ԱՆՆԻԿ ԺԻՐԱՐՏԷՆԻ ԱՅՑԸ

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան զար­գաց­ման ու ֆրան­սա­խօ­սու­թեան գծով պե­տա­կան քար­տու­ղար Ան­նիկ Ժի­րար­տէն շա­բա­թա­վեր­ջին շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հարկ է նշել, որ ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է՝ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի։ Ե­րե­ւա­նի մէջ Ժի­րար­տէն հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան այ­ցե­լեց նաեւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը։ Ժի­րար­տէն ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեա­նի մօտ կա­յա­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին եր­կուս­տեք գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ հայ-ֆրան­սա­կան ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ա­մուր հիմ­քի վրայ խարս­խուած հայ եւ ֆրան­սա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան մա­սին։ Սերժ Սարգ­սեան այդ ա­ռու­մով օ­րի­նա­չափ հա­մա­րեց, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն վերջ հայ-ֆրան­սա­կան միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մշտա­պէս ու­նե­ցած են վե­րըն­թաց զար­գա­ցում՝ նկա­տե­լիօ­րէն աշ­խու­ժա­ցած են բարձ­րաս­տի­ճան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րը, նոր կա­պեր մշա­կուած են եր­կու եր­կիր­նե­րու քա­ղաք­նե­րուն մի­ջեւ, ընդ­լայ­նուած է տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016