ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐՇՆՉԱԾԸ
Կիրակի առաւօտ, կանուխ ժամերուն, նստած գողտրիկ, գեղեցիկ եկեղեցւոյ նստարաններուն վրայ, կը դիտեմ Սուրբ Խորանը։ Այդ պահը այն խորհրդաւոր պահն է՝ երբ առանձին մտածելու, խորհրդածելու եւ ապրելու առիթը ունիմ վեհագոյն ճշմարտութիւնը, կ՚ամփոփուիմ եւ կը վերանամ, մտապէս կը յափշտակուիմ երբ կը մտածեմ, որ քիչ յետոյ այդ նոյն Սուրբ Խորանին վրայ պիտի կատարուի աշխարհի ամբողջ պատմութեան եզակի զոհաբերումը՝ նուիրումը եւ պիտի ապրուի կեանքի աննման ճշմարտութիւնը… անձայն, համեստ այդ Սուրբ Սեղանին վրայ։
Առանձին, կը սպասեմ, որ այս ճշմարտութեան մասնակիցներ գան, անոնք ալ վայելեն այդ գեղեցկութիւնը, վեհութիւնը, հոգեւոր աչքով տեսնեն ճշմարտութիւնը ամբողջ։
Սուրբ Սեղանին վրայ կը նկատեմ Խաչը՝ երկու մոմակալներու միջեւ, որուն խորը կը հանգչի յաւիտենական «Զոհ»ը։
Ապա կը նշմարեմ դաշտերու համեստ ու խոնարհ ներկայացուցիչները՝ մանուկներու նման անմեղ ու ժպտադէմ ծաղիկները, որ գրգիռ կու տայ մտքիս։ Կը խորհիմ, հաւանաբար երէկուընէ զետեղուած ըլլան անոնք այս Սուրբ Սեղանին վրայ… բայց միշտ թարմ եւ մաքուր։
Կը խորհիմ. երանի՜ մարդիկ ալ ունենային այդ ծաղիկներուն համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը՝ թարմութիւնը եւ մաքրութիւնը։ Եւ կը խորհիմ՝ արդեօք ծաղիկներուն այդ համեստութի՞ւնը, այդ անմեղութիւնը եւ մաքրութիւնն է, որ անոնք առանձնաշնորհեալ ըրած է Սուրբ Խորան բարձրանալու եւ Սուրբ Սեղանին վրայ զետեղուելու, հոն՝ ուր շատեր չեն կրնար բարձրանալ ու վայելել այդ վայելքը եւ միա՛յն արժանաւորներ, որոնցմէ քանին իրապէս «արժանաւոր» է եւ արժանի հոն բարձրանալու, իրապէս խնդրակա՛ն է…։
Եւ դարձեալ կը խորհիմ, ո՜վ գիտէ ժողովուրդին մէջ կան ո՜րքան արժանաւորներ, որոնք չեն կրնար բարձրանալ Սուրբ Խորան եւ դարձեալ, ո՜րքան անարժաններ եւ պատահաբար «արժանացած»ներ՝ որոնք իրենք զիրենք կը ցուցադրեն ժողովուրդին որպէս առանձնաշնորհեալներ եւ ընտրուածներ։ Ի՜նչ ինքնախաբէութիւն, ի՜նչ պատրանք։ Անոնք իրական խեղճեր են, թշուառներ, որոնք կը նմանին Աւետարանի մէջ յիշուած «մաքսաւոր»ին, բայց կը վարուին որպէս «Փարիսեցի»։ Ինքնահաւան, մեծամիտ, ինքն իրմով հպարտ, փառամոլ այս խեղճերը, դժբախտաբար շատ աւելի յարգ ու պատիւ կը վայելեն իրենց արտաքին տեսքով, քան անոնք՝ որ իրապէս նուիրուած են ծառայութեան։ Եւ անոնք կը խաբեն ո՛չ միայն միամիտները, կը խաբեն նաեւ իրենք զիրենք, քանի որ իրենց սուտին իրենք ալ կը հաւատան եւ իրենք զիրենք «արժանաւոր» կը կարծեն։
Կան ոմանք ալ, որոնք իրենք զիրենք ամենագէտ կը կարծեն, յաւակնոտ ու մեծամիտ, կ՚ուզեն քօղարկել իրենց տգիտութիւնը։ Բայց իրականին՝ անոնք իրենց պատահաբար ստացած աստիճանին կամ տրուած պաշտօնին իրաւասութեան ետին ծածկուած խե՜ղճեր են։
Սուրբ Սեղանին վրայ զետեղուած համեստ, անձայն, մունջ եւ լուռ ծաղիկներ շատ աւելի արժանի են եւ կը պատշաճին հոն, քան թէ հազար ու մէկ խաբէութիւններով, կեղծիքով, նենգութեամբ ստացուած աստիճաններով բարձրացողներ, որոնք միմիա՛յն վնաս կը պատճառեն սրբութիւններու՝ որոնց նուիրուած կը ձեւացնեն իրենք զիրենք։
Իսկ ծաղիկները այդ համեստ ծաղիկները ո՛ւր որ ալ գտնուին ու տեսնուին իրենց կոչումին արժանի եւ հաւատարիմ են։ Նենգութիւն, կեղծիք, խարդախութիւն չկա՛յ անոնց մէջ. ծիրանի գօտիի վաղանցուկ գոյներուն մնայո՛ւն պատկերներն են անոնք ամէնուրեք, ինչպէս դաշտերու վրայ…։
Ծաղիկները՝ անմեղ, մաքուր ծաղիկները ուրախութիւն են սրտին, երանութի՜ւն հոգիներուն, կարծես Աստուծոյ մէկ ժպիտը՝ երկրի երեսը հայելիացած։
Եւ այսպէս, առաւօտ կանուխ, երբ կը դիտեմ Սուրբ Սեղանի վրայ զետեղուած թարմ ու մաքուր ծաղիկները, կը խորհիմ, թէ քիչ յետոյ Սուրբ Խորան բարձրացողներ ո՜րքան պիտի կարենային նմանիլ այդ անձայն ծաղիկներուն, երբ պոռային, բարձրաձայն գոչէին ո՛չ թէ աղօթելու եւ Աստուծոյ պաշտամունք կատարելու, Աստուած փառաբանելու, Աստուած գովաբանելու համար, այլ կարծես յայտարարելու համար, թէ իրենք պէտք է որ փառաբանուին։
Եթէ կ՚ուզէք տեսնել զանոնք, սիրելի՜ բարեկամներ, անգամ մը կը բաւէ գալ եկեղեցի եւ ուշադրութեամբ դիտել իրադարձութիւնները։ Պիտի տեսնէք, սիրելինե՜ր, որ երբ անոնք արտառոց ձայնով մը կը բացագանչեն. «Աստուծոյ երկրպագեսցուք», կարծես ըսել կ՚ուզեն. «Ես հոս եմ, ինծի միայն երկրպագութիւն ըրէք…»։ Եւ ասոնք կը կարծեն ծառայել Աստուծոյ։ Մինչդեռ սրբութիւնները իրենց շահուն ծառայեցնել է իրենց բո՛ւն նպատակը. ո՛ւր որ փառք ու պատիւ կայ, հո՛ն են անոնք եւ ո՛չ թէ հոն՝ ո՛ւր իրապէս Աստուած կը փառաբանուի։
Մեծամիտ, յաւակնոտ, ինքնհաւան ծառաներ են անոնք, որ միայն իրենց շահուն գերիներն են։
Անոնք երբեք չեն վարանիր, կրօնքը, սրբութիւնները, եկեղեցին եւ նոյնիսկ Աստ-ւած շահագործել՝ իրենց անձնական փառքին եւ երբեմն ալ նիւթական ակնկալութիւններուն համար։ Անոնք պատահաբար իրենց տրուած աստիճանները, պաշտօնները եւ դիրքը կը շահագործեն, պարզապէս իրենց եղածէն աւելի բարձր ցոյց տալու համար իրենք զիրենք։ Հաւատացեալ կ՚երեւին բայց կատարեալ անհաւատներ են անոնք, գիտուն կ՚երեւին բայց խեղճ տգէտներ են անոնք, գիտակից կ՚երեւին բայց անգիտակիցներ են անոնք, բարի կ՚երեւին բայց վնասակար չարեր են անոնք, հաստատամիտ կ՚երեւին բայց մեղկ, կամազուրկներ են անոնք, վճռական կ՚երեւին բայց յարափոփոխ նկարագիր ունին անոնք, նկարագրով իբր թէ զօրաւոր կ՚երեւին բայց իրականին գաղջ բնաւորութիւն ունին՝ ինչ նկարագրի տէր ըլլալը կարելի չէ հասկնալ, որուն նաւը տեղաւորուին անոր երգը կը կանչեն, կը բամբասեն, խօսք կը տանին ու կը բերեն, միշտ իրենք իրաւունքի տէր եւ արդար են, ուրիշները՝ անիրաւ…։
Եւ այսպէս, այս «առանձնաշնորհեա՜լ»ները, իրենց նկարագրին ու հաւատալիքներուն անհամապատասխան՝ կը բարձրանան Սուրբ Խորան՝ ուր շա՜տ արժանաւորներ չեն կրնար բարձրանալ, եւ այնտեղ մեծաձայն իրենց փառքը կ՚երգեն, այն Սուրբ Սեղանին առջեւ՝ ուր խոնարհ, համեստ, անմեղ, մաքուր եւ թարմ ծաղիկը անկեղծութեամբ կը զարդարէ Սուրբ Խաչը եւ մանուկներու անմեղութեամբ, ժպտադէմ, անձայն, անշշուկ, անաղմուկ, լուռ կ՚երգէ եւ կը փառաբանէ զԱստուած։
Սիրելի՜ներ, ո՞վ աւելի կը պատշաճի Սուրբ Սեղանին՝ անարժան մէ՞կը, թէ՝ պարզ ծաղիկը, գոռոզ մա՞րդը, թէ համեստ ծաղիկը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 18, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024