Համաշխարհային Շարժապատկերի Աստղեր՝ Հայերու Դերով
Պարզ է, որ տեղեկատուական եւ քարոզչութեան մարզերուն մէջ շարժապատկերը շատ կարեւոր գործօն է, մանաւանդ երբ արուեստի մակարդակով եւ արժէքներով կը պատրաստուի:
Հայաստան եւ ընդհանրապէս հայութիւնը շարժապատկերը իբրեւ այդպիսին տակաւին առաւելագոյնս չենք կրցած օգտագործել՝ հակառակ այդ մարզին մէջ մեր ունեցած հսկայական ներուժին: Ուրախալի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հպարտալի է, երբ օտար շարժապատկերներու մէջ համաշխարհային դերասաններ, աստղեր հայ տիպարներ կը մարմնաւորեն: Նոյնիսկ այս երեւոյթը ի նպաստ մեր քարոզչութեան ծառայեցնելու այնքան կենսական աշխատանքին մէջ բաւական ետ կը մնանք զանազան ժողովուրդներէ, մանաւանդ՝ հրեաներէն: Հարց մըն է, որուն մասին կ՚արժէ մտածել:
Շարժապատկերի համաշխարհային աստղեր իրենց ասպարէզի ընթացքին մարմնաւորած են տարբեր ազգերու տիպարներ, որոնց շարքին՝ նաեւ հայեր:
Կը ներկայացնենք փունջ մը:
ՍՈՖԻԱ ԼՈՐԷՆ
Աշխարահռչակ դերասանուհի եւ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած Սոֆիա Լորէն «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» (1964) պատմական շարժապատկերին մէջ մարմնաւորեց Հայաստանի թագուհի Լուսիլլայի կերպարը, որուն ամուսինին դերը ստանձնեց Օմար Շերիֆ: Շարժապատկերին բեմադրիչն է Անթոնի Մանն: Աւելի քան 3 ժամ տեւողութեամբ շարժապատկերը կ՚արծարծէ կայսերական փտածութիւնը, ատոր լոյսին տակ՝ հօր եւ զաւկի յարաբերութիւնները, հաւատարմութեան եւ բարեկամութեան բնոյթն ու սահմանափակումները:
ՔԼՈՏԻԱ ՔԱՐՏԻՆԱԼԷ
Հանճարեղ Անրի Վերնէօյի «Մայրիկ» (1991) շարժապատկերին մէջ գլխաւոր հերոսի մօր կերպարը մարմնաւորած է իտալացի դերասանուհի Քլոտիա Քարտինալէն: Քանի մը տարի առաջ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ աշխարահռչակ դերասանուհին այցելեց Երեւան եւ խոստովանեցաւ, որ Ֆրանսայի մէջ իրեն կը մօտենան անծանօթ հայեր՝ հետեւեալ բառերը արտասանելով. «Դուք մեր մայրիկն էք»:
ՕՄԱՐ ՇԵՐԻՖ
Նոյն շարժապատկերին մէջ գլխաւոր հերոսին հօրը կերպարը մարմնաւորեց արաբ աշխարահռչակ դերասան Օմար Շերիֆ: «Մայրիկ» եւ «Փարատի փողոց, թիւ 588» շարժապատկերներուն մէջ Անրի Վերնէօյ իր ընտանիքին օրինակով կը պատմէ Եղեռնի եւ ատոր հետեւանքներուն մասին: «Մայրիկ»ի բեմագրութիւնը գրուած է աւելի քան քառասուն տարբերակով, բայց միայն մէկը 1985 թուականին հրապարակուեցաւ եւ թարգմանուեցաւ տասը լեզուով, ընդհանուր 200 հազար օրինակով: Գիրքի հայերէն տարբերակը հրատարակուած է 1988 թուականին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
ԺԱՆ ՓՈԼ ՊԵԼՄՈՆՏՕ
Արկածախնդրական շարժապատկերներու ֆրանսացի դերասան Ժան Փոլ Պելմոնտօ ունի հայ բարեկամներ, որոնցմէ էր բեմադրիչ Անրի Վերնէօյը, որուն 1971-ին պատրաստած The Burglars (Le Casse) շարժապատկերին մէջ Պելմոնտօ մարմնաւորեց Ազատ անունով հայ գողի մը կերպարը, որ Աթէնքի մէջ կը հետապնդուի յոյն ոստիկանի մը (Օմար Շերիֆ) կողմէ:
ԱԼ ՓԱՉԻՆՕ
Շարժապատկերի «Օսքար»ի եւ երեսունէ աւելի այլ մրցանակներու արժանացած Հոլիվուտի աստղերէն Ալ Փաչինօ «Դուք չէք գիտեր Ճէքը» (2008) շարժապատկերին մէջ մարմնաւորած է յայտնի հայ բժիշկ Ճէք Գէորգեանը, որ իր մասնագիտութեան պատճառով ստացած էր «Բժիշկ մահ» անունը: Ալ Փաչինօ այդ դերին համար ստացաւ «Ոսկիէ կլոպ» մրցանակը: Շարժապատկերի բեմադրիչն է Պարրի Լեւինսոն:
ԺԱՆ ՌԵՆՕ
Վերջին տասնամեակներուն ամենայայտնի ֆրանսացի դերասան Ժան Ռենօ նկարահանուած է ֆրանսացի բեմադրիչ Լորէն Տիւելի 2009-ին պատրաստած «Փակ շրջան» (Le Premier cercle) շարժապատկերին մէջ՝ յաջողութեամբ մարմնաւորելով հայու դերը՝ Ֆրանսայի մէջ յանցագործ հայկական խմբակի մը ղեկավարը: Ժապաւէնը կը պատմէ յանցագործ Մալաքեաններու գերդաստանի պատմութիւնը, ուր երիտասարդ տղան կը փորձէ ըմբոստանալ իր հօր՝ Մալաքեաններու գերդաստանի գլխաւորին, իշխող կամքին դէմ: Տղան կը փորձէ վերջ տալ յանցագործ կեանքին եւ սկսիլ նոր, ինքնուրոյն կեանք: Երեւանի մէջ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնին բացումը վեցերորդ անգամ տեղի ունեցաւ 2009 թուականի Յուլիս 12-ին, «Փակ շրջան» շարժապատկերով:
ԱԼԱՆ ԱՐՔԻՆ
Ամերիկացի տաղանդաւոր դերասան, «Օսքար»ի եւ այլ մրցանակներու արժանացած, այժմ 82-ամեայ Ալան Արքին բեմադրիչ Մայք Նիքոլզի 1970-ին պատրաստած «Catch-22» շարժապատկերին մէջ մարմնաւորած է հարիւրապետ Ճոն Եոսարեանը, որ Միացեալ Նահանգներու օդուժին հետ մասնակցած է Բ. Համաշխարհային պատերազմին: «Catch-22»ն երգիծական ողբերգակատակերգութիւն մըն է՝ ընդդէմ պատերազմի:
ԼՈՒԻ ՏԸ ՖԻՒՆԷՍ
Ֆրանսացի յայտնի կատակերգակ Լուի տը Ֆիւնէս «Բերանը բացը» շարժապատկերին մէջ, իբրեւ հարուստ գործարար, նաեւ կանկսթեր՝ Լէափոլտ Սարոյեան: Շարժապատկերը 1965 թուականին Մոսկուայի շարժապատկերի փառատօնին արժանացաւ պատուոյ վկայականի, իսկ ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ կատակերգութինը դիտեց աւելի քան 30 միլիոն մարդ:
ՓԱՍ ՎԵԿԱՆ
Սպանացի դերասանուհի Փաս Վեկան Եղեռնի նուիրուած Թաւիանի եղբայրներու «Արտոյտներու ագարակը» (2007) շարժապատկերին մէջ մարմնաւորեց հայուհի Նունիկը: Նոյն ժապաւէնին մէջ դեր ստանձնած է նաեւ այլ աստղ մը՝ գերմանացի Մորից Պլեայփթրոյ: Պերլինէյլ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտոյտներու ագարակը»ի առաջին ցուցադրութիւնը:
ԼՈՒՊՆԱ ԱԶԱՊԱԼ
Պելժիացի դերասան Լուպնա Ազապալ հանդէս եկաւ ամերիկացի բեմադրիչ, միջազգային մրցանակներու արժանացած Պրէյտըն Քինկի «Սիրոյ ակնթարթներ» (2011) շարժապատկերին մէջ, որ գործերով Հայաստան մեկնող ամերիկացի քարտէսագրի եւ անոր ազգութեամբ հայուհի ընկերուհիին սիրոյ մասին է: Շարժապատկերը արժանացաւ Պերլինի շարժապատկերի փառատօնի դատական կազմի յատուկ մրցանակին: Լուպնա Ազապալ նախապէս դեր ստանձնած է նաեւ ֆրանսացի բեմադրիչ Ռոպերթ Քէշիշեանի «Արամ» շարժապատկերին մէջ, ուր Արամի դերով հանդէս եկած է Սիմոն Աբգարեան:
ԺԵՐԱՐ ՏԵՓԱՐՏԻԷՕ
2013 թուականին ֆրանսացի տաղանդաւոր եւ այլախոհ դերասան Ժերար Տեփարտիէօ հանդէս եկած է «Mierere» (The Mark of the Angels) արկածախնդրական շարժապատկերին մէջ: Գլխաւոր հերոս Լիոնէլ Քաստան կ՚երթայ հայկական եկեղեցի, կը կարօտնայ իր կինը, որ գացած է Հայաստան, կ՚ունենայ «Տուտուկ» անունը: Շարժապատկերին բեմադրիչն է Սիլվէյն Ուայթ:
ՏԷՅՎԻՏ ԱԼՓԱՅ
Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» (2002) շարժապատկերին մէջ հանդէս եկած է գանատացի ծանօթ դերասան Տէյվիտ Ալփայ, որ մարմնաւորած է հայու ցաւը պատմող Րաֆֆի անունով երիտասարդ հայու մը դերը: Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ շարժապատկերին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ՝ Սիմոն Աբգարեան, Արսինէ Խանճեան, Շարլ Ազնաւուր, Էլիաս Քոթէս եւ Քրիստոֆըր Փլամըր:
ԹԱՀԱՐ ՌԱՀԻՄ
Գերմանացի, ծագումով թուրք Ֆաթիհ Աքընի 1915-ի մասին պատմող «Սպի» (2014) շարժապատկերին մէջ գխաւոր հերոսի՝ Նազարէթ Մանուկեանի դերակատարը ալճերիացի դերասան Թահար Ռահիմն է: Երիտասարդ Նազարէթ կ՚աքսորուի իր հայրենի գիւղէն: Աւելի ուշ ան կը լսէ, որ իր աղջիկները կրնան ողջ ըլլալ: Ան կը ճամբորդէ աշխարհի տարբեր կողմերը՝ իր աղջիկները գտնելու համար: Վերջապէս ան կը գտնէ իր աղջիկը՝ Լուսինէն եւ կը տեղեկանայ, որ Արսինէն վարակուած էր անապատին մէջ եւ մահացած՝ քանի մը տարի առաջ: «Սպի»ին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ՝ Ար-սինէ Խանճեան, Սիմոն Աբգարեան, Աքըն Կազի:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ