ որ ըսէ։ Ասոր համար կ՚ըսեմ ձեզի՝ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք եւ հաւատաք թէ պիտի ընդունիք՝ պիտի կատարուի» (ՄԱՐԿ. ԺԱ 22-24)։
Գիտութեան յառաջացումը ասոր փա՛ստն է եւ անոր մեծաքայլ նուաճումները։ Մարդիկ հաւատք ունեցան, վստահեցան գիտութեան վրայ եւ յաջողեցա՛ն։ Ուստի ի՛նչ որ իրականութիւն է նիւթական-ֆիզիքական՝ տեսանելի աշխարհին համար, նո՛յնն է նաեւ հոգեկան-բարոյական-մտաւոր աշխարհին համար։ Էականը միշտ պատնէշին վրայ կանգուն եւ հաստատ մնա՛լն է։ Այն որ հաստատակամ է եւ անկասկած անոր աղօթքը անկեղծ է եւ իսկութեան մէջ՝ զԱստուած փառաբանող եւ Աստուծոյ մատուցուած աղերսի մը խօսակցութիւնն է՝ խօսակցութիւն մը՝ հօր եւ որդիին միջեւ։
Ուրեմն ասկէ կը հետեւի, թէ աղօթքի մը անհրաժեշտ տարրն է՝ հաւատքը։ Այն որ հաւատքով չ՚աղօթեր, անոր աղօթքը ընդունելի չ՚ըլլա՛ր, քանի որ աղօթքով սպասուած «կապ»ը չի հաստատուիր մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ։ Անտարբեր ու ամբարտաւան կեցուածքով ինքզինք փառաբանել եւ կամ իր կատարած գործերը պատմել, ինքզինք արդարացնելու փորձեր կատարել եւ մանաւանդ իր շուրջիններուն ցուցամոլութեան ցոյցեր ընելով ուշադրութիւն գրաւելու աշխատիլ՝ բոլորովին կը հակասեն աղօթքի գաղափարին, հետեւաբար անլսելի եւ ընդունելի՛ կ՚ըլլան։
Ինքնահաւանութեամբ, գոռոզութեամբ արտասանուած ու արտայայտուած խօսքեր երբեք չեն լսուիր եւ պիտի չունկնդրուին Աստուծոյ կողմէ։ Հաւատքը խոնարհութիւն եւ համեստութիւն կը պահանջէ՝ մաքուր սիրտ եւ անկեղծ արտայայտութի՛ւն։ Ուստի Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու, յարաբերուելու պայմանը ո՛չ միայն աղօթել է, հապա աղօթքին նախապատրաստութիւնը եւ ձե՛ւը։ Ինչպէս ըսինք, անտարբեր ու թերահաւատ ոգիով կատարուած աղօթքը երբեք նպատակայարմար չէ՛, այլ միա՛յն ձեւակերպութիւն։
Կեանքի փորձառութեամբ եւ ապրուած վկայութիւններ մեզի ցոյց կու տան, թէ՝ ա՛յսօր ալ կը գտնուին համանման մարդիկ՝ որոնք ամէնուրեք կայնած Աստուծոյ կեղծ ու դիմակաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւ ապա կը սկսին ինքնագովութեան, ինքնափառաբանութեան եւ կը ստիպեն, կը բռնադատեն, որ իրենց շուրջինները գովաբանեն զիրենք, հիանան իրենց…։
Յաճախ կը տեսնուին այսպիսիներ, անգամ մը որ հասնին դիրքի մը, տիրանան աստիճանի մը՝ կը ջանան իշխել ու տիրել բոլոր դիրքերու, աստիճաններու՝ աստուածային նախասահմանութեան նկատելով իրենց փառքը։ Մենք նկատած ենք մեծ զարմանքով ստորադաս աստիճաններու տէր եկեղեցական պաշտօնեաներու՝ որոնք կը շարժին բարձրաստիճան հոգեւորականներու նման։ Խնդրեմ, սիրելինե՜ր, փորձեցէք դիտել ձեր շուրջը եկեղեցւոյ մէջ՝ մեր տեսած աչքերով, եւ պիտի տեսնէք մեր նկատածները եւ իրաւացի պիտի նկատէք մեր մտահոգութիւնները այս մասին. անիշխանական, ինքնակեդրոն անձեր՝ կարծելով թէ անփոխարինելի են իրենք, եւ կարծելով թէ ամէնուրեք իրենց պէտքը կը զգացուի՝ սնապարծութեան հովերէ տարուած ո՛չինչ կը համարեն եկեղեցական իշխանութիւնը եւ նուիրապետական կարգը, ընդհանուր կարգը եւ կանոնը։ Քմայական որոշումներով եւ բոլորովին փառամոլութեամբ եկեղեցւոյ ծառայել կը ձեւացնեն, իրականին՝ հոն են, ուր իրենք զիրենք պիտի ցուցադրեն։ Անոնց նպատակը ո՛չ թէ ծառայել, այլ՝ ինքագովութեան առիթ ստեղծել է, այդ իսկ պատճառով հոն կ՚երթան «ծառայել»ու դիմակով՝ ո՛ւր իրենք զիրենք ցոյց պիտի տան բազմութեան…։
Խե՜ղճ անձեր են անոնք՝ բարդոյթով լեցուած, իսկական ունայնամիտներ են անոնք, իրենք զիրենք «արժէք» կը կարծեն, բայց այդ կերպով կը կորսնցնեն իրենց աննշան-անարժանութիւնն իսկ, կը զոհեն իրենց արժանապատուութիւնը՝ ո՛չինչ համարելով «նկարագիր ունեցող մարդ»ու յարգն ու պատիւը։ Եկեղեցին պէտք չունի՛ փառամոլներու, եկեղեցին պահանջքը չի՛ զգար ինքնիրմով լեցուած, ինքնիրմով հպարտ «պարպուած» ծառայողներու…։ Հետեւեցէ՛ք, եւ պիտի տեսնէք զանոնք. եկեղեցի եկեղեցի, թաղէ թաղ կը պտըտին, հոս ու հոն կը շրջին իրենք զիրենք «կարեւո՛ր» համարել տալու համար։ Պաշտօնապէս իրենց նշանակուած եկեղեցին կը թողուն եւ կ՚երթան այն եկեղեցիները՝ ուր հանդիսաւոր արարողութիւն կը կատարուի, եւ այդպիսի երեւոյթ մը ստեղծելու կ՚աշխատին, թէ առանց իրենց այդ օրուան հանդիսութիւնները անկատար եւ թերի պիտի մնայ։ Օրինակները մեր շուրջն է, մեր մօտը…։
Եթէ հարցնէք՝ պատրա՛ստ է իրենց պատասխանը.- Որպէսզի իմ օգուտս բերեմ, հրաւիրեցին զիս, չկրցի մերժել եւ գացի։ Սո՜ւտ, զիրենք հրաւիրող անգամ չէ եղած, իրենք զիրենք հրաւիրուած համարած են, պարզապէս «կարեւո՛ր» եւ «օգտակար» մարդ ըլլալնուն համոզելու համար շուրջինները։ Խե՜ղճ մարդ, ո՞վ կը խաբես։ Դուն քեզի համար կ՚երթաս՝ դուն քեզի ծառայելու համար եւ եկեղեցին գործիք կ՚ընես քու քմահաճոյքիդ…։
Այսպիսիներու նպատակը ծառայել չէ՛, այլ՝ ցուցամոլութիւն։ Լա՛ւ, կ՚երթաս, հապա ուրեմն ինչո՞ւ չես յարգեր կարգ ու կանոնը, քու գացած եկեղեցին ալ չի գիտե՞ր կարգ ու կանոնը, չի խորհի՞ր իմացնել պաշտօնի կարգուած եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն, գոնէ յարգել կենցաղավարական կանոնները…։ Արդարեւ այն հաստատութեան մէջ, աշխարհական կամ եկեղեցական, որ չի յարգուիր կարգ ու կանոն, կ՚անտեսուի կարգապահութիւնը, անտարբեր վարմունք կը ցուցաբերուի նուիրապետական կարգին՝ հոն ի զուր հասարակաց օգուտի մը կը սպասուի։
Անգամ մը, որ անպատասխանատու եւ իրենց քմահաճոյքին համեմատ շարժող անձեր գտնուին հասարակական հաստատութեան մը մէջ՝ այլեւս հոն կը սկսի փլուզումը, եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի այդ փլուզումին առիթ ընծայելու իր անձնական շահուն համար, իր անկուշտ կիրքերուն համար։ Եկեղեցին մանաւանդ, եւ ո՛չ մէկ հասարակական հաստատութիւն պէտք է՛ նկատուի անձնական քմայքներու եւ շահերու միջոց, քանի որ հասարակաց օգո՛ւտն է անոնց նպատակը, եւ ո՛չ ոք իր բարդոյթներուն գոհացումը փնտռէ՛ հասարակութեան ծառայելու պատրուակով խաբէութիւններու մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 21, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024