ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Լոնտոնէն.-
Օքսֆորտ համալսարանի Փեմպրուք գոլէճէն ներս երէկ շարունակուեցաւ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ համաժողովը, որ կ՚եզրափակուի այս շաբաթավերջին։ Հիւրընկալ համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի Հայագիտութեան ամպիոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համաժողովին ծրագիրը կեանքի կը կոչուի աշխատանոցի մը ձեւաչափին մէջ։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին աջակցութեամբ կ՚իրականանայ այս նախաձեռնութիւնը, որու հիմնական կազմակերպիչներն են Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Թէօ ֆան Լինտ։
Սփիւռքեան զանազան շրջանակներէ մտաւորականներուն ժամադրավայրը հանդիսացած է Լոնտոն՝ այս համաժողով-աշխատանոցին բերումով։ Ըստ նախատեսուած ծրագրին երէկուան աշխատանոցային քննարկումներէն մին վարեց ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեան։ Օրուան տեւողութեան քննարկումներուն մասնակցութիւն բերին շարք մը յայտնի անուններ. օրինակ՝ Ժիրայր Դանիէլեան (Պէյրութ), Շահան Գանտահարեան (Պէյրութ), Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Եորք), Գրիգոր Մոսկոֆեան (Լոնտոն), Վալենթինա Քալցոլարի (Ժընեւ), Մարկ Նշանեան (Փարիզ), Սագօ Արեան (Երեւան) եւ այլ յայտնի դէմքեր։
Ինչպէս հաղորդած էինք սոյն համաժողովին մասնակցելու համար Լոնտոնի մէջ կը գտնուի նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան։